ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այս շրջանին պիտի ապաւինիք ձեր գործընկերներու աջակցութեան, բայց նկատի պէտք է ունենաք, որ ամենաբարդ գործերը ձեզի բաժին ինկած են, եւ դուք պարտաւոր էք զանոնք մինակ կատարել:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Այսօր ձեր օրը բարեյաջող պիտի ընթանայ: Ձեր մրցակիցները հեշտութեամբ պարտութեան պիտի մատնէք եւ դժուար պայքարէ մը յաղթական դուրս պիտի գաք: Մանր խնդիրներու մէջ զիջումներ կատարելը չի վնասեր ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Որքան ալ ձեր կարծիքը եւ ձեր մտահոգութիւնները չյայտնէք, միեւնոյնն է, իրավիճակը պիտի շարունակէ լարուած մնալ որոշ ժամանակ: Պէտք է ձեզի հասած բոլոր տեղեկատուութեան աղբիւրները ստուգէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այս շրջանին սխալներով լեցուն պիտի ըլլան ձեր գործերը, որովհետեւ ձեր խելամիտ ընկերներուն խորհուրդներուն հետեւած պիտի չըլլաք: Ձեր ներքին ձայնին հետեւեցէք եւ ձեր խիղճը մաքուր ու խաղաղ պահեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Շահաբեր պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք եւ զայն շուտով պիտի իրականացնէք: Նոր ինքնաշարժ մը պիտի գնէք եւ կամ նոր տուն պիտի տեղափոխուիք: Աշխատանքային մրցակցութեան մէջ յաղթող կողմ պիտի ըլլաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Նախքան կարեւոր որոշումներ տալը` պէտք է խորհրդակցիք ձեր մտերիմներուն հետ, որովհետեւ անոնց փորձառութիւնը կրնայ օգտակար դառնալ ձեզի` խուսափելու համար շատ մը խնդիրներէ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մեծ հոգատարութեամբ պիտի շրջապատէք բոլոր անոնք, որոնց հանդէպ ունիք սէր եւ համակրանք: Առանց ծրագրելու եւ նախապատրաստուելու` ճամբորդութիւն մի՛ կատարէք, որովհետեւ տհաճ երեւոյթներու կրնաք հանդիպիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Այս օրերուն դուք ձեռք պիտի բերէք հակառակորդներ` ձեր կատարած քննադատութիւններուն եւ հասցուցած վիրաւորանքներուն պատճառով: Նիւթական հարցերու վերաբերեալ որոշումներ մի՛ կայացնէք յառաջիկայ օրերուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ինքազարգացման համար նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծուին: Ձեր սիրեցեալին հաճելի անակնկալ մատուցեցէք: Ձեր ջանքները պիտի գնահատուին, եւ նիւթական պարգեւ մը պիտի ստանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ընկերութեան մէջ անհասկցողութեան մը պատճառով խառնաշփոթ վիճակ պիտի ստեղծուի: Պիտի աշխատիք միջնորդութիւններով վերահսկել ստեղծուած վիճակը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Տնային գործերը ձեր ժամանակը պիտի խլեն եւ որոշ չափով ձեզ ջղային պիտի դարձնեն: Չնախատեսուած գնումներէ խուսափեցէք եւ ձեր դրամը խնայեցէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մասնագիտական ձեր ասպարէզին մէջ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնաք: Ձեր փափաքները պիտի իրականան յառաջիկայ օրերուն: Նոր ծանօթներու վրայ լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէք: