ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ ձեր շրջապատի մարդոց հետ ձեր յարաբերութիւնները պարզել եւ հասկնալ, թէ իրականութեան մէջ որո՛նք կրնան արժանանալ ձեր անվերապահ վստահութեան:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր երազած արդիւնքին հասնելու համար պէտք է յամառ ըլլաք ու վճռական: Սիրավէպի մը հերոսը պիտի ըլլաք: Յարմար ժամանակ է` միութենական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու եւ ուշադրութեան կեդրոն դառնալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այսօր պիտի չկարենաք լաւ տրամադրութիւն պահպանել, որովհետեւ օրուան ընթացքին շատ խնդիրներ պիտի ծագին: Աշխատեցէք ամէն ձեւով խուսափիլ ընկերային վիճաբանութիւններէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Յարմար չէ, որ նոր պայմանագիր ստորագրէք մանաւանդ այն մարդոց հետ, որոնք ձեզ մէկ անգամ մոլորեցուցած են: Ձեզի այնպէս կը թուի, որ եթէ ձեր աշխատանքը մէկ կողմ դնէք, ձեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ, ինչ որ ճիշդ չէ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Թէեւ հարցեր պիտի ծագին օրուան ընթացքին, բայց դուք պիտի յաջողիք ձեր լաւատեսութիւնը պահել ու ամէն կերպ պիտի աշխատիք ձեր հարցերը լուծել: Ձեր շրջապատին համար ձեր կարծիքը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ այս օրերուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր առօրեային մէջ որոշ փոփոխութիւններ պիտի մտցնէք: Անոնք, որոնք կը փափաքին մտերմանալ ձեզի հետ, փորձեցէք հասկնալ անոնց նպատակը, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաք անոնց հետ լեզու գտնել:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Այս օրերուն ձեր ձեռնարկած բոլոր գործերը յաջող ընթացք եւ աւարտ պիտի ունենան: Եթէ կը փափաքիք մասնագիտական յաջողութեան հասնիլ, պէտք է դիմէք ազդեցիկ ու մասնագէտ մարդոց օգնութեան: Նիւթական շահ մը պիտի ստանաք` աննշան, բայց` ճիշդ ժամանակին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Օրուան երկրորդ կիսուն պէտք է ձեր ժամանակը տրամադրէք ձեր ընտանիքի անդամներուն` անոնց հետ կազմակերպելով հանգիստի եւ զբօսնելու ուրախ պահեր: Գոհունակ եւ խաղաղ կեանքի հաճոյքը անգին է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ծանր աշխատանքէ ետք պէտք է հանգիստի ժամանակ տրամադրել: Այսօր հաճելի լուրեր եւ կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի ստանաք: Ձեր գործի ասպարէզին մէջ նոր դաշնակիցներ ձեռք պիտի բերէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Այս օրերուն մտերիմ ընկերներ խորհուրդ պիտի տան ձեզի, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ եւ լուծել ձեր հարցերը: Աշխատանքային ճամբորդութեան մը ընթացքին մեծ փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դժուար օր մը պիտի ունենաք, սակայն հնարաւորութիւն պիտի ունենաք յաջողութիւն մը արձանագրելու: Շատ կարեւոր է ընկերներու եւ մտերիմներու ճիշդ ընտրութիւն կատարելը: Մի՛ գնահատէք այն մարդիկը, որոնք արժանի չեն գնահատանքի:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հրաշալի օր մը պիտի ապրիք` ծանօթանալով ձեզի բոլորովին օտար մշակոյթի մը: Մեծ հռչակ վայելող ընկերութեան մը կողմէ աշխատանքի առաջարկ պիտի ստանաք: