Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան-Ուաշինկթըն Փոխադարձ Սպառնալիքներ, Գերլարուած Ու Սպասողական Մթնոլորտ. Միլիոնաւոր Իրանցիներ Մասնակցեցան Սիւլէյմանիի Յուղարկաւորութեան

Յունուար 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միլիոնաւոր իրանցիներ երէկ Իրանի Ահուազ շրջանին մէջ դիմաւորեցին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ անոր զինակիցներուն` Իրաքի Նաժաֆ շիիական սրբազան շրջանէն հասած դիակները, որոնք փոխադրուեցան նաեւ Մաշհատ, Թեհրան, Քոմ եւ ի վերջոյ Քարման քաղաք, ուր  տեղի ունեցաւ անոնց յուղարկաւորութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Իրան Սիւլէյմանիի սպանութեան հակադարձելու համար ամերիկեան թիրախներու ճշդման մասին մեծ յանդգնութեամբ կը խօսի: Կը զգուշացնենք, թէ ճշդած ենք իրանեան 52 թիրախներ (տարիներ առաջ Իրանի կողմէ պատանդ բռնուած 52 ամերիկացիները խորհրդանշող), որոնք ամերիկեան բանակը պիտի հարուածէ, եթէ Իրան որեւէ ամերիկացիի կամ ամերիկեան կեդրոններու դէմ յարձակում գործէ: Անոնցմէ ոմանք բարձր մակարդակի են եւ կարեւոր են Իրանի եւ իրանեան մշակոյթին համար, եւ այդ թիրախներն ու ինքնին իրանը շատ արագ ու շատ ուժեղ կերպով պիտի հարուածուին: Միացեալ Նահանգներ այլեւս սպառնալիքներ չեն ուզեր»:

Թրամփ կը հակադարձէր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարներէն մէկուն, որ մէկ օր առաջ նշած էր. «Շրջանին մէջ 35 ամերիկեան կենսական դիրքեր, ինչպէս նաեւ Թել Աւիւը Իրանի համար հասանելի են»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Թեհրանի մէջ ամերիկեան շահերը ներկայացնող Զուիցերիոյ դեսպանը` բողոքելու համար Թրամփի յայտարարութիւններուն դէմ:

Իրանեան բանակի հրամանատարը Թրամփին հակադարձելով ըսաւ.«Ի վերջոյ պիտի տեսնենք, թէ որու 52 դիրքերը պիտի հարուածուին: Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ հակամարտելու բաւարար քաջութիւնը չունին»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Իրան պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն պատրաստ է բոլոր հաւանականութիւններուն»:

«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններն ու Փենթակոնը համոզուած են, որ Իրան պիտի հակադարձէ Սիւլէյմանիի սպանութեան, եւ կը սերտեն, թէ ատիկա ո՛ւր եւ ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ:

Մինչ այդ, իրանեան աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնեց, որ Թեհրան Իրան հասած օմանեան պատուիրակի մը յայտնած է, թէ որեւէ միջնորդութեամբ հետաքրքրուած չէ, ուստի օմանցի պատուիրակը իր երկիր վերադարձած է առանց որեւէ հանդիպում ունենալու: Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը երէկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆը Պրիւքսել հրաւիրեց:

Օման աւելի ուշ Թեհրանին եւ Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց երկխօսութեան ձգտելու եւ իրենց տարակարծութիւններուն լուծման համար դիւանագիտական միջոցներ փնտռելու:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, անդրադառնալով Թրամփի թուիթըրեան գրառումին, ըսաւ, որ վերջինս «ինքնագլուխ կերպով գրառումներու փոթորիկ կը բարձրացնէ, ինչ որ վտանգաւոր է, անպատասխանատու եւ անհաւատալի: Նախագահը իրաւունք չունի Ամերիկան պատերազմի տանելու առանց ժողովուրդի հաւանութեան»:

Դեմոկրատական ծերակուտական Քրիս Մըրֆի իր կարգին նշեց. «Քաղաքայիններուն ու մշակութային վայրերուն դէմ յարձակում գործելը ահաբեկչական արարք է: Թրամփ կ՛անճրկի իր ընտրած պատերազմին մէջ, որ պատճառ պիտի դառնայ հազարաւոր ամերիկացիներու սպանութեան: Քոնկրեսը պէտք է զինք զսպէ»:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի յայտնեց. «Սպիտակ տան կողմէ Քոնկրեսին իրազեկումը (շաբաթ երեկոյեան փոխանցուած, «Ա.») Իրանի դէմ թշնամական արարքներու գործադրման որոշումի թայմինկին ու դրդապատճառին շուրջ լուրջ ու անմիջական հարցականներ կը ստեղծէ: Այս մարտական արարքին դիմուեցաւ առանց Իրանի դէմ զինուորական ուժի կիրարկման արտօնութիւն ստանալու, առանց Քոնկրեսին հետ խորհրդակցելու եւ առանց յստակ ու օրինական ռազմավարութիւն մը պատրաստելու»:

«Թրամփի վարչակարգի զինուորական սադրիչ ու մագլցողական քայլերը ամերիկացի զինուորներու, դիւանագէտներու, քաղաքացիներու ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցներու կեանքերը կը վտանգեն», նշեց Փելոսի:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինքի Ռափ յայտնեց, թէ Սիւլէյմանին սպաննելու ամերիկեան քայլը օրինական է եւ ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ է:

Իրանի խորհրդարանը երէկ գումարեց «Մահ Ամերիկային» նշանաբանով արտակարգ ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց. «Զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի նահատակութիւնը շրջանին մէջ ամերիկեան ներկայութեան աւարտին սկիզբն է»:

Խորհրդարանը Սիւլէյմանիի ահաբեկումը նկատեց «ահաբեկչական երկչոտ արարք մը», որ կ՛ոտնահարէ Իրաքի գերիշխանութիւնը եւ միջազգային ընտանիքին ու իրաքեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` Ամերիկայի արարքին շուրջ դատական հետաքննութիւն կատարելու:

Իրանի խորհրդարանը նաեւ նշեց. «Ամերիկեան այս ոճիրին պէտք է վճռակամութեամբ, խիստ, ուժեղ, կարող եւ իմաստուն կերպով պատասխանել»:

Նշենք, որ Քենիոյ մէջ Շապապ շարժումի զինեալները երէկ յարձակում գործեցին քենիական-ամերիկեան ռազմակայանի մը դէմ:

Ռուհանի Էրտողանին Կոչ Ուղղած Է Միաւորուիլ Միացեալ Նահանգներու Դէմ

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու դէմ արտայայտուելու, որպէսզի կանխարգիլուին Ուաշինկթընի «աւելի յանդուգն» գործողութիւնները: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

Ան շրջանային պետութիւններուն կոչ ուղղած է միաւորուելու Ուաշինկթընի սպառնալիքներուն դէմ: «Եթէ մենք լռենք, Միացեալ Նահանգներ աւելի համարձակ ու յարձակողական պիտի դառնան», ընդգծած է Ռուհանի` աւելցնելով, որ լռութիւնը պիտի վտանգէ ամբողջ շրջանը:

Ռուհանի նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ խախտած են Իրաքի գերիշխանութիւնը եւ ահաբեկչական գործողութիւն կատարած Իրաքի մէջ, ինչ որ կը հակասէ այդ երկրին անկախութեան:

«Միացեալ Նահանգներ նաեւ կազմակերպուած ահաբեկչական գործողութիւն կատարած են այլ կառավարութեան մը դէմ եւ սպաննած մեր մեծ ու ժողովրդականութիւն վայելող զինուորական հրամանատարը, եւ եթէ մենք լռենք, մեծ սպառնալիքի առջեւ պիտի կանգնինք», աւելցուցած է Իրանի նախագահը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1970)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԲ.

RelatedPosts

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին  Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ
Միջազգային

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ

Մայիս 12, 2025
Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին  Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները`  Առանց Որեւէ Նախապայմանի»
Գլխաւոր լուրեր

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Մայիս 12, 2025
Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?