«Նոր Յառաջ»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ
Յովսէփ Տէր Գէորգեանի Հետ
Ներածական-նախատօնական շրջանին Հայաստանի քաղաքական անցուդարձերը մնացին շատ աշխուժ: ՀՅԴ երիտասարդականի կողմէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին հրաժարականի պահանջը եւ անոր հետեւող դէպքերը, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան անդամներու արտաքսումը տեղի ունեցան նոյն օրերուն, երբ ՀՅԴ ծրագրած էր երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր անկիւններէն Երեւան փութացած մասնաճիւղերու պատասխանատուներ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երիտասարդական-ուսանողականի բաժանմունքի պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեանի հետ ստորեւ հրապարակուած հարցազրոյցը կը քննարկէ խորհրդաժողովին հրապարակած հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը եւ անոր առնչուած ՀՅԴ ընդհանուր ռազմավարութիւնը:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Դեկտեմբեր 5-7 կազմակերպուած էր ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 27 միութիւններու համահայկական խորհրդաժողովը: Երկա՞ր ժամանակ է, որ նախատեսուած էր այս խորհրդաժողովը: Քանի՞ տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենայ:
ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ընդհանրապէս 2 կամ 3 տարին անգամ մը կը կազմակերպուի նման խորհրդաժողով մը: Իսկ այս վերջինը ծրագրուած էր քանի մը ամիսներ առաջ` նպատակ ունենալով նոր Բիւրոյի ընտրութենէն ետք պատրաստուած ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու հայեցակարգը, ռազմավարական նպատակները եւ ընդհանրապէս մշակուած ծրագիրները ներկայացնել դաշնակցական ուսանողական ու երիտասարդական միութիւններուն, որոնք եկած էին 20-է աւելի երկիրներէ` աշխարհի չորս ցամաքամասերէն` Աւստրալիա, Միջին Արեւելք, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Եւրոպա… Այդ ժողովին քննարկուեցան հայ երիտասարդները յուզող հարցերը, իսկ վերջիններս ալ ներկայացուցին իրենց առաջարկները: Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ տարի (2020-ին) Սեւրի դաշնագրին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի Իրաւարարական վճռին 100-ամեակն է, բնականաբար ժողովը անդրադարձաւ նաեւ այդ հարցին, եւ զայն պատշաճօրէն նշելու առնչութեամբ գաղափարներ փոխանակուեցան:
«Ն. Յ.».- Սոյն խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ ի յայտ եկող բազմաթիւ զարգացումներով եւ մարտահրաւէրներով: ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները յանձնառու են հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող հայրենի պետականութեան կերտման գործին»: Զարմանալի չէ՞ք գտներ, որ Հայաստանի անկախութենէն 30 տարի անց տակաւին կը խօսուի պետականութեան կերտման գործին մասին: Թուական մը կա՞յ պետականութեան կառուցման աւարտին համար: Ի՞նչ կը հասկցուի պետականութեան կառուցում ըսելով: Արդէն երեք անգամ սահմանադրութիւն փոխուեցաւ…
Յ. Տ. Գ.- Եթէ պետականաշինութիւնը դիտենք հայոց պատմութեան ծաւալով, տակաւին երիտասարդ պետութիւն ենք, եւ պետականաշինութիւնը պէտք է շարունակուի, որուն մէջ երիտասարդութիւնը իր դերակատարութիւնը ունի: Մեր երիտասարդ պետութիւնը տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք, որպէսզի պետութիւն մը յատկանշող քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, ընկերային, ռազմական ոլորտներուն մէջ ամրապնդուի: Եւ դաշնակցական երիտասարդութիւնը այդ առումով տարուող աշխատանքներուն մէջ իր դերակատարութիւնը ունի: Հայաստանի երիտասարդները արդէն ներդրում ունին, իսկ սփիւռքի պարագային պէտք է մտածել թէ ինչպէ՞ս ընել, որ հոս ալ երիտասարդը իր գործնական ներդրումը ունենայ պետականութեան հզօրացման գործին մէջ:
«Ն. Յ.».- Հաղորդագրութեան մէջ յատկապէս կան ՀԶՕՐ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ, ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ նշումները: Առնենք «ընկերվարական», «ազգային արժէքներ» եզրերը, հետեւեալ հարցումները կը յառաջանան.-
Ա.- ՀՅԴ-ն ընկերվարակա՞ն կուսակցութիւն է: Ի՞նչ բան կ՛ապացուցէ, որ ան ընկերվարական կուսակցութիւն է:
Բ.- ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ.- Ընդհանրապէս ընկերվարական տեսութիւնը կը խօսի մարդկային արժէքներու մասին, սակայն երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց հաղորդագրութեան մէջ կը խօսին ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ մասին: Հակասութիւն կա՞յ այս երկու ըմբռնումներուն միջեւ, թէ՞ ոչ:
Այս ծիրէն ներս ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները շեշտը պիտի դնե՞ն ընկերվարական բնոյթի ծրագրերուն, ընկերային արդարութեան, բնապահպանական եւ այլ ընկերա-տնտեսական բնոյթի հարցերու վրայ:
Յ. Տ. Գ.- ՀՅ Դաշնակցութիւնը գաղափարախօսութեամբ ընկերվարական կուսակցութիւն է եւ մաս կը կազմէ Ընկերվար միջազգայնականին: Ան իր ներկայացուցած տարբեր փլաթֆորմներուն մէջ ընկերվարութեան ջատագովը կը հանդիսանայ` իր ծրագրերով:
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդական միութիւններու աշխատանքին, ապա ինչպէս հաղորդագրութեան մէջ ալ ըսուած է, յատուկ շեշտ կը դրուի ընկերվարական եւ ընկերային արդարութեան, ժողովուրդի տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ: Այս ուղղութեամբ, վերջին օրինակը ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) «Ահազանգ» շարժումն էր` ՀՅԴ-ի համար անընդունելի եկամտահարկի ծրագրին դէմ: Ձեր հարցումի երկրորդ բաժնին անդրադառնալով` ըսեմ, որ պէտք չէ իրարու հակադրել ազգային արժէքները եւ ընկերվարութիւնը: Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ուժը այն է, որ ելլելով մեր ազգին իրավիճակէն` կրցած է համադրել զանազան մօտեցումներ ու գործել քաղաքակրթական եւ քաղաքական տարբեր պայմաններու մէջ: ՀՅԴ-ն գիտակից է, որ այսօր Հայաստանի մէջ որպէս քաղաքական կուսակցութիւն ինք մեծ աշխատանք ունի տանելիք` ընկերային արդարութեան հաստատման, ընկերվարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան եւ զարգացման գծով: Այսօր վստահ չենք, որ ազգային արժէքները ամրապնդուած են մեր պետութեան մէջ: Ընկերվարութեան մասին չեմ ուզեր խօսիլ, քանի որ Հայաստանի մէջ շատ հեռու ենք անկէ: Երկրին մէջ տարիներու ընթացքին քաղաքական ուղղութիւնը ազատական (լիպերալ) էր: Ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան, ապա պէտք է իրապէս կառչած մնանք անոր, զայն բարելաւենք եւ արթուն պահակ հանդիսանանք, որպէսզի ոչ միայն չթուլնայ ան, այլեւ յատկապէս ամրապնդուի եւ շարունակաբար զարգանայ: Բնապահպանութեան թեման նաեւ մեր ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի, որովհետեւ ան ուղղակիօրէն կապուած է մեր երկրի կայուն զարգացման հարցին: Այս առումով, մեր թուլութիւնը մեզ խոցելի կը դարձնէ:
«Ն. Յ.».- Քիչ առաջ ազատական քաղաքականութեան մասին խօսեցաք: ՀՅԴ ազատական քաղաքականութիւն վարող Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հետ կառավարութիւն կազմեց, երկիր կառավարեց: Հոն ո՞ւր էր ընկերվարական դիրքորոշումը:
Յ. Տ. Գ.- Դաշնակցութեան համար ազգային իտէալները եւ ազգային նշանակութեամբ անվտանգութեան հարցերը, Արցախի հիմնահարցը եւ ընդհանրապէս համահայկական զանազան խնդիրները էական իմաստ ունին. այդ համագործակցութիւնը պէտք է հիմնականօրէն դիտել այդ շրջագիծէն ներս: Կառավարութիւններուն մաս կազմելով, իր ունեցած ազդեցութեան սահմաններուն մէջ, նկատի ունենալով ՀՅԴ-ն փոքրամասնութիւն ըլլալու հանգամանքը, միշտ ալ փորձած է իր ընկերվարական ծրագիրը յառաջ մղել: Օրինակ` այն ատեն, երբ ղեկավարած ենք տնտեսութեան նախարարութիւնը, երբեմն համաձայն չենք եղած վարուող քաղաքականութեան հետ եւ առաջարկած ենք այլընտրանքներ:
«Ն. Յ».- Իսկ Ֆրանսայի մէջ ընկերվարական նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ` «ամուսնութիւն բոլորին համար» (mariage pour tous) օրէնքը վաւերացուց, որ ընկերային մեծ տագնապ ստեղծեց, քանի որ կ՛օրինականացնէր միասեռականներու ամուսնութիւնը…, եւ ծանօթ է, որ ՀՅԴ-ն նախագահ Հոլանտին հետ կը գործակցէր: Ան միշտ ալ զօրակցած է Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս պարագան:
Յ. Տ. Գ.- Ընկերվարական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը բնական երեւոյթ է: Աւելի՛ն. Դաշնակցութեան առաջնահերթ նպատակը Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ դատի պաշտպանութիւնն է եւ ատոր համար ալ ամէնուրեք կը գործակցի ա՛յն ոչ ծայրայեղ ուժերուն հետ, որոնք զօրավիգ են մեր Դատին:
«Ն. Յ.».- Չէ՞ք կարծեր, որ ընկերվարական արժէքները ընդհանրապէս հարուստ պետութիւններու վարած քաղաքականութեան մէջ կը յարգուին: Օրինակ, Հայաստանի պարագային, երբ ժողովուրդին 30-40 տոկոսը գործազուրկ է եւ դրամագլուխը սակաւապետական մարդոց ձեռքն է, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ընկերվարութեան մասին: Խնդիրը այն է, որ նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ այսօր ընկերվարութիւնը արդէն իր տեղը զիջած է միջազգայնացած կամ համաշխարհայնացած ընկերութեան արժէքներուն: Ատոր համար ժողովրդական հող ալ չկայ: Ի վերջոյ ընկերվարութիւնը ընդհանրապէս կը հիմնուի գործաւոր դասակարգին ազատագրութեան վրայ: Այսօր չկայ նման միջավայր…
Յ. Տ. Գ.- Ճիշդ այդ պատճառով ալ այսօրուան ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կ՛ուզէ կազմաքանդել տարիներու ընթացքին անարդար ձեւով հարստութեան բաժանումը եւ առհասարակ` սակաւապետական համակարգը: Այսօր Հայաստանի միջին խաւը կորստեան եզրին է, եւ ընկերութիւնը բաժնուած է ընչազուրկ եւ սակաւաթիւ խոշոր մեծահարուստներու միջեւ: Աւելի հեռուն երթալով` պէտք է ըսել, որ Հայաստանի մակարդակին ընկերվարական քաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէ պետութեան առողջ դերակատարութիւնը տնտեսութենէն ներս, եւ մասնաւոր հատուածին պէտք չէ յանձնուի երկրին գերակշիռ հարստութիւնը: Ըսել կ՛ուզեմ, որ այսօր Հայաստանի մէջ բաւական մեծ դաշտ կայ ընկերվարական գաղափարները իրագործելու համար: Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան սեփականատիրոջ անհամեմատ բարձր շահեր եւ առհասարակ աշխատողներու ցածր աշխատավարձ: Հետեւաբար արդէն իսկ այդ հարթակին վրայ կը տիրէ անարդարութիւնը: Իսկ այդ անարդարութիւնը վերացնելը ինքնին ընկերվարութեան գաղափարաբանութեան հիմքը կը կազմէ: Եւրոպայի համար կարելի է ըսել, որ ազատական դրամատիրութեան պատճառով կը բազմանայ աղքատ դասակարգը, ընկերվարական կուսակցութիւնները մեծ աշխատանք ունին տանելիք այս ուղղութեամբ: Անոնք պէտք է վերադառնան իրենց արմատներուն, հարթեն ներքին հակասութիւնները, առաջարկեն այժմէական լուծումներ` ներկայի տնտեսական, ընկերային, կենսոլորտային մարտահրաւէրներուն եւ վերանորոգեն իրենց պատգամը: Այսօր կրնանք Գերմանիոյ օրինակը բերել, ուր այս ծիրէն ներս զարգացումներ ալ տեղի կ՛ունենան:
«Ն. Յ.».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին համար ալ ընկերային արդարութեան, բնապահպանութեան, տնտեսական զարգացման հարցերը առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն: Ըսել է, թէ տեղ մը նոյն լեզուով կը խօսիք: Ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը գնահատէք նոր իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութիւնը: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ՀՅԴ-ն կրցաւ լեզու գտնել Սերժ Սարգսեանի ՀՀԿ-ին հետ: Սակայն լեզու չկրցաւ գտնել Փաշինեանի ՔՊ-ին հետ:
Յ. Տ. Գ.- Սկսիմ երկրորդ հարցումէն. Դաշնակցութիւնը միայն չգործակցեցաւ Սերժ Սարգսեանի ՀՀԿ-ին հետ, այլ երկար տարիներ հանդիսացաւ ընդդիմադիր նաեւ անոր իշխանութեան: Նկատի ունենալով երկրի արտաքին եւ ներքին պայմանները` Դաշնակցութիւնը կը հաւատար, որ կարելի է քայլ առ քայլ համակարգային փոփոխութիւններու ճամբով, կառավարութեան մաս կազմելով ներսէն փոխել երկրին իրավիճակը: Բնականաբար այդ համագործակցութիւնը տուաւ որոշ արդիւնքներ, նաեւ արձանագրուեցան բացթողումներ: Նոյն համոզումով նաեւ ՀՅԴ-ն սկսաւ համագործակցիլ Փաշինեանի հետ եւ մաս կազմեց առաջին կառավարութեան: Սակայն իշխանութեան գործունէութեան ոճը, դրուած պայմանները, յստակ տեսլականի պակասը, գաղափարական տարբերութիւնները ու քաղաքական հակասութիւնները, հակառակ ՀՅԴ-ի սկզբնական փափաքին, թոյլ չտուին, որ այդ համագործակցութիւնը գոյատեւէ: ՀՅԴ 33-րդ ընդհանուր ժողովէն ետք վարչապետ Փաշինեանի եւ ՀՅԴ ղեկավարութեան միջեւ հանդիպումը առիթ էր առողջ երկխօսութիւն մը հաստատելու, բայց դժբախտաբար իշխանութիւնները չշարունակեցին այդ ընթացքը:
Այս իրողութիւնը պէտք չէ դիտել որպէս ողբերգութիւն. ամուր իսկական ընդդիմութիւնը նաեւ անհրաժեշտ է ժողովրդավար երկրի մը համար. այսօր կարելի է հաստատել, որ ՀՅԴ ստանձնած է այդ դերը: Իշխանութիւնները պէտք է հաւատարիմ մնան իրենց յայտարարած սկզբունքներուն, ընդունին ընդդիմութեան առկայութիւնը եւ իւրաքանչիւր քննադատութեան չպատասխանեն սեւի եւ սպիտակի բաժանարար մօտեցումով:
Ինչ կը վերաբերի ձեր հարցումի այն բաժնին, թէ տեղ մը նոյն լեզուով կը խօսինք, ապա կ՛ուզեմ ըսել, որ կողմերը կրնան նոյն հարցերով մտահոգուիլ, բայց անոնց լուծման գծով տարբեր տեսակէտներ ունենալ: Այսօր մեր եւ իշխանութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական հարցերը կը վերաբերին` հասարակութիւնը սեւերու եւ սպիտակներու բաժանումին, ատելութեան խօսքի օգտագործման, համակարգային փոփոխութիւններու դանդաղ ընթացքին, քատրային քաղաքականութեան, դատական համակարգի բարեփոխումներու գծով որդեգրուած մօտեցումներուն, ընտրովի արդարադատութեան, փոփիւլիզմի օգտագործման, ինչպէս նաեւ իշխանութեան կեդրոնացման յստակ միտումներուն, երբ սիւփըր վարչապետական համակարգը ոչ թէ կը մեղմացուի, այլ կ՛ամրապնդուի:
Մտահոգութիւններ ունինք արցախեան հիմնահարցին գծով ոչ հետեւողական, անորոշութեան եւ հակասական յայտարարութիւններու վերաբերեալ: Կը մերժենք նաեւ իշխանութեան մէջ գտնուող որոշ շրջանակներու կողմէ ազգային արժէքները թերագնահատելու կամ արհամարհելու փորձերը: Ահաւասիկ` իշխանութեան նկատմամբ ՀՅԴ-ն անհամաձայնութեան կամ ընդդիմութեան գլխաւոր պատճառները:
«Ն. Յ.».- Լարուած են ՀՅԴ-իշխանութիւն յարաբերութիւնները: Ըստ ձեզի, այսօր Հայաստանի մէջ հակադաշնակցական մթնոլորտ կա՞յ: Հետապնդո՞ւմ կայ: Նո՞ր երեւոյթ է: Որքա՞նը խորհրդային ժառանգութիւն է, որքա՞նը` լեւոնտէրպետրոսեանական, որքա՞նը յեղափոխական` նոր Հայաստանի:
Յ. Տ. Գ.- Ես հետեւեալ ձեւով պիտի պատասխանեմ. երբ որ իշխանութեան տարբեր օղակներու կողմէն կը փորձուի Դաշնակցութիւնը բաժնել ներսի, դուրսի դաշնակցականներու, երբ ՀՅԴ-ն որպէս քաղաքական ուժ կը նսեմացուի` ամէնէն բարձր ամպիոններէն, խօսքս զերօ քաղաքական ուժ որակումի մասին է, երբ ամբողջ իշխանամէտ մամուլը կը հարուածէ Դաշնակցութիւնը` զայն անուանելով ահաբեկչական եւ հակապետական ուժ, սա պահուս, եթէ այս բոլորը հակադաշնակցական պայքար չէ, հապա ի՞նչ է: Դժբախտաբար նման դրսեւորումներ եղած են խորհրդային շրջանին, եղած են 1990-ական թուականներուն, եւ այսօր ալ կարծէք թէ նոյնը կը շարունակուի:
Անշուշտ թէ Խորհրդային Միութեան տարիներ տեւած հակադաշնակցական քարոզչութիւնը իր հետքը ձգած է: Այսօրուան կացութիւնը ենթադրել կու տայ, որ հայ իրականութեան մէջ, ինչպէս` Լ. Տէր Պետրոսեանի օրերուն, հակադիր երկու գաղափարախօսութիւններ կան, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնէ Դաշնակցութիւնը եւ միւսը` Դաշնակցութեան դէմ բուռն պայքար մղող ուժերը: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այսօր Դաշնակցութիւնը ներհայկական իմաստով ո՛չ մէկ թշնամի ունի: ՀՅԴ թշնամիները Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուին: Իսկ ներկայիս Դաշնակցութիւնը նսեմացնողները, տկարացնել ուզողները կամ անոր ուժը ջլատել ուզողները պէտք է այդ գիտակցութիւնը ունենան, որ այս համահայկական ուժը հարուածելը նաեւ համահայկական առումով չափազանց վնասակար է: Պատմութիւնը վկայ է, որ ամէն անգամ, երբ ՀՅԴ-ը հարուած ստացած է, կրցած է դիմակայել` շնորհիւ իր ներուժին եւ զօրաւոր հիմքին: Այսօր պէտք է քաղաքական խօսքի մակարդակը բարձրանայ, եւ այլեւս վերջ տրուի գործածուող ոճին, ոչ պատշաճ բառամթերքի օգտագործումին, եւ բոլորս գիտակցինք, որ մեր այսօրուան ազգային պայմանները մեզի թոյլ չեն տար նման մակարդակի ցեխարձակումներ:
(Շար. 1)