ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դուք ձեզ մեծ պատասխանատուութեան մը դէմ յանդիման պիտի գտնէք: Ձեր ծնողներէն մէկուն առողջական հարցով պիտի մտահոգուիք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր դրամատնային հաշիւները պէտք է վերատեսութեան ենթարկէք: Խնայողութիւն կատարեցէք, որպէսզի նիւթական դժուարութիւն չունենաք: Հանդարտ ու խաղաղ շրջան մը պիտի ապրիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հանդարտ եղէք ու մի՛ զայրանաք ամէն մանր հարցի համար: Ձեր մրցակիցներէն հեռու մնացէք այս շրջանին: Անոնք կրնան խանգարել ձեր գործը: Պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ամէնէն արագ միջոցին պէտք է աւարտէք ձեր կիսատ մնացած գործերը: Յաղթանակ մը պիտի տօնէք: Ձեր ընկերներուն հետ հաճելի ու անմոռանալի պահ մը պիտի ապրիք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Համարձակ եղէք ու յստակօրէն արտայայտեցէք ձեր տեսակէտը: Սիրոյ խոստովանութիւն մը անակնկալի պիտի բերէ ձեզ եւ շատ ուրախացնէ: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Անձնական հարցերով պիտի զբաղիք այս շրջանին: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ հաճելի ժամանց ունենաք: Տնային նորոգութիւնները ծախսի նոր դռներ պիտի բանան ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Համարձակ քայլ մը պիտի առնէք ձեր գործին մէջ: Ձեր վերաբերմունքը դրական թող ըլլայ ձեր շրջապատին հետ: Ձեր յոյսը մի՛ կորսնցնէք, լաւատես եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ լռէք սխալ երեւոյթներուն եւ մի՛ առանձնանաք ձեր կարծիքով: Վիճաբանութիւններէն հեռու մնացէք այս շրջանին: Բարի նպատակի մը համար օգնութիւն կատարեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դատի մը յաջողութեան համար պիտի աշխատիք եւ զայն շահիք: Դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն: Նոր ծանօթութիւններ պիտի ունենաք: Սիրոյ գեղեցիկ յուշ մը պիտի իմաստաւորէ ձեր կեանքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Տօնական օրերուն ներողամտութեամբ լեցուեցէք, եւ ձեր սիրտը խաղաղ պահեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պայմանագիրներու ստորագրումը յետաձգեցէք յառաջիկայ տարուան: Ձեր բոլոր վիճաբանութիւնները լուծեցէք ու հաշտութիւն կնքեցէք նախքան տարեվերջ: Ամսուան դժուար օրերէն մէկը պիտի ապրիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ճամբորդութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Տարբեր մարզերու մէջ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: