Միացեալ Նահանգներու Մայամի Պիչ քաղաքը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը. տեղւոյն իշխանութիւնը որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն նպատակն է ցեղասպանութեան ճանաչման միջոցով յարգանքի տուրք մատուցել ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «Երկիր» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ռետտիթ» կայքը:
Այս բանաձեւին որդեգրումը կարելի դարձած է շնորհիւ այդ քաղաքի խորհուրդի անդամ Մարք Սամուէլեանին:
Կը նշուի, որ Սամուէլեան քաղաքային իշխանութիւններուն ներկայացուցած է նախագիծը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ Մայամի Պիչի իշխանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Մայամի Պիչը Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հարաւային քաղաքն է եւ կը նկատուի ամէնէն հարուստ ամերիկացիներու բնակավայրերէն մէկը:



