ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հանդարտ պահեցէք ձեր ջիղերը: Մի՛ նեղանաք աննշան հարցերու պատճառով եւ թշնամական կեցուածք մի՛ որդեգրէք ձեր շուրջիններուն նկատմամբ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր ծախսերուն: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Օրէնքները յարգեցէք, որպէսզի ձեր արձանագրած յաջողութիւնը ամբողջական ըլլայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դրական շրջան մը պիտի ըլլայ ձեզի եւ ձեր ընտանիքի անդամներուն համար: Առիթը մի՛ կորսնցնէք` բարի մաղթանքներ յղելու ձեր բարեկամներուն տօնական առիթներուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր բազմազան գործերուն պատճառով պիտի չկարենաք հանգիստ ընել: Փափուկ ու նուրբ վարուեցէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Գործի ճնշող մթնոլորտը մի՛ տանիք ձեզի հետ տուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Տրամաբանութեամբ փորձեցէք լուծել ձեր հարցերը: Պէտք ունիք մասնագէտներու կարծիքին եւ խորհուրդներուն: Դժուար ժամանակներ են, հանդարտ մնացէք, մինչեւ որ տագնապները լուծուին:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ժամանակը յարմար է վերադասաւորելու ձեր գործերը եւ մանաւանդ` նիւթական պարտաւորութիւնները: Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի վերսկսիք ձեր միութենական գործունէութիւններուն: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք, որուն հիման վրայ նոր էջ մը պիտի բանաք ձեր կեանքին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Յարմար ժամանակ է` ամրապնդելու ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Դրական շրջան է, օգտուեցէք առիթէն` իրականացնելու ձեր նպատակներէն մէկը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան քիչ բախտաւոր օրերէն մէկն է: Բարի անակնկալ մը ձեզ մեծապէս պիտի ուրախացնէ: Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք, որպէսզի հանդարտ եւ խաղաղ մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Յարմար շրջան է` քննարկումներու մասնակցելու ձեր ընկերութեան մէջ: Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ամսուան արդիւնաբեր օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ուրախ շրջան մը պիտի ապրիք: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ մեծ փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք: Պայմաններուն հետ հանդարտ եւ առարկայական եղէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ջղային պիտի ըլլաք այս շրջանին: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, բայց մի՛ յուսահատիք: Ձախողութեան պարագային, կրկին փորձեցէք: Քաջալերանք պիտի ստանաք ձեր շուրջիններէն: