Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ազրպէյճանական «Սի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ նշած, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ կը քննարկուին «յստակ եւ իրական պահեր»` նշելով, որ հայկական կողմը կը ներկայացնէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնցմէ մէկը «Լաւրովի ծրագիրն է»: «Երկիր» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
«Լաւրովի ծրագիրը շուրջ երկու տարի առաջ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքն է: Սակայն անիկա նոյն ատեն հիմնուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ: Կայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` 9 մարտ 2019-ին կատարած յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը յստակացուի բանակցութիւններուն մէջ յառաջ շարժելու պատկերացումները: Խնդիրը շատ յստակ է` փուլային: Առաջին փուլին զօրքերու դուրս բերում եւ ազրպէյճանական բնակչութեան վերադարձ, անվտանգութեան ապահովում, հաղորդակցութեան կարգաւորում», յայտարարած է Մամետեարով:
«Երկիր» կը յիշեցնէ, որ Լաւրով 2,5 տարի առաջ յայտարարած էր, թէ «Լաւրովի ծրագիր» գոյութիւն չունի:
Ազրպէյճանցի նախարարը նաեւ նշեց, որ եթէ պատերազմը վերսկսի, միեւնոյնն է, բանակցային հոլովոյթը պէտք է շարունակուի, որովհետեւ պատերազմները յաւերժ չեն:
Մամետեարով յիշեցուց հայ հասարակութեան զգացականութեան մասին` նշելով, որ հայերու քայլերուն 99 առ հարիւրը հիմնուած է զգացումներու վրայ: «Երկիր» կը գրէ, թէ մեր անհայրենիք արեւելեան դրացիներուն համար, անշուշտ, խորթ են այն զգացողութիւնները, երբ կը վտանգուի հայրենիքը ու միւս կողմէ դրական երեւոյթ է, երբ ազրպէյճանցի նախարարը կը գիտակցի այդ խնդիրին մէջ հայերուն զգայուն ըլլալը: