Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը կ՛արտօնէ կանխարգիլել Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քիւրտերուն դէմ իրականացուելիք կոտորածները: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ռուտաու» կայքը:
«Ասիկա յստակ պատգամ մըն է, թէ 21-րդ դարուն մէջ ցեղասպանական արշաւներ գործադրելը անկարելի է: Այս որոշումը Թուրքիոյ պիտի ստիպէ դադրիլ քիւրտ ժողովուրդին դէմ ջարդեր գործելէ, ինչպէս նաեւ պիտի դադրեցնէ անոր արշաւանքը դէպի Ռոժաւա` սուրիական Քիւրտիստան», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է քիւրտ հրամանատարը: