Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը անգամ մը եւս նամակով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան (STEAM) դասաւանդումներու զարգացման նպատակներուն համար «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն 140 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ապահովելու համար:
Իր նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կը շեշտէ, թէ նախարարը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Համաշխարհային դրամատան վերջին այն գնահատականը, թէ Հայաստան «վերին միջին դասակարգի եկամուտ» ունեցող երկիր մըն է` աւելցնելով, որ այդ եզրակացութիւնը վիճելի է` նկատի ունենալով Երեւանէն դուրս շրջաններուն մէջ տիրող չքաւորութիւնը:
Նշենք, որ Համաշխարհային դրամատան այդ եզրակացութեան պատճառով, Հայաստան կրնայ զրկուիլ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկի օժանդակութիւններէն:
Յիշեցնենք, որ մայիս 2018-ին, Փոմփէօ նամակով մը պատասխանած էր Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կատարուած այն կոչին, որ Փոմփէօ արագացնէ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցով Հայաստանին 140 միլիոն տոլարի կրթական աջակցութիւն տրամադրելու որոշումին քննարկումը` նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ իրականացած իշխանութեան աննախընթաց, խաղաղ եւ սահմանադրական փոխանցումը:
Համբարեանին հասցէագրուած նամակին մէջ Փոմփէօ խոստացած էր քննարկել այս առաջարկը, միեւնոյն ժամանակ «խանդավառութիւն» յայտնելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ եւ սահմանադրական իշխանափոխութեան առիթով աւելցնելով. «Կ՛ողջունենք Հայաստանի մէջ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցով STEAM կրթական ծրագիրներուն զարկ տալու ձեր գաղափարը»:
Նշենք, որ Փոմփէօ, ի պաշտօնէ, նաեւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկին վարչութեան ատենապետը կը հանդիսանայ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնած այս արշաւին նպատակն է` քաջալերել Հայաստանը Կովկասի Սիլիքոն հովիտը դարձնելու ջանքերը, զգալիօրէն նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան եւ երկրին մէջ աշխատանքի կարելիութեանց աճին:
«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004-ին հաստատուած եւ անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները: Անիկա ցարդ առաւել քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է, ի միջի այլոց նաեւ` Հայաստանին, որ 2006-ին ստացած էր գիւղական շրջաններու զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով յատկացում մը: Այս աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն եւ այլ քոնկրեսականներու հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ ամերիկեան համալսարաններու հետ, որոնք կրնան դեր ունենալ ծրագիրի իրականացման գծով:



