Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Կը Մասնակցի Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն

August 17, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն սկսած է Արցախի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  ընտրութիւններու քարոզարշաւը. ՀՅԴ Արցախի կառոյցի մասնակցութեան եւ ակնկալիքներուն մասին ի պատասխան «Ապառաժ»-ի հարցումին` Դաւիթ Իշխանեանը ըսած է. «ՀՅԴ-ն միշտ կարեւոր նկատած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համակարգի կայացման անհրաժեշտութիւնը:

«Համոզուած ենք, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  կայացումը պիտի նպաստէ մեր երկրի զարգացման: Մենք կրնանք իրական զարգացում ունենալ միայն այն պարագային, երբ պետական կառավարման համակարգին մէջ ապահովենք ազգաբնակչութեան մասնակցութիւնը:

«Տեղական կառավարումը երկրի կառավարման համակարգին մէջ պէտք է դառնայ առանցքային նշանակութիւն ունեցող դրոյթ:

«Վերը նշուածին հիման վրայ` մեզի համար կարեւոր են այս ընտրութիւնները:

«ՀՅԴ Արցախի կառոյցը բոլոր շրջաններուն մէջ ալ կը պաշտպանէ առաջադրուած թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ` աւագանիի թեկնածուներ: Յատկապէս կարեւոր է շեշտել Ստեփանակերտը` իբրեւ մայրաքաղաք, ուր կը պաշտպանենք քաղաքապետի թեկնածու Գրիգորի Սահակեանը:

«ՀՅԴ Արցախի տեղական կառոյցները արդէն հանդիպումներ ունեցած են  կուսակցութեան կողմէ պաշտպանուող թեկնածուներու հետ: Կ՛ակնկալենք` առաւելագոյն ներկայութիւն ապահովել համայնքներու  ղեկավարներու եւ աւագանիներու կազմերուն մէջ»:

Անդրադառնալով Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն` Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն երբեք պիտի չուշանայ, ճիշդ ժամանակին, ճիշդ որոշումներ պիտի կայացնէ:

Առայժմ կուսակցութիւնը զբաղած է սեպտեմբերին սպասուող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով, իսկ աշնան պիտի յայտնէ իր թեկնածուին մասին: Մասիս Մայիլեանի` համաձայնեցուած թեկնածու ըլլալու կարելիութեան մասին հարցումին Իշխանեանը պատասխանած է. «Մենք այդ հարցին վերաբերեալ որեւէ քննարկում չենք ունեցած: Տակաւին պիտի քննարկենք ընդհանուր մարտահրաւէրները` որո՞նք են անոնք, որոնց շուրջ կարելի է համախմբուիլ եւ ունենալ համաձայնեցուած թեկնածու»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Ստեփանակերտի Կառոյցի Անդամները Հանդիպում Ունեցած Են Գրիգորի Սահակեանի Հետ

Յաջորդը

Թրամփ Կը Սպառնայ Անհրաժեշտութեան Պարագային Հեռանալ Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութենէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.