Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 1 օգոստոսին այցելած է Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն եւ մասնակցած գերատեսչութեան 2019 թուականի առաջին կիսամեակին տարած աշխատանքներու արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած նիստին: Այս մասին կը յայտնեն նախագահականէն:
Լսելով ծառայութեան տնօրէնին, տարբեր ստորաբաժանումներու պատասխանատուներուն զեկուցումները` երկրին ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է քննարկուած հարցերուն եւ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: