Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Պաղեստինի Եւ Իսրայէլի Մէջ Ընկերվար Միջազգայնականի Ժողովին

Օգոստոս 2, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ 30-31 յուլիսին Ռամալլայի եւ Թել Աւիւի մէջ գումարուած է Ընկերվար միջազգայնականի ժողովը` նուիրուած պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապի լուծման` «Երկու պետութիւն» սկզբունքով: Ժողովին մասնակցած են կուսակցութիւններ Իսրայէլէն եւ Պաղեստինէն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ այլ կուսակցութիւններէ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ ժողովին մասնակցած է Երուսաղէմէն Յակոբ Սեւան: Երկօրեայ քննարկումներուն լոյսին տակ ժողովը որդեգրած է հռչակագիր` «Երկու պետութիւն կարգաւորումը` Իսրայէլ եւ Պաղեստին, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու խաղաղութեան եւ կարելիութիւններու ապագային համար» խորագիրով:

Հռչակագիրը կ՛արձանագրէ, որ 27 տարի երկկողմանի խաղաղութեան հաստատման անյաջող փորձէն ետք, Ընկերվար միջազգայնականը այն կարծիքին է, թէ ժամանակն է, որ միջազգային համայնքը հաւաքաբար ստանձնէ միջազգային իրաւունքին մէջ առկայ իր պարտաւորութիւնը` վերջ դնելու պաղեստինեան պետութեան բռնագրաւման ու բոլոր արգելքներուն, որպէսզի պաղեստինցի ժողովուրդը կարենայ գործադրել ազատ ինքնորոշման իր իրաւունքը:

Հռչակագիրին հեղինակները ցաւ կը յայտնեն, որ շրջանին մէջ ապագային ալ որեւէ լուծման հիմք հանդիսացող այս սկզբունքը բացայայտօրէն խափանուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի վարչակազմին կողմէ:

Ռամալլայի եւ Թել Աւիւի մէջ գումարուած նիստերուն նպատակն էր քննարկել այն, թէ միջազգային համայնքը ի՛նչ քայլերու կրնայ ձեռնարկել տագնապը լուծելու համար` «Երկու պետութիւն» սկզբունքով, ինչ  որ կը բխի իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն շահերէն եւ պիտի նպաստէ շրջանին ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Երկօրեայ ժողովին մասնակցած ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւան հանդիպումներ ունեցած է շարք մը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնց կարգին` պաղեստինեան եւ իսրայէլեան, եւ արծարծած երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր:

Հռչակագիրին ամբողջութիւնը`

https://www.socialistinternational.org/news/activities/si-meeting-on-the-two-state-solution-israel-and-palestine-for-peace-and-a-future-of-opportunities-for-the-people-of-the-middle-east-815/

 

 

Նախորդը

Պղծուած Են Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Զինուորներու Շիրմաքարերը

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Մասնակցած Է Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Աշխատանքային Նիստին

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?