Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Արցախ Նոր Ճամբայ Պիտի Կառուցուի. Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդովուած Է Եւ Կոչով Դիմած Է Համանախագահներուն

July 27, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը նշէ, թէ Ազրպէյճան յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի ղեկավարութեան այն յայտարարութեան առնչութեամբ, որ «հարաւային ուղղութեամբ»` դէպի Արցախ տանող նոր ճամբայ մը պիտի կառուցուի: Ազրպէյճանական յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ Հայաստանը կը շարունակէ սադրանքները` նպատակ ունենալով խաթարել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթը:

Նշենք, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, որ հիւրընկալուած էր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Քաղաքականութիւնը ներսից» յայտագիրին կողմէ, ըսած էր, թէ շուտով Հայաստանը եւ Արցախը միացնող 150 քիլոմեթրնոց ճամբայ պիտի կառուցուի:

Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, այդ քայլը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Երեւանի` առկայ սթաթիւս քոն ամրապնդելու մտադրութիւնը, որ հիմնուած է «զինուորական բռնագրաւումի վրայ»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին` լրջօրէն վերաբերելու Հայաստանի Հանրապետութեան անօրինական գործողութիւններուն «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ», որոնք կ՛ազդեն բանակցային հոլովոյթին վրայ:

Այդ ծիրին մէջ, ըստ ազրպէյճանական կողմին, խաղաղ լուծման մասին հայկական կողմին յայտարարութիւնները «կեղծաւորութիւն են եւ միջազգային հանրութիւնը խաբելու փորձ»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Բացումը Կատարեց Զահլէի Քաղաքապետարանին

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Դաշնակցականներու Նկատմամբ Հետապնդման Փորձերը Պիտի Նկատուին Քաղաքական»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.