Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Դաշնակցականներու Նկատմամբ Հետապնդման Փորձերը Պիտի Նկատուին Քաղաքական»

Յուլիս 27, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով Ազատութիւն, Ազգային օրակարգ, Երկիր ծիրանի, Հայաստանի դեմոկրատական, ՀՅԴ, Մէկ Հայաստան, ՌԱԿ կուսակցութիւններու միացեալ յայտարարութեան` դատական ոլորտին մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ` ըսած է, որ  եօթը ուժերու յայտարարութիւնը շատ աւելի մեղմ էր, քան կարելի էր առհասարակ պատկերացնել: «Դատական իշխանութիւնը ժողովրդավարական, իրաւական պետութեան զարգացման առումով ունի վճռական նշանակութիւն, եւ անիկա ոչ մէկ ձեւով կրցած է քաղաքական ազդեցութեան տակ գտնուիլ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ», յայտնած է ան:

«Այն սխալները, որ անցեալին եղած են, ներկայ իշխանութիւնները, անոր սատարող անձեր կը փորձեն սեւով ներկայացնել, բայց միւս կողմէ, երբ գնահատականը իրենց վերաբերի, յանկարծ կը սկսին չքմեղանալ, մեղադրել, թէ 7 ուժերուն յայտարարութիւնը շատ խիստ է, տեղին չէ: Այս փաստաթուղթի նախաբանին մէջ յստակ կերպով նշուած է, թէ որքա՛ն կարեւոր է դատական իշխանութիւնը պետութեան, իրաւական անվտանգութեան գործին մէջ: Երկրորդ հատուածին մէջ գնահատական կը տրուի, կը դատապարտուին այն գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են դատական իշխանութիւնը նսեմացնելուն, քաղաքական իշխանութեան կողմէ իւրացնելուն: Երրորդ բաժինին մէջ կան յստակ պահանջներ` ուղղուած քաղաքական մեծամասնութեան, նախագահին, նաեւ կոչ հանրութեան, այն ուժերուն, որոնք  կարեւոր կը նկատեն դատական համակարգի անկախութիւնը», բացատրած է Մինասեան:

Արծուիկ Մինասեան դիտել տուած է, որ առաջադրուած է բնականոն բարեփոխումներու օրակարգ, որուն կրնան միանալ փափաքողները: Ան վստահեցուցած է, որ յայտարարութեան խնամակալը ՀՅԴ-ն չէ, այլ անիկա 7 ուժերու միացեալ աշխատանքին արդիւնքն է. քննարկումներուն ընթացքին եղած են նաեւ աւելի կոպիտ գնահատականներ: Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանական ուժերու ներգրաւման, ապա Մինասեան շեշտած է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ հանդիպում ունեցած են, սակայն Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան հետ հանդիպիլը նպատակայարմար չեն նկատած այս փուլին:

Ան անդրադարձած է նաեւ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատական հոլովոյթին եւ ըսած, որ Դաշնակցութիւնը բոլոր պարագաներուն յայտարարած է, թէ իրեն համար սկզբունքային նշանակութիւն ունին իրաւական կարգի ապահովումը եւ արդարադատութեան հիմնարար սկզբունքները: Ան կարեւոր նկատեց այն, որ միջազգային հանրութեան մօտ չստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ ասիկա քաղաքական հետապնդում է:

Անդրադառնալով այն հարցին, որ արդեօք անտառահատութեան առնչուած գործերով Ազգային ապահովական ծառայութիւնը կրնա՞յ նաեւ դաշնակցականներ հետապնդման ենթարկել, մանաւանդ որ անտառային տնտեսութեան ոլորտին մէջ, «Հայ անտառ» կազմակերպութեան մէջ առանցքային դաշնակցական պաշտօնեաներ գործած են, իսկ ինք ժամանակին բնապահպանութեան նախարար էր, Արծուիկ Մինասեան ըսած է, թէ այդ բնագաւառին մէջ յանցագործներու խումբ կայ, իսկ հոն դաշնակցականներ չկան:

«Դաշնակցական մեր ընկերները, որոնք տարբեր ժամանակաշրջաններու ստանձնած են տարբեր պաշտօններ, որեւէ ձեւով կուսակցութիւնը չէ հովանաւորած: Կուսակցութեան մնայուն պահանջը եղած է այն, որ ըլլան ազնիւ, նուիրուած: Ես կը բացառեմ, որ որեւէ կուսակցական փորձ կատարած ըլլայ իր դիրքը օգտագործելու` մեկնելով այն հանգամանքէն, որ ինք կուսակցութեան անդամ է. այդ ներքին զսպուածութիւնը, կարգապահութիւնը մեր կուսակցութեան մէջ շատ կարեւոր է», ընդգծած է ան:

Արծուիկ Մինասեան շեշտած է, որ իր նախարարութեան ժամանակ տարակարծութիւն կար վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ իր միջեւ, որովհետեւ ինք դէմ եղած է շահագործման այն մեթոտներուն, ըստ որոնց «ամէն ինչ փող է»: Իրեն համար կարեւորը եղած է շրջակայ միջավայրի պահպանումը, ինչ որ ինքնին արժէք բերողն է:

Անոր համաձայն,  շրջակայ միջավայրի պահպանումը պէտք է ըլլայ կայուն եւ սկզբունքային, բայց առանց զայն պաշտամունքի առարկայ դարձնելու:

«Համոզուած եղէք` եթէ որեւէ ձեւով ես զգամ, որ ոլորտին մէջ վարած քաղաքականութեան  հետապնդումներ կը սկսին, որ ես պիտի բնութագրեմ իբրեւ քաղաքական հետապնդում (առնուազն իմ մասովս, վստահ եմ եւ վստահ եմ այն մարդոցմէ, որոնք իմ կառավարմանս ժամանակահատուածին իմ ամբողջական աջակցութիւնս ստացած են), ես հանդէս պիտի գամ յայտարարութիւններով: Որովհետեւ ես կը զգամ, որ առանձին դրսեւորումներով` սկսած Վերահսկիչ պալատէն, վերջացած առանձին մարդոց յայտարարութիւններով, փորձ կը կատարուի ազնիւ, անկեղծ աշխատանքը ինչ-որ ձեռնածութեան մեթոտներով վերածել տարբեր շահերու բախման», յայտարարած է ան:

Ա. Մինասեան յստակեցուցած է, որ ըսուածը կը վերաբերի ընդհանուր շրջակայ միջավայրի պահպանման:

«Կը կարծեմ, թէ այն խումբը, որուն հետ աշխատած եմ, որուն վստահած եմ, անոր նկատմամբ թիրախաւորում կայ: Յատկապէս Սեւանի մասով կը զգուշացնեմ, որ խիստ պատիժ պէտք է կրեն անոնք, որոնք Սեւանին մեծ վնաս հասցուցեր են», շեշտած է ան:

 

Նախորդը

Դէպի Արցախ Նոր Ճամբայ Պիտի Կառուցուի. Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդովուած Է Եւ Կոչով Դիմած Է Համանախագահներուն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Ըստ Կարելւոյն Ձեռնպահ Կը Մնամ Ընթացիկ Զարգացումներու Վերաբերեալ Քաղաքական Բանավէճին Մասնակից Դառնալէ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?