Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1969)

Յուլիս 27, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պատմարժէք Գործ Մը

Հայ դատի յանձնախումբին ճիգերով ու նախաձեռնութեամբ, Համազգայինի տպարանը ֆրանսերէն լեզուով լոյս ընծայեց տոքթ. Եոհաննէս Լեփսիուսի «Գաղտնի տեղեկագիր հայկական կոտորածներու մասին» խորագրուած գիրքը, որ «Լը Ժուր»-ի հաստատումով, ամէնէն շատ ծախուած գիրքերուն մէջ կը գտնուի այս օրերուն:

Շատ ծախուած ըլլալու փաստը ինքնին կը շեշտէ գործին կարեւորութիւնը եւ զայն գլուխ հանողներուն հանդէպ երախտագիտութեամբ կը լեցնէ մէն մի հայուն սիրտը: Որովհետեւ օտար լեզուով գրուած փաստաթուղթ մը բոլորովին մենք մեզի համար ի լոյս չենք ընծայեր, առաջին հերթին ի մտի ունինք մեր օտար բարեկամները: Տոքթ. Լեփսիուսի գործին առանձին մէկ արժէքը այդ բարեկամներուն ներկայացած ըլլալու իրողութիւնն է, եւ անոնք քիչ չեն թիւով ու որակով մեծ կշիռ մը կը ներկայացնեն բազմաթիւ երկիրներու մէջ ու մարդկային իրաւանց յատկացուած ատեաններուն առջեւ, ուր մեր հարցը երկրորդական գծի վրայ չի գտնուիր այսօր:

Անուրանալի է, որ Հայ դատը մեծ այժմէութիւն կը ներկայացնէ ներկայիս մեզի, ինչպէս մեզի բարեկամ ժողովուրդներուն մէջ: Ու մեր երիտասարդութիւնը աւելի քան գործօն մասնակցութիւն մը կը բերէ տարուած աշխատանքներուն, կը պրպտէ, կը ճոխացնէ իր արդարութիւնը հաստատող առարկայական տուեալները եւ ճիգ չի խնայեր անոնց վրայ օտար բարեկամներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար:

Տոքթ. Լեփսիուսի գործը մեծ աղբիւր մըն է այդ ուղղութեամբ, Եղեռնին շարժառիթներն ու հետեւանքները կարելի մանրամասնութեամբ լոյսին հանած թանկարժէք վկայութիւն մը, որուն ծանօթացումն ու տարածումը բաւականին մեծ նպաստ մը պիտի ըլլար մեր պայքարին հաշուոյն:

Պատմաբանի մը կամ թղթակիցի մը մտահոգութիւններէն տարբեր մտահոգութիւն մը ունէր տոքթ. Լեփսիուս, դէպքերը խղճմտօրէն արձանագրելով չբաւականացաւ ան, մարդկայնական իր անտեղիտալի ապրումն էր, որ նետեց զինք այդ գործին մէջ, Եղեռնը կազմակերպողներուն խելագարութեան վերջ տալու համար դուլ ու դադար չունեցաւ, տուաւ մասնաւոր դասախօսութիւններ, կշիռ ու ձայն ունեցող դէմքերուն մօտ միջամտութեան աղերսագիրներ ներկայացուց, ոտքի հանեց իր գաղափարակիցներն ու մտերիմները, բողոքեց, պայքարեցաւ, աքսորուեցաւ, այլ երբեք չդաւաճանեց իր խղճմտանքին, արդարութեան այրող ծարաւին:

Մեծ եղեռնի օրերուն աշխարհի վրայ մարդու կոչումին արժանի մարդեր գտնուեցան, որոնց ձայնը, ճիշդ է, անմիջական ազդեցութիւն մը չունեցաւ, բայց ճշմարտութեան ձայնը մարող ձայներէն չէ: Կը ղօղանջէ վերստին: Տոքթ. Լեփսիուսի ձայնը «անլռելի» ղօղանջներէն է:

«Լը Ժուռ», 21 յուլիս 1969

Ախալցխայի Հայերը

 

Հայերն ու վրացիները Ախալցխա ապրած են շատ հին ժամանակաշրջաններէ ի վեր: ԺԵ. դարու պատմագիր Թովմա Մեծոփեցի կը յիշատակէ, որ 1416-ին Ախալցխա քաղաքէն Կարա-Եուսուֆի բերած հայ գերիներով կը լեցուին Վասպուրականն ու Տարօնը:

Քաղաքին հին մասին` Ռապայի գերեզմանատան մէջ կը գտնուին հայերէն արձանագրութիւններ, որոնք 500-600 տարուան հնութիւն ունին:

1829-ին, Ադրիանուպոլսոյ մէջ կնքուած դաշնագրով, Անդրկովկասի որոշ հողեր, նաեւ` Ախալցխան, կը տրուէին Ռուսիոյ: Ասոր պատճառով հազարաւոր հայեր գաղթեցին դէպի հոն: Կարինէն եւ անոր շրջակայ գիւղերէն վեց հազար ընտանիք` գիւղացիներ, արհեստաւորներ, վաճառականներ, Կարապետ արք. Բագրատունիի առաջնորդութեամբ, կը հասնին Ախալցխա եւ բնակութիւն կը հաստատեն Փոչխով (Կուրի վտակը) գետի աջ ափին, Ախալցխէ ամրոցին դիմացը:

Ամայի վայրին մէջ կը կառուցուի նոր քաղաք մը: Գաղթական հայերը հոն կը հիմնեն 15 գիւղ: Մեծ մասը հողագործ էր:

Մինչեւ օրս գործածական են Հայաստանի տեղանունները: Ծղալթբիլա գիւղին բնակիչը, օրինակ, ինքզինք կ՛անուանէ նորշէնցի: Ջուլղա գիւղին բնակիչը` չիֆլիկցի, Արաթխեւի գիւղացին` խաչութցի եւ այլն:

1840-ին Ախալցխայի մէջ կը կառուցուի «Կարապետեան» դպրոցին երկրորդ շէնքը, ապա կը հիմնուի Օրիորդաց «Եղիսաբէթեան» դպրոցը:

Աւելի ետք, Կանանց բարեգործական ընկերութեան ջանքերով, քաղաքին մէջ կը հիմնուի մեծ ու հարուստ գրադարան մը:

Ախալցխան տուած է անուանի արուեստագէտներ եւ գիտնականներ, հայագէտներ` Ստ. Մալխասեանցը, Գալուստ Տէր Մկրտչեան, պատմաբան Յակոբ Մանանդեան, նկարիչներ` Վարդգէս Սուրէնցեան, Յակոբ Կոճոյեան, Վահրամ Ղայֆէճեան, բնագէտ Նաւակատիկեան, ծովակալ Սողոյեան, ճարտարապետ Աշոտ Մնդոյեան եւ շատ ուրիշներ:

Անցեալին Ախալցխայի գիւղերէն երկուքը միայն ունէին ծխական դպրոց: Սակայն հետագային բոլոր գիւղերուն մէջ ալ դպրոցներ բացուած են: Քաղաքի եւ գիւղերու դպրոցներու ուսուցիչներու թիւը 325 է: Անոնց մեծ մասը սորված է Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, մէկ մասն ալ` Թիֆլիսի եւ Լենինականի մանկավարժական հիմնարկութիւններուն մէջ:

Ախալցխացիք ընտանեսէր, աւանդապահ, արի ժողովուրդ են:

Ներկայիս Ախալցխայի շրջանային թերթին միայն մէկ էջը հայերէն է:

Կարինէն գաղթականները իրենց հետ բերած են մշակութային բազմաթիւ իրեր: Ծուղրութ գիւղին մէջ կը պահուի մագաղաթեայ Աւետարան մը: Մեծ եւ Փոքր Պամաճ գիւղերուն մէջ ԺԵ.-ԺԶ. դարերու մագաղաթեայ Աւետարաններ կան:

Մ. ԱԼԲԵՐԴԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Մարմնին Մէջի Ժամացոյցը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?