ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այս օրերը յարմար են թշնամական կեցուածքէ մը հրաժարելու: Ձեր մէկ հարցին լուծում պիտի գտնէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Բծախնդրութեամբ կատարեցէք ձեր գործերը:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կարեւոր որոշումներ պիտի տաք ձեր ընտանիքին համար: Զարգացումներ տեղի պիտի ունենան ձեր գործատեղիին մէջ: Ձեր առողջութեան հոգ պէտք է տանիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւն պիտի ստանաք ձեր շրջապատէն: Խնճոյքի մը պիտի հրաւիրուիք եւ հաճելի ժամանակ անցընէք: Մի՛ տարուիք անիմաստ խօսակցութիւններով, որոնք կրնան մոլորեցնել ոեւէ մէկը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պէտք է մասամբ գաղտնի պահէք ձեր անձնական ծրագիրները: Ինքնավստահ եւ քաջ եղէք, որպէսզի յաջողութիւն արձանագրէք: Հաճելի անակնկալ մը ձեզի կը սպասէ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք մարդոց հետ: Նախընտրէլի է խաղաղ եւ հանգիստ ժամանակ անցընել ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Անակնկալ հիւրեր պիտի այցելեն ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուրախ եւ ռոմանթիք պահեր պիտի ապրիք ձեր սիրեցեալին հետ: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ, օգտուեցէք առիթէն` ձեր ծրագիրները յաջողցնելու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր գաղտնի մշակած ծրագիրը պիտի բացայայտուի: Տագնապեցնող օրեր պիտի ապրիք: Առիթ մի՛ տաք, որ ձեր շուրջինները միջամտեն ձեր անձնական գործերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Խոստմնալից օրեր պիտի ունենաք: Փաստաբանի օգնութեան դիմեցէք ձեր դատական հարցերը լուծելու համար: Պիտի մտահոգուիք ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեզի հետ ուրախութիւն կիսողները կրնաք մոռնալ, բայց նեղութիւն եւ ցաւ կիսողները բնաւ պիտի չմոռնաք: Դժուար ընտրութեան մը դիմաց պիտի գտնուիք: Արդար եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի նկատէք, որ ձեր անել կացութեան դիմաց նոր դռներ պիտի բացուին, ու դուք դուրս պիտի գաք ձեզ նեղացնող հարցերէն: Նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր մէկ անկեղծ յարաբերութիւններէն մէկը պիտի փլի դաւաճանութեան պատճառով: Ձեր կարողութիւնները փաստեցէք գործով, ոչ թէ` խօսքով եւ վիճաբանութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նուէրներ պիտի ստանաք եւ ուրախանաք: Կարեւոր իրադարձութեան մը պիտի մասնակցիք, ապա աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: