ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է լիբանանեան տնտեսութեան վրայ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիստինա Լասընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ԻՏԱԼԻՈՅ լիբանանեան դեսպանատան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հաստատեց. «Լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է, եւ ոչ մէկ ձեւով կրնանք ընդունիլ, որ անոր իրաւունքները վտանգուին»:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպին թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու քայլերը տակաւին քննարկումի առարկայ են: «Պատասխանատուութիւնը մեծ է, սակայն այդ հարցին լուծում գտնելու իմաստով ի գործ դրուող ջանքերը տակաւին առկայ են», շեշտեց ան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառավարութեան նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս արծարծէ Քապըր Շմունի միջադէպին թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու հարցը, ապա կարելի է քուէարկել այդ պահանջին շուրջ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելը վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումն է, եւ ան է, որ կը մերժէ նախարարաց խորհուրդի նիստին գումարումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փափաքի կառավարութիւնը երկրին տագնապներէն չէզոք պահել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն լուծումներ գտնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի շեշտեց, որ երկրին քաղաքական լարուածութեան սրումը կրնայ բարդացնել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի իրավիճակը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ անհաւանական նկատեց կառավարութեան նիստի մը գումարումը: Ան հաստատեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպին խոչընդոտները կը հասնին մինչեւ Դամասկոս եւ Թեհրան: Ան աւելցուց, որ այդ երկիրները ո՛չ միայն կը փափաքին շրջափակել Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, այլ նաեւ` վարչապետ Սաատ Հարիրին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հարց տուաւ, թէ Դիմադրութեան առանցքը պաշտպանող երկիրները ի՞նչ կը պահանջեն Լիբանանէն եւ անոր կառավարութենէն: «Անոնք ամէնուրեք դաւադրութեան մասին կը մտածեն: Ամէն պարագայի, Աստուած զանոնք ճիշդ ուղիով եւ տրամաբանութեամբ թող առաջնորդէ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ձախողութեան մատնած է Քապըր Շմունի միջադէպի լուծման նպատակով առաջարկուած խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տարբերակը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման «Դարու գործարք»-ին եւ բնակեցումին դիմադրող նախարար է: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ իրենք կը զօրակցին վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ անհրաժեշտ կը նկատեն կառավարութեան նիստ մը գումարելը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լեռնալիբանանի միջադէպին թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու պահանջը հարցականի տակ պէտք չէ առնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած 2019-ի պետական ամավարկը մեծ թիւով սահմանադրական խախտումներ կ՛ընդգրկէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստի օրակարգին վրայ նկատի պիտի ունենայ պետական նշանակումները: