Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար Առնուած Է Ազրպէյճանի Դրօշը

November 20, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 նոյեմբերին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ Ազրպէյճանի «Յաղթանակի օրուան» առիթով բարձրացուած ազրպէյճանական պետական դրօշը վար առնուած է 16 նոյեմբերին` Նիւ Եորքի հայութեան դիմումներուն եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին ազգային, շրջանային եւ տեղական մարմիններուն ջանքերուն շնորհիւ:

Դրօշակի բարձրացման արարողութիւնը կազմակերպուած էր Ազրպէյճանական-ամերիկեան երիտասարդական միութեան կողմէ` ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի մնայուն ներկայացուցչութեան եւ ազրպէյճանական սփիւռքին հետ աշխատանքի պետական մարմինին աջակցութեամբ: Անիկա կը նշէր 8 նոյեմբեր 2020-ին, 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Շուշիի բռնագրաւումը եւ անոր յաջորդած` 2023-ին Արցախէն աւելի քան 150.000 հայերու բռնի տեղահանումը: Քաղաքային արտօնութիւնները թոյլ կու տային, որ դրօշակը տասը օր ծածանի հանրային հողատարածքի վրայ` Նիւ Եորքի ամէնէն հին զբօսայգիին մէջ, Ուոլ Սթրիթի մօտակայքը:

Նիւ Եորքի բնակիչ Հռիփսիմէ Պիյազեան նկատած էր դրօշակը` զբօսայգիին նայող իր բնակարանէն: Ան կապ հաստատած էր ամերիկահայ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, ներառեալ Հայ դատի յանձնախումբին հետ եւ համախմբած համայնքի անդամները` դիմելու քաղաքային պաշտօնատարներուն:

Պիյազեան ըսած է. «Կը յուսամ, որ քաղաքապետարանը այժմ աւելի մօտէն կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ «Պոլինկ Կրին» ընկերակցութիւնը, ներառեալ որեւէ հաւանական օտար ազդեցութիւն կամ կապեր, որովհետեւ նիւեորքցիները արժանի են թափանցիկութեան` գիտնալու համար, թէ մեր վճարած տուրքերը ի՛նչ նպատակով կը ծախսուին հանրային տարածքներու վրայ»:

Ի պատասխան Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ներկայացուած նամակին, քաղաքապետի գրասենեակը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Քաղաքապետ (Զոհրան) Մամտանի յստակ կերպով արտայայտած է իր զօրակցութիւնը հայ համայնքին: Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման` Ապրիլ 24-ի իր յայտարարութեան մէջ ան վերահաստատած է հայ ժողովուրդի ազատութեան, ապահովութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 100.000 հայերու բռնի տեղահանման իրողութիւնը: Ասոնք յանձնառութիւններ են, զորս մենք կը բաժնենք եւ երախտապարտ ենք հայ համայնքին հետ մեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու առիթին համար»:

«Նիւ Եորքի հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քաղաքապետ Մամտանիին եւ անոր գրասենեակին` Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման իր խօսքերը գործով ամրապնդելուն համար: Հազարաւոր հայեր կ՛ապրին, կ՛աշխատին եւ իրենց ընտանիքները կը մեծցնեն այս հրաշալի քաղաքին բոլոր թաղամասերուն մէջ, եւ մեզմէ շատեր ունին ազգականներ, բարեկամներ եւ սիրելիներ, որոնք սպաննուած են կամ բռնի կերպով տեղահանուած Արցախի մէջ գտնուող իրենց հայրենի տուներէն` ազրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան հետեւանքով», կ՛ըսէ Նիւ Եորքի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Արամ Պալեան` աւելցնելով. «Քաղաքապատկան տարածքի վրայ ցեղասպանութեան, ցեղային զտման եւ բռնագրաւման Ազրպէյճանի արշաւը տօնող դրօշակ մը տեսնելը վիրաւորանք էր ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ իւրաքանչիւր նիւեորքցիի համար: Նիւ Եորքի հանրային վայրերը երբեք պէտք չէ օգտագործուին ցեղային զտումներ տօնելու, պատերազմական յանցագործութիւններ փառաբանելու կամ նման արարքներու պատասխանատուները պատուելու համար»:

 

 

Նախորդը

Փիկըթ. «Հըզպալլան Կը Շարունակէ Լիբանանի Ապագան Աւերել»

Յաջորդը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն

November 19, 2026
Պայրամով. «ԹՐԻՓՓ-ի Մուտքի Եւ Ելքի Հատուածները  Կը Գտնուին Ազրպէյճանի Տարածքին Մէջ, Հիմնական  Թեքնիք Շրջագիծերը  Պէտք Է Համաձայնեցուին Պաքուի Հետ»
Հայկական

Պայրամով. «ԹՐԻՓՓ-ի Մուտքի Եւ Ելքի Հատուածները Կը Գտնուին Ազրպէյճանի Տարածքին Մէջ, Հիմնական Թեքնիք Շրջագիծերը Պէտք Է Համաձայնեցուին Պաքուի Հետ»

November 19, 2026
Վատեֆուլ. «Ես Շատ Պիտի Ուզէի, Որ Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան  Պայմանագիր Ստորագրուի»
Հայկական

Վատեֆուլ. «Ես Շատ Պիտի Ուզէի, Որ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիր Ստորագրուի»

November 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.