Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Ստեփանակերտի Օդակայանին Ապահովութիւնը Երաշխաւորող Շըրմընի Առաջարկը

July 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 11 յուլիսի յետմիջօրէին, 234 թեր եւ 195 դէմ քուէներով վաւերացուց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի առաջարկը, որ քանի մը օր առաջ Օրէնքներու յանձնախումբին կողմէ եւս վաւերացուած էր:

Շըրմընի կողմէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020-ի ռազմական ամավարկին իբրեւ յաւելուած (թիւ 21) ներկայացուած այս առաջարկին նպատակն է` արգիլել Ազրպէյճանին վաճառել այնպիսի հակաօդայիններ, որոնք կը վտանգեն քաղաքացիական օդանաւերու ապահով թռիչքները: Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ զօրակցեցան այս առաջարկի վաւերացման ջանքերուն:

Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց այս քայլը` շեշտելով, որ «ժողովուրդին տունը խաղաղութեան ի նպաստ քայլ մը առաւ» իր այս որոշումով: «Այս քայլը յստակ պատգամ մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը մերժեն քաղաքացիական օդանաւերու ուղղուած որեւէ սպառնալիք», ըսաւ Համաբարեան:

Օրին, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս ողջունած էր Շըրմընի առաջարկը:

Քալիֆորնիայէն Շըրմըն, որ անդամ է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին, կը յայտնէ, թէ իր նախաձեռնութեան նպատակն է արգիլել Պաքուին, որ շարունակէ սպառնալ Ստեփանակերտի քաղաքացիական օդակայանը օգտագործող օդանաւերուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին առաջարկին վաւերացման:

«Այս առաջարկը ազդանշան է Ազրպէյճանին, որ չի կրնար այսուհետեւ եւս սպառնալ, թէ պիտի խոցէ քաղաքացիական օդանաւեր: Կարելի չէ արտօնել Ազրպէյճանին, որ նման արարքներով վախի տակ պահէ իր դրացիները», ըսաւ Շըրմըն` առաջարկին ի նպաստ իր ելոյթին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 2011-ին, Ազրպէյճանի քաղաքացիական օդային ճամբորդութեան վարչութեան տնօրէն Արիֆ Մամետով տեղեկացուցած էր, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նախազգուշացուցած է Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութիւնը («Այ. Սի. Էյ. Օ.»), որ պիտի չարտօնէ թռիչքներ կատարել դէպի Արցախ եւ ազդարարած էր, որ օդագնացութեան մասին օրէնքին համաձայն, կրնան «ոչնչացնել հոն ուղեւորուող օդանաւեր»: Ազրպէյճան կը շարունակէ հնչեցնել նոյն սպառնալիքները, որոնց պատճառով վերջին ութ տարիներուն Ստեփանակերտի քաղաքացիական օդակայանը փակ կը մնայ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ըրած էր հանրութեան, որ իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն դիմեն` պահանջելով անոնցմէ, որ զօրակցին Շըրմընի թիւ 21 յաւելուածին:

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Ասքերովն Ու Կուլիեւը Ազատ Արձակելու Քարոզարշաւը Ազրպէյճանի Պետական Քաղաքականութեան Մաս Կը Կազմէ

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Արցախի Պաշտպանութեան Ուղղուած Չուի Առաջարկը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.