Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Ասքերովն Ու Կուլիեւը Ազատ Արձակելու Քարոզարշաւը Ազրպէյճանի Պետական Քաղաքականութեան Մաս Կը Կազմէ

July 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելով, այնպէս ալ դիմելով միջազգային կազմակերպութիւններուն` աջակցելու Տիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը ազատ արձակելու հարցին, ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը կատարեն Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու, այդ կարգին` կեանքի եւ իրաւական պաշտպանութեան իրաւունքի բացայայտ ժխտում եւ ոտնահարում: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան` մեկնաբանելով Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող քարոզարշաւը` Տիլհամ Ասքերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը ազատ արձակելու նպատակով:

«Տիլհամ Ասքերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը զինուած խումբի մը կազմին մէջ ապօրինի կերպով մուտք գործած են Արցախի Հանրապետութեան տարածք: Յանցաւոր խումբի անդամները իրականացուցած են շարք մը  ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ, որոնց կարգին են` 17-ամեայ Սմբատ Ցականեանի առեւանգումը եւ սպանութիւնը, 43-ամեայ  Սարգիս Աբրահամեանի սպանութիւնը եւ 37-ամեայ Կարինէ Դաւթեանին ծանր վնասուածքներ հասցնելը: Անոնց նկատմամբ դատական գործընթացը եղած է բաց եւ իրականացած է ազգային եւ միջազգային արդարադատութեան չափանիշներուն համապատասխան: Դատական գործընթացի ընթացքին պարզուած է, որ այս յանցաւոր խումբը Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ զինուած եւ ուղարկուած է Արցախ` լրտեսական գործունէութիւն իրականացնելու նպատակով, որ կասեցուած է Արցախի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ», նշեց ան:

Անի Սարգսեանի համաձայն, տուեալ քարոզարշաւը հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները ընդգրկող պետական քաղաքականութեան մաս կը  կազմէ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը կը շեշտէ` Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմիցս իրազեկած է միջազգային հանրութիւնը` այդ կարգին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ներառեալ ՄԱԿ-ը եւ ԵԱՀԿ-ը, նաեւ յուշագիրներու տարածման միջոցով` Ազրպէյճանի տուեալ քաղաքացիներուն կողմէ իրագործուած յանցագործութիւններուն եւ դատական գործընթացին վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հեղինակին Ու Խմբագիրին Դէմ Դատական Հայց

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Ստեփանակերտի Օդակայանին Ապահովութիւնը Երաշխաւորող Շըրմընի Առաջարկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.