Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հրապարակած է 2011-ին Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ հաշտութեան յուշարձանի կազմաքանդման վերաբերեալ վճիռը:
Յուշարձանի ճարտարապետ Մեհմեթ Աքսոյի կողմէ Սահմանադրական դատարանին ներկայացուած հայցի ծիրին մէջ դատարանը վճռած է, թէ կազմաքանդումը խօսքի եւ արուեստի ազատութիւններու խախտում է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթի կայքը:
Յուշարձանի կառուցումը սկսած էր 2006-ին` Կարսի բերդի յարակից բլուրին վրայ: 2011-ին, երբ օրուան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սարըղամիշի ճակատամարտի տարեդարձին առիթով այցելած էր Կարս, յուշարձանը կոչած էր «հրէշաւոր» եւ պահանջած քանդել զայն:
Կարսի դատարանը որոշած էր ժամանակաւորապէս դադրեցնել կազմաքանդումը, սակայն շրջանային դատարանը ջնջած էր այդ որոշումը, իսկ Կարսի քաղաքապետարանը, որ այդ ժամանակ կը գտնուէր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ, վաճառքի հանած էր յուշարձանը:
272 հազար թրքական լիրայով զայն գնած կազմակերպութիւնը ոչ պատահականօրէն 24 ապրիլ 2011-ին սկսած էր յուշարձանի կազմաքանդումը: 2014-ին «Անատոլուի Միքելանճելօ» անունը ստացած Աքսոյը դիմած էր Սահմանադրական դատարան:
5 տարի ետք, 11 յուլիս 2019-ին, Սահմանադրական դատարանը հրապարակած է վճիռը, որուն մէջ կը նշէ, թէ կազմաքանդումը խօսքի եւ արուեստի ազատութեան խախտում է, նաեւ պետութեան կը պարտաւորեցնէ` Աքսոյին վճարել փոխհատուցում: Որոշումը որդեգրուած է 8 թեր եւ 6 դէմ ձայներով:
Բացի ատկէ, Աքսոյ, իր յուշարձանը «հրէշաւոր» կոչելու հիմով, 2015-ին դատական հայց ներկայացուցած էր Էրտողանի դէմ, որուն հիմամբ դատարանը Էրտողանին ստիպած էր վճարել 10.000 թրքական լիրա:
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մարդկութեան յուշարձանի, որուն նախնական անունը եղած էր Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ հաշտութեան յուշարձան, կառուցումը աւարտեցաւ 2009-ին` Ցիւրիխի մէջ կնքուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն պատուոյն:
Աքսոյ յայտարարած էր, թէ, եթէ այդ յուշարձանը քանդուի, ապա թուրքերը թալեպաններէն ոչինչով պիտի տարբերին: