Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1969)

Յուլիս 12, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան

Նոր Բառարան

Չենք յիշեր` ո՞ր գրողը իր ինքնակենսագրական  նոթերուն մէջ կը գրէր, թէ երկար ճամբորդութիւններու ատեն կը սիրէ հետը անպայման բառարան մը ունենալ, բառարան կարդալ:

Տրուած յաւելուածական բացատրութեան համաձայն, բառարանը միայն օգտակար գիրք մը չէր համարեր ան, զայն կը համարէր մանաւանդ հետաքրքրական գիրք մը, հաճոյք ընծայող անսպառ աղբիւր մը:

Բառարանի մը վրայ հակելով հոգին զուարթացնելու իրողութիւնը` այդ գրողին յատուկ պարագայ մը չէ հաւանաբար, անոր զգացած ապրումը շատերուն մօտ կրկնուած, կրկնուո՛ղ ապրում է, բառարանը անշունչ իր չէ, կենդանութիւն պարգեւող գործ է:

Եւ ի՜նչ բարեբախտութիւն, որ բառարանի մշակոյթով աղքատ ազգերէն չենք, կը գտնուինք պատուաւոր բարձունքի մը վրայ, համեստ երախտաւորներուն կարգին` հաշուելով քանի մը հսկաներ ասպարէզին մէջ:

Հայաստանի մէջ հսկայական աշխատանք մը կը տանին այս ուղղութեամբ մէկ կողմէն հրատարակելով հիներուն աշխատութիւնները եւ միւս կողմէն` անոնց վրայ գումարելով նորերուն ներդրումը:

Բառարաններու մշակոյթով աղքատ չենք նոյնպէս սփիւռքի մէջ եւ այդ ճիւղին մէկ գեղեցիկ յաւելումը կը հանդիսանայ անտարակոյս ա՛յն գործը, որ Տօնիկեան հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ եւ աշխատակցութեամբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, Հրանդ Գանգրունիի եւ Փարամազ Կ. Տօնիկեանի իրագործուեցաւ անցեալ տարի եւ ընծայուեցաւ մեզի:

Իրաւամբ, ինչպէս կը վկայէ քովի սիւնակին վրայ արտագրուած անոր յառաջաբանը, կազմողները ճիգ չեն խնայած պահանջուած բծախնդրութեամբ, գուրգուրանքով ու պատասխանատուութեամբ մօտենալու համար գործին եւ ստացուած է ինն հարիւրէ աւելի էջ հաշուող, վստահութիւն ներշնչող, մաքուր ու ակնահաճոյ բառարան մը:

Մեր կարծիքով, Տէր Խաչատուրեանի, Գանգրունիի եւ Տօնիկեանի միացեալ ջանքերով գլուխ բերուած այս գործին միակ թերութիւնը, կամ` մե՛ր կռահած միակ թերութիւնը, հայ գրականութեան գլուխ-գործոցները իբրեւ աղբիւր նկատի չունենալու խոցելի կէտն է: Կարելի՞ է ըմբռնել այսօր բառարան մը, որ չկարենայ Վարուժանի, Մեծարենցի կամ միւս մեծերուն դժուարիմաց բառերուն վրայ ուղղակիօրէն լոյս սփռել: Վարուժանի եւ Մեծարենցի գործերէն առնուած քովի բառերը եւ ուրիշներ չկան յիշեալ բառարանին մէջ, եւ ասիկա ներելի թերութիւն մը չէ:

Կրնան այս բառերը անգործածելի թուիլ այսօր, բայց ատիկա բնաւ պատճառ մը չէ, որ ուշադրութենէ վրիպին: Մեծերուն կողմէ մէկ անգամ գործածուած ըլլալու հանգամանքը պէտք է բաւէր, որ նոր բառարանը կազմողները յարգանքով վարուէին անոնց հետ: Այն ատեն, վստահաբար, «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ը աւելի լաւ պիտի ծառայէր սովորական բառարանէ մը հեռու մնալու իր գեղեցիկ առաջադրանքին:

Պ. Ս.

Յառաջաբան

Այս բառարանը պատրաստելու մեր նախաձեռնութիւնը թելադրուած է հիմնական երկու մտահոգութիւններէ.

1) Գործնական բառարանի մը կազմումը` ճշգրիտ եւ հասկնալի բացատրութիւններով` որմէ առաւելագոյն չափով օգտուի հայ ընթերցողը: Կասկածէ վեր է բառարանի մը նպաստը հայ լեզուի իւրացման եւ ատով հայ լեզուն պահելու մեր ճիգին մէջ:

2) Մեր կեանքը յարափոփոխ ընթացքի մէջ է, եւ օրէ օր անպակաս են նոր բառեր` այդ փոփոխութիւնները բնորոշող: Ահաւասիկ այդ հեռանկարով ալ պատրաստած ենք այս բառարանը, որ կարելի հարազատութեամբ ցոլացնէ մեր լեզուին մէջ յառաջացած նոր բառերը:

Հիմնականօրէն այս բառարանը նկատի ունի ներկայ արեւմտահայ աշխարհաբարը. սակայն հոն կարելի է գտնել նաեւ գրաբարի, միջին հայերէնի եւ մեր գաւառաբարբառներու այն բառերը, որոնք մուտք գործած են մեր ներկայ աշխարհաբարին մէջ եւ անհրաժեշտ են տուեալ ժողովուրդի մը կեանքին այլազան երեսները արտայայտելու համար:

Ամբողջական չէր կրնար ըլլալ առձեռն բառարան մը իր ներկայ ծաւալին մէջ եւ չէր կրնար բովանդակել հայոց լեզուի հարիւր հազարաւոր բառերը: Ինչ որ սակայն մեզի բաւարարութիւն կը պատճառէ` ներկայ հայերէնին մէջ գործածական եղող հիմնական բառերուն գտնուիլն է սոյն գործին մէջ:

Անհրաժեշտ կը նկատենք տալ ուղեցոյց մը` բառարանին օգտագործումը դիւրացնելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար.

  1. Ջանացած ենք կարելիութեան սահմանին մէջ տալ բառերուն ճշգրիտ սահմանումները, որքան ալ տաժանելի ըլլայ այդ աշխատանքը: Բառի մը իմաստը կամ սահմանումը որոնելու ատեն պէտք է նայիլ նոյն բառի ածականին, բային եւ գոյականին, որովհետեւ շատ յաճախ խուսափած ենք կրկնութիւններէ եւ միայն մէկուն պարագային տուած ենք սահմանումը: Այդ կատարած ենք սկիզբը եւ բառը իր հոմանիշներէն զատած ենք միջակէտով մը:
  2. Անհրաժեշտ նկատած ենք տալ բայերուն եւ գոյականներուն արմատները. զանց ըրած ենք, երբ արմատը դիւրահասկնալի է:
  3. Բառերու բացատրութիւններէն ետք, անհրաժեշտ պարագային յիշած ենք օտար բառերը` աւելի դիւրացնելու համար այդ բառին իմաստի ըմբռնումը:
  4. Բառարանը նկատած ենք սրբութիւն մը եւ ճշգրտութեան ու ճշմարտութեան ցոլարան մը, որուն կը դիմեն ընթերցողն ու ուսանողը` իրենց անծանօթ բառերուն իմաստը գտնելու համար: Այս հեռանկարով աշխատած ենք, որ ո՛չ միայն ինք զերծ ըլլայ սխալներէ, այլ նաեւ չցոլացնէ այն վրէպներն ու սխալները, որոնք կը յամենան մեր լեզուին մէջ եւ կարծէք քաղաքացիական իրաւունք ձեռք ձգած են. օրինակ` խուսափած ենք ղխ գիրերու միասին գործածութենէն եւ գրած ենք բխիլ, բախիլ, քան թէ` բաղխիլ: Մեր լեզուին մէջ (ե՛ւ խօսակցական, ե՛ւ գրական) սպրդած եւ շփոթ ստեղծած սխալներու շուրջ ճշդումներ կատարած ենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ բառարան մը միայն բառագանձ չէ, այլ նաեւ` ուղեցոյց մը, այլ բառով` դասագիրք մը (այս կերպով դուրս գալով բառարանի ընկալեալ ըմբռնումէն եւ ուղիԷն եւ սակայն անոր տալով իրաւ խորհրդատուի կամ ուղեցոյցի հանգամանք):
  5. Նախադասութիւններ կամ առանձին բառեր իբրեւ օրինակ յիշած ենք ա՛յն պարագային միայն, երբ բառի մը տրուած իմաստը կրնայ դժուար ըմբռնելի ըլլալ ընթերցողին:

Մեր պարտքն ու իրաւունքն ենք նկատած դիմել եւ օգտագործել գոյութիւն ունեցող բառարանները, որոնց մէկ ամբողջական ցանկը կը ներկայացնենք «Օգտագործուած աղբիւրներ» վերնագիրին տակ: Այդ աղբիւրներէն զատ` դիմած ենք մասնագէտ անձերու` կրօնական, գիտական, հոգեբանական, քաղաքական կարգ մը բառերու սահմանումի ատեն` բառարանին աւելի ճշգրտութիւն տալու նպատակով:

Այս բոլորին հետ գոհունակութիւնը ունինք համեստ ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու հայ ընթերցողին` անոր տրամադրութեան տակ դնելով գործնական հայոց լեզուի նոր բառարան մը:

ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Բառեր` Վարուժանէն
Եւ Մեծարենցէն

Ահիպարան.- ահեղ պարանոցով, խրոխտ
Անթրոց.- թոնիրի կրակը խառնելու ձող
Ապաժուժ.- թափուած արիւն, արիւնահոսութիւն
Աշտէ.- տէգ, երկար կոթով նիզակ
Ամբուռք.- հովու ուժեղ թափ, փոթորիկ
Արտալած.- հալածուած, դուրս քշուած
Արդընկէց.- գեղարդ արձակող, նետող
Գուն.- ծունկ
Դահանակ.- կանաչ կամ դեղին գոյնի թանկագին քար
Խեփոր.- խեցեմորթներու պատեանը
Յափափում.- յափշտակութիւն, առեւանգում
Հեռատուկ.- անպատկառ, անամօթ, պոռնիկ
Ալուցք.- խորութիւն
Սամսարող.- կոտրտուող
Վարատական.- հալածական, դուրս քշուած
Նատիր.- զենիթին հակադիր կողմը
Նիմփարան.- արձանազարդ, աղբիւրներով ու աւազաններով զարդարուած վայր
Աղփուն.- տկար
Ընթադրել.- կոխոտել

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճ. Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?