ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այսօր ձեր գործերը պիտի բազմապատկուին, եւ դուք յոգնութիւն պիտի զգաք: Ձեր գործերը աւարտելէ ետք պէտք է հանգիստի ժամանակ տրամադրէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Զգացական լուր մը կը հանգստացնէ եւ կը թարմացնէ ձեր միտքը: Ընտանեկան ջերմ հանդիպումներով պիտի զուարճանաք եւ հաճելի պահեր ապրիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Աշխատանքը ձեզ երջանիկ կը դարձնէ, բայց մինակ աշխատելու փոխարէն` փորձեցէք աշխատիլ խումբի մէջ: Սիրով եւ յարգանքով վարուեցէք ձեր շրջապատին հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր առողջական բարդ վիճակը պիտի բարելաւուի ժամանակի ընթացքին: Այս օրերուն ծուլութիւնը կը պարուրէ ձեզ: Պիտի հրաժարիք ճամբորդութենէ մը կամ այցելութենէ մը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հանդիպում մը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Ընտրութիւններու դիմաց պիտի գտնուիք եւ երկմտիք: Բծախնդիր եղէք ձեր գործին մէջ, որպէզի յաջողութիւն գտնէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այսօր յարմար առիթ է անձնական եւ ընտանեկան վէճեր լուծելու: Պարտաւոր էք ժամանակ տրամադրելու ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ անոնց պէտքերը հոգալու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Նիւթական հարցի մը շուրջ մտածելու շատ ժամանակ պիտի տրամադրէք: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ տրուելիք որոշումի մը պատճառով:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Բարի լուրեր ձեզ պիտի ուրախացնեն: Առինքնող եւ հմայիչ տեսք մը պիտի ունենաք: Ուշադիր եղէք նախանձոտ մարդոցմէ: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ճիշդ քայլեր առնելով` պիտի յաջողիք ձեր փափաքները իրականացնել: Հարազատ մնացէք ձեր որդեգրած սկզբունքներուն եւ կեցուածքին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի շրջապատուիք ձեր սիրելիին գուրգուրանքով, բայց նիւթական հարց մը պիտի խանգարէ ձեր անդորրութիւնը եւ տրամադրութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի ընկերակցիք դժուար վիճակի մէջ գտնուող որոշ անձերու: Բարի սկիզբ մըն է ձեզի համար: Նոր ծանօթութիւն մը պիտի ունենաք եւ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք անոր հետ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեզի պիտի զօրակցին ձեր ընկերներն ու բարեկամները: Ստիպուած պիտի ըլլաք յետաձգելու երկար սպասուած ժամադրութիւն մը: