Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1969)

Յուլիս 6, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
8-րդ Անգամ Ըլլալով
ՀՄԸՄ Լիբանանի Ախոյեան

ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակին առիթով, ֆութպոլի խումբը երէկ սքանչելի նուէր մը ըրաւ իր միութեան: Յուսահատիլ չգիտցող այս տղաքը երէկ 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացան Լիբանանի ախոյեանութեան` անսահման ուրախութիւն պատճառելով ՀՄԸՄ-ի բազմահազար համակիրներուն եւ ժողովրդային լայն զանգուածներուն, որոնք ախոյեանութեան մրցումներուն սկիզբէն ի վեր հեւ ի հեւ կը հետեւէին այս մրցաշարքի ելեւէջներուն:

Լիբանանի ֆութպոլի պատմութեան մէջ գուցէ առաջին անգամ ըլլալով` սըսփենսը շարունակուեցաւ մինչեւ վերջին վայրկեանը: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի ախոյեանութիւնը կախում ունէր որքան Մազրաայի դէմ արձանագրելիք իր յաղթանակէն, նոյնքան եւ անհամեմատօրէն աւելի` Ռասինկ-Անսար մրցումին արդիւնքէն:

Վերջին այս, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր հաւաքուած էր խուռներամ բազմութիւն մը: Միւս դաշտերը, ուր կը կատարուէին այլ մրցումներ, գրեթէ պարապ էին: Ամէն ոք կը սպասէր Ռասնիկ-Անսար ճակատումի արդիւնքին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին եւ Մարզական աւանին միջեւ, ուր տեղի կ՛ունենար ՀՄԸՄ-Մազրաա մրցումը, հաստատուած էր հեռաձայնային մնայուն հաղորդակցութիւն մը, որուն շնորհիւ` ախոյեանութեան երկու թեկնածուները` ՀՄԸՄ եւ Ռասինկ, վայրկեանը վայրկեանին տեղեակ կ՛ըլլային փոխադարձ արդիւնքներուն:

Ռասինկ-Անսար մրցումը սկսաւ ելեկտրականացած մթնոլորտի մէջ` իրաւարարութեամբ Աթէֆ Սընանի, որուն նշանակման դէմ եղած բողոքի բոլոր արտայայտութիւնները ի դերեւ ելած էին:

Խաղին 10-րդ վայրկեանին Անսարի խաղացողներէն Քարմիր վիրաւորուեցաւ: Անսար 50 վայրկեան խաղաց 10 հոգիով: Վիրաւորը հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, բայց մրցումին աւարտէն 15 վայրկեան առաջ` մարզական սքանչելի ոգիով մը վերադարձաւ դաշտ:

43-րդ վայրկեանին, Ռասինկ նշանակեց կէտ մը` Օմար Թահայի միջոցով: Մինչ այդ Մարզական Աւանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ արձանագրած էր 3 կէտ:

Երկրորդ կիսախաղին Անսար ցոյց տուաւ աւելի կազմակերպուած խաղարկութիւն մը, բայց փախցուց բազմաթիւ առիթներ:

Վայրկեանները արագօրէն կը սահէին, եւ Ռասինկ հետզհետէ կը մօտենար տիտղոսին, որուն տիրացման համար այնքան ջանք թափած էր…

Հանդիսականները, մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի համակիրները տխրութեամբ կը հետեւէին խաղին վերջին փուլերուն, երբ պատահեցաւ անսպասելին: Անսարի խաղացողներէն Ատնան Շարքի 25 մեթրէն սարսափելի հարուածով մը պարտութեան մատնեց Ռասինկի բերդապահը:

Ժողովուրդը շշմած էր, շշմած էին նաեւ Ռասինկի մարզիկները, որոնք, տեղեակ ՀՄԸՄ-Մազրաա խաղին արդիւնքէն (5-0), զգալով, որ մետասաներորդ պահուն ախոյեանութիւնը կը խուսափի իրենցմէ, գրոհի անցան, բայց Անսարի յետսապահները պողպատի պէս դիմացան, եւ մրցումը աւարտեցաւ հաւասար արդիւնքով:

Աննկարագրելի տեսարան մը պարզուեցաւ դաշտին մէջ եւ թրիւպիւններուն վրայ: Երբ ժողովուրդը միաբերան «Անսար, Անսար» կը պոռար, Ռասինկի մարզիկներէն շատեր գետին ինկան իրենց դառնութիւնը լալու համար: Փոխարէնը` ուրախութեան արցունքներ լեցուցած էին աչքերը հայ հանդիսականներուն, որոնք իրենց սիրելի խումբին ախոյեանութիւնը կ՛ողջունէին սրտազեղ ողջագուրումներով:

Ամէն բան վերջացած էր: Վարագոյրը իջած էր Լիբանանի 1968-1969-ի ախոյեանութեան վրայ` նուիրագործելով յաղթանակը խումբի մը, որ իր մարզական ոգիով, ներդաշնակ խաղարկութեամբ եւ մանաւանդ տոկունութեամբ ու յարատեւ աշխատանքով կը տիրանար արդար տիտղոսի մը` ի մեծ ցնծութիւն իր ժողովուրդին:

Այս առթիւ մեր շնորհաւորութիւնները կ՛երթան որքան ՀՄԸՄ-ի սքանչելի տղոց, նոյնքան նաեւ` Անսարի ֆութպոլիստներուն, որոնք, հակառակ անոր որ ոչ մէկ կերպով շահագրգռուած էին, հաւատարիմ մնացին իրենց մարզիկի երդումին եւ տուին մարզական ոգիի սքանչելի դաս մը, որ անմոռանալի պիտի մնայ Լիբանանի մարզական տարեգրութեան մէջ:

Միւս մրցումները տուին հետեւեալ արդիւնքները. ՀՄՄ յաղթեց Սալամի (3-0, ի բացակայութեան), Նըժմէ յաղթեց Իսթիքլալի (1-0):

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. 9,7 Միլիառ Մարդ Արարած

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?