ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր գործին վերաբերող մանրամասնութիւնները զանց մի՛ ընէք: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք նախքան որեւէ քայլի դիմելը: Պահանջկոտ շրջան մը պիտի ապրիք ձեր պատասխանատուութիւններուն պատճառով:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Թոյլ մի՛ տաք, որ հարցերը բարդանան եւ վիճաբանութիւններ ծագին ձեր եւ ձեր գործընկերներուն միջեւ: Ձեր ապագային կապուած որոշումներ պիտի տաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք ու մի՛ թերանաք ձեր ընտանեկան պարտականութիւններուն մէջ: Յոգնութիւն պիտի զգաք ձեր բազմազբաղուածութեան պատճառով, հանգիստ ըրէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձախողութեան պարագային, բնաւ մի՛ յուսահատիք, այլ կրկին փորձեցէք, մինչեւ որ արձանագրէք գոհացուցիչ արդիւնք: Բթամիտ մարդոց հետ գործ մի՛ ունենաք, որպէսզի ձեր կեանքը չդժուարանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Դասաւորեցէք ձեր աշխատանքային եւ տնային պարտականութիւնները: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր զաւակներուն եւ կողակիցին: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Լուծումներ պիտի գտնէք ձեր ընկերներուն հետ ունեցած զրոյցի եւ քննարկումներուն ընթացքին: Համագումարի մը մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանաք: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր մուրհակները լաւ դասաւորեցէք, որպէսզի սխալմունք տեղի չունենայ: Ճշդապահ եղէք ու մի՛ գանգատիք երեւոյթներէն: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր փափաքած արդիւնքը ձեռք պիտի ձգէք շնորհիւ ձեր յամառ աշխատանքին: Լուր մը պիտի ստանաք եւ շատ պիտի ուրախանաք: Ինքնավստահօրէն յառաջ պիտի երթաք եւ նոր էջ մը պիտի բանաք ձեր կեանքին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք այս օրերուն, որովհետեւ բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Ձեր գործերը պիտի ուշանան, եւ դուք պիտի մեղադրուիք: Ձեր աշխատանքային զբաղուածութիւնը որոշ ժամանակ մը պիտի հեռացնէ ձեզ ձեր սիրելիէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մինակ մի՛ մնաք, այլ մասնակցեցէք խմբային աշխատանքներու: Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք: Մինակ մի՛ կայացնէք ճակատագրական որոշումներ, ձեր հարազատներուն կարծիքն ալ հարցուցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ դիմէք վիճաբանութեան, երբ անհասկցողութիւն տեղի ունենայ ձեր եւ ձեր ծանօթներուն միջեւ: Պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը եւ աշխատեցէք տրամաբանական լուծումներ գտնել ձեր հարցերուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նոր դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Յաջող արդիւնքներ պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: