Ուսման Մրցադաշտին Վրայ
Համալսարանական ուսանող մը, որ հայ անունին եւ հայ արժէքներուն հանդէպ նոյնքան մեծ շահագրգռութիւն ունի, որքան` իր դասերուն, առիթով մը կ՛ըսէ ինծի.
– Հայ ուսանողներս համալսարանի զանազան ճիւղերուն մէջ նախկին փայլը եւ գերազանցութիւնը չունինք այլեւս: Կը պատահին անշուշտ մէկ-երկու «գերազանցիկ» հայեր ալ, բայց ընդհանուր առումով օտարները տիրապետող են:
Խօսակիցիս հետ միասին փնտռեցինք այս երեւոյթին պատճառները, հարցը քննեցինք իր զանազան երեսներով, բայց յստակ եզրակացութիւններու չկրցանք յանգիլ:
Կար ատեն մը, 25-30 տարիներ առաջ, երբ հայ ուսանողը իր ճիւղին մէջ առաջին տեղերը ուրիշին չէր զիջեր երբեք: Անուն ունէին մեր տղաքը` իբրեւ օժտուած, ուշիմ եւ աշխատասէր: Պատուոյ տախտակներուն վրայէն վար չէր իջներ անոնց անունը: Ի՞նչ եղաւ յանկարծ քառորդ դարու ընթացքին. ինչո՞ւ այս նահանջը: Մե՞նք ետ գացինք արդեօք, թէ ուրիշներ մեծ ոստում կատարեցին:
Արդար ըլլալու համար աւելցնենք անմիջապէս, թէ հայ ուսանողը ընդհանուր առմամբ դարձեալ լաւ է: Իր ձեռք բերած արդիւնքները ոչ միայն ամօթ չեն պատճառեր, այլ երես ալ կը ճերմկցնեն: Այսուհանդերձ, կը պնդէր ուսանող բարեկամս սրտցաւութեամբ, նախկինը չենք: Մրցադաշտին վրայ մեզմէ առաջ անցնողներ շատ կան:
Ժամանակին մեր տղաքը կ՛ուսանէին չափազանց նեղ պայմաններու մէջ: Գաղթականի զաւակ կամ բոլորովին աննեցուկ որբեր` անոնք նիւթական ծանր դժուարութիւններ ստիպուած էին յաղթահարել ուսանելու համար: Դպրոց կ՛երթային կէս կուշտ, կէս անօթի, գիրք գնելու դրամ չունէին յաճախ եւ իրենց դասերը ստիպուած էին պատրաստելու հոս ու հոն, գրադարաններու մէջ, պարտէզի ծառերուն տակ, որովհետեւ իրենց կը պակսէին սենեակի եւ լոյսի տարրական յարմարութիւնները: Այդպէս ըլլալով հանդերձ, անոնք կը խլէին դասարաններու առաջնութեան դափնիները: Այս մասին վէճ չկայ: Հարցուցէք հին աւարտականներուն, եւ անոնք պիտի վկայեն ձեզի այս ճշմարտութիւնը:
Մեր ազգային ընդունակութիւններու տեսակէտէն չափազանց մխիթարական եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ մըն էր հայ ուսանողին բացառիկ յաջողութիւնը օտար հաստատութիւններէ ներս: Մեր ջարդուած ու տառապած ցեղին զաւակները իրենց գերազանցութեամբ կարծես վրէժ կը լուծէին կեանքէն ու չար ուժերէն:
Ի՞նչ եղաւ յանկարծ: Ինչո՞ւ ետ գացինք, եթէ ճիշդ է այս բացատրութիւնը:
Ամէնէն ընթացիկ պատճառաբանութիւնը, որ կը տրուի երեւոյթը մեկնաբանելու համար, հետեւեալն է.
Մեր նոր երիտասարդները հոգեբանօրէն պատրաստ չեն այն լարումին, որ անհրաժեշտ է դափնիներ խլելու համար: Հայ ընտանիքներու ներկայ բարեկեցիկ կեանքը, տղոց ընծայուած խնամքն ու լաւագոյն պայմանները որոշ թուլացում եւ մեղկացում առաջ կը բերեն այժմ հայ ուսանողի ճիգին ու կամքին մէջ: Հայ տղան պէտք չունի այլեւս ճանկռտելով, արիւնելով եւ անդադար պայքարելով տեղ հասնելու: Կռնակը ամուր է, որովհետեւ հայր մը կայ կեցած կամ առնուազն տաքուկ օճախ մը ունի զինք հիւրընկալող: Եւ յետոյ` չմոռնանք, որ հաճոյքի ժամանակաշրջան մը կ՛ապրինք: Պար, ճազ, ինքնաշարժ, շարժանկար եւ այլ բազում փորձութիւնք: 18-19 տարեկան հայ տղան կ՛ապրի այն կիրքերով եւ ձգտումներով, որոնք նորագոյն ժամանակները կը յատկանշեն: Եւ բնականաբար այս ամէնը խորապէս կ՛ազդեն անոր աշխատանքի եռանդին եւ մտքերու կեդրոնացումին վրայ:
Առաջ զրկանքը խթան կը հանդիսանար հոգեկան ուժերու լարումին: Ներկայիս բարեկեցութիւնը հակառակ արդիւնքը կու տայ:
Ճշմարտութեան խոշոր բաժին մը կայ հարկաւ այս բացատրութեան մէջ: Ժամանակներու, շրջապատի եւ բարքերու անխուսափելի ներգործութիւն: Սակայն միա՞կ պատճառն է արդեօք ասիկա:
Կը թուի, թէ միակը չէ: Սխալ պիտի ըլլար նկատի չառնել ընդհանուր ուսանողութեան թուական համեմատութիւնը, որ մեծ դեր կը խաղայ: Այսօր համալսարաններու մէջ ուսանողներուն թիւը բազմապատկուած է: Որքան ալ հայ տղոց թիւն ալ աւելցած ըլլայ, չի հասնիր նախկին հաւասարակշռութեան: Բնական է, որ քանակական գերազանցութիւնը ստեղծէ նաեւ որակի առաւելութիւն: Տասի դէմ մէկ հայ ուսանող ստիպուած է ճակատիլ:
Միւս կողմէ` պարտաւոր ենք հաշուի առնելու նաեւ այն պարագան, որ անցնող կէս դարու ընթացքին մեզ շրջապատող ժողովուրդները մեծապէս յառաջդիմեցին ուսման եւ գիտութեան մէջ: Դպրոցներու ցանցեր հաստատուեցան արաբական գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ, ուրկէ ընտրուած ուսանողներ կը ղրկուին Պէյրութի համալսարանները, պետական թոշակներով:
Որով հայ ուսանողը թէ՛ պիտի մրցի գերազանց թիւի մը դէմ եւ թէ՛ պիտի պայքարի ժամանակի եւ միջավայրի փորձութեանց դէմ:
Բացատրելը չի բաւեր տուեալ երեւոյթի մը դարման հասցնելու համար: Նախ անհրաժեշտ է մատնանշել ցաւը, ապա` բուժել զայն:
Արդ, կրնա՞նք որեւէ ձեւով բարելաւել հայ տղոց արդիւնքները` արտաքին միջամտութիւններով: Ո՛չ անշուշտ: Բայց իրողութիւնը ընդունիլն ու այդ մասին մտածելն ալ դրական քայլ մը կարելի է համարել:
Հայ ծնողքը, հայ դաստիարակները եւ հայ կազմակերպութիւնները առաջին հերթին հիմնական պատասխանատուութիւնը ունին` նոր սերունդին ներշնչած իրենց ոգիով եւ գաղափարաբանութեամբ:
Մեր տղաքը պէտք չէ ետ մնան ուսման մրցադաշտին վրայ:
Մ. ԻՇԽԱՆ
«Քնար» Երգի-Պարի Խումբին
Փայլուն Ելոյթը
Ամէն անգամ, երբ գեղարուեստական յաջող ձեռնարկի մը ներկայ կը գտնուինք, հաճոյքով կը դիտենք ներկայացուած արուեստը, խանդավառ ծափերով կը գնահատենք դերակատարները, անոնց յայտնաբերած արժանիքները օրերով խօսակցութեան նիւթ կը դառնան, կը գրենք անոնց մասին, յատուկ գնահատանքի կ՛արժանանան նաեւ դերուսոյցներն ու խմբավարները:
Սակայն յաճախ կը մոռնանք գնահատանքի երկու տող արձանագրելու բոլոր անոնց, որոնց տքնաջան աշխատանքին կը պարտինք նման ձեռնարկներու յաջողութիւնը:
Նուիրեալներու փաղանգ մը կը կազմեն անոնք, ամէնուրեք, մեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ:
Համեստ են անոնք, գնահատանք չեն փնտռեր, փառասէր չեն, սիրով յանձն կ՛առնեն ամէն սեւ աշխատանք. ժողովներ գումարել, դերակատարները տեսնել, համոզել, փորձի ժամերը յարմարցնել. տակաւի՛ն, տոմսերու տաղտուկ, հոս-հոն վազել, սակարկել, բեմայարդարում եւ այլն, եւ այլն:
Անոնք կան, կը մնան, միշտ պատնէշի վրայ են, եթէ հարկ ըլլայ ամէն ինչ սկիզբէն վերսկսելու յօժար, ի գին մեծ զոհողութիւններու, եւ այս` միա՛յն արուեստի համար: Հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման նուիրեալ սպասարկուներն են անոնք:
Համազգայինի «Քնար» երգի պարի ելոյթներուն առիթով անվերապահ գնահատանքի գիր մը արձանագրուած թող ըլլայ յատկապէս Համազգայինի բոլոր վարչականներուն, անոնց գործակցող անդամներուն եւ ի մասնաւորի անոնց, որոնք իրենց անունին կապուած գործունէութեան երկարամեայ վաստակ մը ունին:
Ահա այս նուիրեալներուն ամիսներու յոգնեցուցիչ աշխատանքին արդիւնքը եղաւ «Քնար» երգի-պարի խումբին թարմ ուժերով վերակազմութիւնը:
Արդարեւ, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, յաջորդաբար, երեք ելոյթներով, ուրբաթ 20, շաբաթ 21 եւ կիրակի 22 յունիս, խումբը իր ճոխ յայտագրով փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց:
Գեղարուեստասէր հասարակութիւնը իր խուռներամ ներկայութեամբ, յատկապէս` երկրորդ եւ երրորդ ելոյթներուն, երգի-պարի առթած վայելքը ապրեցաւ:
Յայտագրի առաջին մասին ելոյթ ունեցաւ 43 հոգինոց երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի: Լիբանանի ազգային քայլերգէն ետք, հաճելի ունկնդրութիւն մը եղաւ կոմիտասեան երգերու շարքը: Խումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ յայտագրի երկրորդ բաժնին մէջ, ժողովրդական երգերով, երբեմն` նուագախումբի ընկերակցութեամբ: Մեներգողներ` Յասմիկ Քեչեճեան, Գրիգոր Ստամպոլեան եւ Կարպիս Պալաղամեան:
Յայտագրի երկրորդ մասին նուագն ու պարը ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ: Յատկապէս երիտասարդ ուժերով կազմուած 22 հոգինոց երկսեռ պարախումբը իր ճկուն ու ներդաշնակ կատարումներով մասնաւոր փայլ մը տուաւ երեկոյթին: Հագուստները ճաշակաւոր էին, ճոխ ու գրաւիչ գոյներով:
Հայկական պար, հովիւներու պար, նազպար, Տարօն աշխարհ, շալախօ, արաբական պար եւ ռուսական պար` բոլորն ալ իրենց աշխուժ կատարումով եւ մեկնաբանութեան նոր ոճով հոյակապ էին, բուռն թափեր խլեցին: Ուշագրաւ էին նաեւ մենապարողները` Շուշիկ Գոնեալեան, Թագուհի Շիրեան եւ Գրիգոր Ժորժեան, Կարօ Խոստեղեան, Լեւոն Աբգարեան եւ Աւետիս Շիրեան:
Բացառիկ գնահատանքի արժանի է պարախումբի դերուսոյց ղեկավար Ժիրայր Եագուպեան:
Ալեքսան Մնակեանի ղեկավարութեամբ, հայ եւ տեղացի նուագածուներէ կազմուած նուագախումբը իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ ելոյթի յաջողութեան մէջ:
Յարմար առիթով պէտք է կրկնել այս ձեռնարկը: Ժողովուրդին սրտին խօսող ձեռնարկներէն պէտք չէ զրկել ժողովուրդը: Երեք ելոյթները անբաւարար էին: Զրկուածները շատ են:
ՀՐԱԶԴԱՆ