ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Քննութեան պիտի մասնակցիք եւ լաւ արդիւնք պիտի արձանագրէք: Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Անձնական եւ նիւթական հարցեր պիտի յաջողիք լուծել:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ տրամադրութիւնը: Դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն: Ձեր ծրագիրները պիտի յաջողցնէք եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Բացասական ազդեցութիւններուն ուշադիր եղէք: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Ձեր գործերը պիտի ձգձգուին, եւ դուք յուսախաբութիւն պիտի ապրիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր յարաբերութիւնները զարգացում պիտի ապրին: Արդիւնաբեր եւ աշխուժ աշխատանքային շրջան մըն է: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Դժուար շրջան մըն է, բայց մի՛ յուսահատիք: Ժամանակի ընթացքին ձեր հարցերը պիտի լուծուին, եւ ձեր նպատակները իրագործուին:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Տարբեր նիւթերու մասին քննարկումներու պիտի մասնակցիք եւ համարձակօրէն ձեր կարծիքը պիտի արտայայտէք: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան, եւ դուք աւելի հմայիչ պիտի դառնաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ձեր գործերը չուշանան: Նոր պարտականութիւն մը պիտի ստանձնէք: Առողջական հարցով մը պիտի զբաղիք: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր հանգիստին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Զայրոյթի եւ ջղայնութեան զոհ մի՛ դառնաք: Առիթ պիտի տրուի ձեզի, որ ձեր խնդիրները լուծէք: Ուրախ լուրեր պիտի ստանաք եւ նոր ծանօթութիւններ պիտի մշակէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի մտահոգուիք ձեր մէկ սիրելիին հարցով: Նկատի առէք ձեր ընկերներուն նիւթական եւ ընկերային պայմանները` նախքան անոնց մասին կարծիք կազմելը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր շուրջը գտնուող նախանձոտ մարդիկ պիտի փորձեն նեղութիւն պատճառել ձեզի: Դուք ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ եւ ճարպիկութեամբ դուրս եկէք հարցերէն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դրամատնային ձեր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկեցէք: Բազմապատկեցէք ձեր աշխատանքային ժամերը, որպէսզի շաբթուան աւարտին ամբողջացնէք ձեզի վստահուած բոլոր գործերը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր գործերը յաջող ընթացք պիտի ունենան: Ձեր բոլոր ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները սերտեցէք, որպէսզի կանխէք բոլոր դժուարութիւնները: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք:
