Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Եւ …. Շատ «Բաներ»…

Յունիս 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս ամառ ալ որոշած եմ արձակուրդս անցընել հայրենիքիս մէջ: Ծրագրած եմ արդէն: Հայաստան պիտի երթամ, շաբաթներու համրանքով:

Արդէն իսկ, մանուկի նման, խանդավառ եմ: Կը զգամ: Թերեւս ուրիշներ չեն զգար բնոյթը այս բառին: Ու գաղտնիք մը չէ, երբ յայտնեմ, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր անոր արմատները ներսս էին, հոգիիս մէջ: Արմատներ, որոնք ցանուած էին ծնողքիս ու ծննդավայրիս կողմէ, եւ որոնք միեւնոյն ատեն ցեղիս կեանքը կը բնորոշէին: Անոր համար, միշտ կարօտը սրտիս, երազած էի այցելել:

Իսկ հիմա` այս օրերուն, ահա կրկին ստեղծած էի պատեհութիւնը: Ներքին ձայն մը արդէն սկսած էր առաջնորդել զիս, պարզ, խոր, նուրբ եւ նոյնքան ալ` աւանդական: Պիտի երթամ եւ անպայման կրկին անգամ դիտելու Արարատի անբացատրելի հմայքը, հարուստ եւ անհրաժեշտ ներաշխարհովս: Եւ տակաւին` նաեւ վայելելու անշպար գեղեցկութիւնը հայրենիքիս ու մեր Երեւանին: Ծրագրած եմ արդէն: Հոն դարձեալ պիտի ուզէի միշտ հանդիպիլ հին ու նոր բարեկամներուս, ինծի ծանօթ հայրենի կրթական մշակներու, ծննդավայրէս` նախկին աշակերտներուս, հայրենակիցներուս, նոյնիսկ դրացիներուս: Անբացատրելի հոգեկան վայելք: Կեանքս կրկին պիտի լեցուէր վերապրելու կամքով:  Անհամբեր եմ: Կարծես` յուշերս արդէն սկսած են տրոփել միտքս: Չեմ ուզեր, որ երազներս լռեն: Նոյնիսկ անկարելի է, դժուար է համրել մտածումներս: Այսպէս եմ, ի՞նչ կրնամ ընել: Կ’արդարանամ:

Նոր յայտնութիւններ չեն այս տողերը, որոնք ընդգծելի դարձուցած եմ վճիտ իրողութեամբ:

Սակայն յանկարծ…

– Այս օրերուն ո՞ւր կ՛երթաս… չե՞ս լսեր…- բարեկամներէս մէկուն անակնկալ այս հարցումը եկած էր խանգարելու մտքիս հեզասահ թելերու շարքը: Աւելի՛ն. «նախկին նախագահ, նոր վարչապետ, ճամբաները փակել, դատարան եւ դատաւորներ, կաշառք եւ անարդարութիւն, խախտումներ, ցոյցեր, ճամբաներ փակել» եւ աւելին` «գունաւոր» եզրակացութիւններ` երկար-բարակ բառերու  եւ խօսքերու շարանով շաղախուած ու անօրինակ նախադասութիւններով հրամցուած:

Վայրկեանին շրթներս պինդ բռնած, յօնքերս ալ կուտակուած, ինքզինքս ինքնաբերաբար գտայ կեանքիս ճեղքուած ճամբուն վրայ: Կանգնեցայ լուռ ու մտածկոտ: Շուարած էի:

Թերեւս ճիշդ կամ արդարացի էին այդ բոլոր խօսքերը, որոնք զիս անզգալաբար տարած էին այն եզրակացութեան, թէ ինչպէ՛ս հայրենիքս պիտի գտնէի այս օրերուն: Իրապէս, որ միտքս տակն ու վրայ եղած էր, ու երազներս ալ խառնուած ու պղտորած էին: Մտահոգ էի: Թէեւ շրջապատիս մէջ կը խօսէի, կը խնդայի, կը ծիծաղէի, սակայն ներսս կար, գոյութիւն ունէր ներքին կշռոյթ մը, որ սրտատրոփ կ՛արձագանգէր:

Ուստի, ուզեցի այս անգամ ալ գրիչիս բերանը ազատ պահել մտքիս բացուած հորիզոններուն դիմաց:

***

Արդ, ատկէ ետք, կը զգայի, որ միտքս ուրիշ «բան» մըն էր, որ կը փնտռէր: Անանուն եւ անօրինակ: Եւ ինքնաբերաբար օրուան լուրերուն աւելի մօտէն սկսած էի հետեւիլ:

Ճիշդ էր, որ մեր Հայաստանը ուրիշներուն «Արմինիա»-ն էր, կ՛ըսէի մտովի ու հոն, այդ տարածքին վրայ, քառորդ դարէ ի վեր ազատ եւ անկախ իր գոյութիւն ունէր, կը շնչէր, բայց կարծես հիմա, այս օրերուն, կրկին ներքին խառնակ վիճակ մըն էր, որ կ՛ապրէր: Ու միւս կողմէ, ինչպէս միշտ, տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս դարձեալ աշխարհը բաց աչքերով է, որ զինք կը դիտէր: Բայց…

Հաստատ է, որ ներկայիս հոն կայ նոր մտածելակերպ եւ տակաւին ինծի համար յաճախ անհասկնալի ու գաղտնի կեանք: Այս բոլորը աղուոր անկեղծութեամբ կ՛ըսեմ ու կ՛աւելցնեմ. թէեւ հոն հարցեր կան` ժայռերու նման ցցուած, բայց միեւնոյն ատեն հարցերը լուծելու լաւ տրամադրութիւն ալ կայ: Անմեղօրէն կ՛արդարանամ:

Իրականութիւն է, որ մեր երկիրը ներքին փոխանցման դժուարին պահեր կ՛ապրի: Անկասկա՛ծ: Անոր համար բոլորս ալ հակասական եւ անհաւասար տրոփումներ ունինք: Բնական է եւ մարդկային:

Սակայն մի՛ մոռնաք, որ միշտ չենք կրնար լաւի ու վատի նկատմամբ անտարբեր մնալ: Հարցերը միայն լոյսին բերելը լուծում չէ: Էականը անոնց լուծման ձեւն ու ուղին որոշելն է: Տեսնուած է, որ մեր հայրենիքին մէջ երբեմն պատմութեան անիւը ծուռ դարձած է: Ու իբրեւ բնական հետեւանք` արդիւնք` հայ միտքը քալած է աշխարհի բոլոր կողմերը: Ազատօրէն շնչելու: Ապրելու: Գոյատեւելու:

Ու միշտ եւ ամէն առիթով կրկնած եմ, որ նման իրականութեան համար լայնախոհ եւ լայնամիտ մարդոց  համախումբումն է կարեւորը: Ժամանակի դէմ չենք կրնար թիավարել: ժամանակը արագ կ՛անցնի, եւ մենք յաճախ շատ քիչ անգամ կ՛անդրադառնանք անոր անողոք սլացքին: Ուստի ներքին հաւատքին ուժ պէտք է տրուի, կը կրկնեմ բարձրաձայն: Գիտենք, որ հոն մաքուր միտքեր եւ համոզումներ կան, որոնք դարերէ ի վեր խարսխուած են հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատքին վրայ:

Այս օրերուն նոր Հայաստան կը շեփորենք եւ սակայն յաճախ կը մոռնանք հայութեան բոլոր մասնիկներու ներկայութիւնը ապահովելու այս գործընթացին յաջողութեան համար: Այս` հոգեկան հայրենիքի մը ներկայութեան բարոյական յաղթանակին սիրոյն:

Յիշենք: Հայ կեանքը ամէն «բանով» լեցուն է: Սակայն չմոռնանք, որ մեր երկրին կառուցումը կապուած է պարզ հայ մարդուն, անոր կառուցողական ոգիին, հայրենասիրական կորովին:

Ուստի դարձեալ հարց է` ինչպէ՞ս գտնել հայ կեանքի իմաստը, երազի նման, սահուն եւ պարզ: Ինչպէ՞ս գտնել կեանքի ձեւը` իր նոր գոյատեւման իմաստներով օղակուած: Պատասխանը մօտս չէ:

Նոր շրջան մըն է, որ ազգովին կ՛ապրինք: Հինը փուլ կու գայ մեր աչքին առջեւ: Նշմարելի է: Կարծես` անցեալի եւ ապագայի հետ ներքին պայքար մը ունինք: Կը մոռնանք սակայն, որ բոլորս հայեր ենք: Ազատ ծնած ենք եւ կ՛ապրինք: Ուստի ազատ ենք հարց տալու եւ կրկին ու կրկին զայն «հոլովելու»: Պարտաւոր ենք միասին աշխարհին ցոյց տալ մեր ժպտադէմ ու փայլուն ներկան: Անկողմնակալ եւ դրական: Մեր հարցերը ենթագիտակցութենէ գիտակցականի բարձրացնելը մեծ արժանիք մըն է: Արժեւորենք զանոնք: Զիրար հասկնանք: Զիրար գնահատենք եւ յառաջ երթանք: Այս ձեւով Հայաստանը իր բուն նպատակին վերադարձուցած կ՛ըլլանք:

Բայց որո՞ւ կ՛ըսես: Ո՞վ է այս տողերը կարդացողը:

ճիշդ է` ժամանակ է պէտք: Բայց գոնէ բոլորս ալ պատրաստ ըլլանք յանձն առնելու եւ մեր ուժերու մէկտեղումը ապահովելու: Պատեհութիւններ չեն պակսած նման բաներու մասին խօսելու կամ արտայայտուելու մասին: Ուստի կրկնութեան գնով ըսեմ, որ հայ մտքին եւ կամքին աւիշ տուող  բազմերանգ դրսեւորումներով տողեր շարուած են եւ` տակաւին: Որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ հայրենինքն է մեր բոլորին կեանքի բանալին:

Նաեւ ճիշդ է, որ հոն ամէն «բան» ճերմակ չէ: Բայց ամէն բան «գորշ» գոյն ալ չունի: Սա կը նշանակէ, որ մարդիկ` մտածող ու մտահոգ մարդիկ, անտարբեր չեն այս բոլոր իրականութիւններուն նկատմամբ: Կը հաւատամ, որ հոն կան մարդիկ, որոնք պահած են իրենց հաւատքն ու սրբութիւնը` հանդէպ մեր լեզուին, մեր հաւատքին եւ հայրենիքին:

Հայաստանը եւ անոր հզօրութիւնը, անկախութիւնը եւ հպարտութիւնը մեր բոլորին արեան մէջ է : Աշխատինք միասնաբար զինք պահել աշխարհի կեանքի ամէնօրեայ յայտագրին մէջ: Խրատականէ աւելի` անմեղ ու պարզ ցանկութիւններ են: Սրտբաց եւ դրական:

Հաստատ գիտենք, որ նոր միջոցներու անհրաժեշտութիւնը նոր ու լայն դռներ կրնայ բանալ: Ու այս մէկուն համար իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւորութիւն ունի նախ հանդէպ իր անձին եւ ապա` իր հայրենքին եւ ազգին:

Նման ցանկութիւններու իրականացման համար երիտասարդ սերունդը կարեւոր ներկայութիւն է: Մեր նոր սերունդէն կախեալ է մեր երկրի ապագան: Երիտասարդութեան կը պատկանի հինը նորով փոխարինելու յարմարագոյն ձեւերը փնտռելու աշխատանքը, աւանդը պահելու ճիգը: Առիթ տանք: Արդիական գաղափարներով օժտուած գիտակից ուսանողութիւնն է, որ նոր հայութիւն կրնայ ստեղծել: Հպարտութեամբ կրկնած ենք: Այսօր հոն նոր սերունդ մը կ՛աճի: Ականատեսներ ենք: Հիանալի սերունդ մը: Մեր սերունդէն շատ աւելի լաւ եւ ուսումնատենչ ոգիով զինուած:

Բոլորս ալ անխտիր մեր սպասուած, երազած դրախտը կը փնտռենք մեր երկրին մէջ: Եւ որպէսզի Արարատեան լոյսը յաղթանակէ, պէտք է տոկալ, աշխատիլ, գործել, սիրել, ստեղծագործել գուրգուրալ: Որովհետեւ մեր երկիրը լոյս է: Այսպէս ըսած էին մեր դասագիրքերը: Եւ այդ լոյսի ճառագայթներէն կախուած է մեր կեանքը: Մէկ խօսքով, քաղաքական հասունութիւն, որ կարելի կ՛ըլլայ միայն, երբ ունենանք մեր ներքին աչքը բացող, մեր ներքին ականջը լարող հոգեկան կեցուածք:

Լաւ, հպարտ, հզօր եւ հաստատ երկիր մը ունենալու արմատները, մեր բոլորի մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ են: Մեր կեանքին համ եւ հոտ կու տան: Ազգային ջերմութիւն:

Գիտենք, որ մեր երկիրը աշխարհի տարբեր հոսանքներու տակ կը շնչէ: Հասկնալի եւ նոյնքան ալ անհասկնալի է այս իրականութիւնը: Բայց «Ի՞նչ կրնանք ընելը» բոլորիս համար դաւաճանութեան համազօր է: Մարդը մինչեւ ե՞րբ կրնայ դիմանալ կեանքի անստուգութեան:

Նաեւ ճիշդ է, որ հոն թերութիւններ, անյաջողութիւններ կան, պիտի ըլլան, բայց կարելի է խուսափիլ, երբ քիչ մը աւելի խստապահանջ ըլլանք նախ մենք մեզի հանդէպ: Բոլոր հարցերն ալ լուծելի են: Էականը մեր այդ թերութիւնը միասնաբար վերացնելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնն է: Որովհետեւ…

Որովհետեւ բոլորս ալ անխտիր մեր հայրենիքը կը սիրենք: Ինչպէ՞ս կրնաք չսիրել: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել, որ դուն քու ժողովուրդդ կը սիրես, թէ ո՛չ: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել, թէ Արարատը քեզի համար սրբութիւն է կամ պատմութիւնն է ազգիդ:

Այս մասին խօսիլն իսկ ամօթ է: Մի՛ մոռնաք:  Հայրենիքի նկատմամբ այդ սէրը ամէն հայ իր ներսիդին կը կրէ: Հայրենիքը կը սիրես ո՛չ անոր համար, որ փոքր է կամ մեծ, մաքուր կամ գեղեցիկ է, այլ` անոր համար, որ քո՛ւկդ է: Սեփականութեան հաճոյք: Ազգային հպարտանք: Քու երկիրդ է: Հողդ է: Քեզի կը պատկանին անոր քարն ու ջուրը եւ նոյնիսկ` փուշը:

Այս բոլորը անբացատրելի իրականութիւններ են:

Տեղ մը կարդացած եմ` հայրենիք ստեղծելը հերոսութիւն է, սակայն հայրենիք շէնցնելը` առաքինութիւն: Ճիշդ է: Կարեւորը` իրականութիւնը երջանկութեան հատիկներով գրուած ըլլայ,

որովհետեւ ե՛ւ հաստատապէս, մեր ապահովութիւնը մեր հողին վրայ է, որովհետեւ մեր ազգի անմահութեան ճամբան Մասիսն է:

Լա՛ւ յիշեցէք, օտարներու պատնէշները յաղթահարող ազգը, ինչպէ՞ս չի կրնար ինքզինք յաղթահարել:

***

Այս բոլորէն ետք, կարծես, ինքզինքս վերագտած եմ ու պատրաստ` հայրենիք այցելելու:

Երջանիկ եմ:

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Կատուի Ձեւով Դպրոց Մը

Յաջորդը

Ոճիրի Մը Վերլուծումը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?