ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պէտք է ճիշդ որոշումներ տաք, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք: Դժուար բնաւորութիւն մը պիտի ունենաք այս օրերուն: Օրինազանց մի՛ ըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կանուխ գացէք աշխատանքի: Ձեր գործունէութիւնները եւ պարտաւորութիւնները պիտի բազմանան: Յոգնութիւն պիտի զգաք, բայց պիտի յաջողիք ամսուան աւարտին կոկիկ շահ մը ապահովել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուրախ եւ հաճելի պահեր պիտի ապրիք: Մի՛ յանձնուիք դժուարութիւններուն: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` հասնելու համար ձեր նպատակներուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Տագնապեցնող ամիս մըն է, բայց համբերող եղէք. բոլոր հարցերը հերթաբար պիտի լուծուին: Ձեր հին բարեկամներէն մէկը պիտի տեսնէք եւ ուրախանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Դժուար քննութեան մը պիտի մասնակցիք եւ յաջողութիւն արձանագրէք: Նեղ կացութիւններէն դիւրութեամբ դուրս պիտի ելլէք շնորհիւ ձեր ճկունութեան: Հաճելի օր մը պիտի անցընէք ձեր ընկերներու ներկայութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ տկարանաք ճնշումներուն դիմաց: Պինդ ու հաստատ մնացէք ձեր կեցուածքին ու սկզբունքներուն վրայ: Դասաւորեցէք ձեր առաջնահերթութիւնները, որպէսզի ձեր պարտականութիւններուն մէջ չթերանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր ընկերներուն միջեւ հաշտութիւն մը պիտի գոյանայ, եւ դուք պիտի ուրախանաք: Ձեր ծրագիրներէն մէկուն գործադրութեան պիտի սկսիք: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք երկրորդական հարցերով:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պարապութիւն եւ յուսահատութիւն պիտի ապրիք: Նոր արկածախնդրութիւններու մի՛ դիմէք, բախտը ձեր կողքին չէ այս օրերուն: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է, զգո՛ւշ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, որովհետեւ ձեր հին հարցերէն մէկը պիտի յաջողիք լուծել: Պիտի ուրախանաք, որովհետեւ ձեր ընկերներէն մէկը ձեր կողքին պիտի կանգնի նեղութեան պահու մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հակառակ տեղի ունեցող տագնապներուն` յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Լաւ կը տնօրինէք ձեր գործերը: Ձեր կողակիցին յաջողութեամբ պիտի ուրախանաք: Ընտանեկան հաճելի ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ նոր մշակոյթներու պիտի ծանօթանաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր մտահոգութիւնները պիտի փարատին, եւ դուք համեմատաբար աւելի հանգիստ պիտի զգաք: Լաւ սերտեցէք պայմանները` որեւէ ծրագրի գործադրութենէն առաջ: Մասնագէտներուն կարծիքն ալ հարցուցէք, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք: