ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ինքնավստահ էք, բայց աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ մասնագէտներուն կարծիքն ալ հարցնէք: Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք այս օրերուն: Ուշագրաւ աշխատանք մը իր աւարտին պիտի հասցնէք: Յարմար ժամանակ է համարձակութեամբ շարժելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հոգեկան յոգնութիւն պիտի զգաք: Պիտի մեղադրեն ձեզ, որովհետեւ ձեր գործերը պիտի ուշանան: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարեւոր դեր մը պիտի խաղաք ձեր միջավայրին մէջ: Ամրապնդեցէք ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Հանգիստի ժամանակ տրամադրեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ուշադիր եղէք ձեր խօսած ամէն մէկ բառին ու արտայայտած գաղափարներուն, որպէսզի հետագային չզղջաք: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան յառաջիկային:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձախողութիւնները պէտք չէ տկարացնեն ձեզ, այլ առիթ պէտք է ըլլան կրկին փորձելու: Ձեր բոլոր ցանկութիւնները պիտի իրականացնէք` շնորհիւ ձեր կամքին եւ կարողութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք: Պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալի: Խտացուցէք ձեր աշխատանքը եւ բոլոր առիթները օգտագործեցէք յաջողութեան հասնելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հարցերով եւ դժուարութիւններով լեցուն շրջան մըն է: Ճնշումները հարցեր պիտի ստեղծեն ձեզի համար: Համբերող պէտք է ըլլաք, որպէսզի կարենաք յաղթահարել դժուարութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հետեւողական եւ արագ աշխատանք պէտք է կատարէք, որպէսզի ճիշդ ժամանակին հասցնէք ձեր գործերը: Նեղ է ձեր ժամանակը, բայց առիթները օգտագործեցէք ձեր նպատակին հասնելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Համագումարի մը մասնակցելու առիթ պիտի ունենաք: Արդիւնաբեր շրջան մըն է բոլոր մարզերուն մէջ: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Տնային պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ընտանեկան եւ անձնական նոր պարտականութիւններ պիտի ունենաք: Պիտի մտահոգուիք ձեր մէկ հարազատին առողջական խնդիրով: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Համարձակութեամբ վարեցէք քննարկումները եւ պաշտպանեցէք ձեր դիրքն ու դատը` հեռու մնալով վիրաւորական ոճէն ու խօսքերէն: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ նիւթական պարգեւ մը պիտի ստանաք:
