ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յուսախաբութիւն մը պիտի ապրիք: Ձեզի պիտի թուի, որ հարցերը լուծում չունին, բայց շուտով ամէն բան դրական կերպով պիտի փոխուի:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Դրական շրջան մըն է ձեզի համար: Ձեր յաջողութիւնը մեծ արձագանգ պիտի ձգէ ձեր շրջապատին մէջ: Ձեր օրը պիտի սկսիք բարձր տրամադրութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ամէն գնով պէտք է հաստատէք, որ պիտի յաջողիք դիմագրաւել ձեր դժուարութիւնները: Նոր ծրագիրներ պիտի մշակէք ձեր գործին մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր աշխատանքը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Պիտի ստանաք պատասխաններ` ձեզ յուզող բազմաթիւ հարցերու: Հռչակ ձեռք պիտի ձգէք յառաջիկայ օրերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աշխատանքային յաջողութիւն մը պիտի ունենաք` հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու: Ձեր ընտանեկան հարցերը վերջնականապէս պիտի լուծուին, անհոգ մնացէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի նախընտրէք որոշ ժամանակ մը հեռու մնալ ձեր շրջապատէն: Լաւ ուսումնասիրեցէք ծրագիրները` նախքան գործադրութեան անցնիլը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Առողջական անցողիկ հարց մը պիտի ունենաք: Ձեր ընտանիքի անդամներուն պէտք է ժամանակ տրամադրէք: Խնայողութիւն կատարեցէք, որպէսզի նիւթական դժուարութիւն չունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ճիշդ քայլերու ձեռնարկած էք յաջողութեան հասնելու համար: Ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ ժամանակ պիտի անցընէք: Հետեւողական եղէք ամէն ինչի մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նախընտրելի է, որ չէզոք դիրք բռնէք, որպէսզի չնեղացնէք ձեր շուրջինները: Հաճելի անակնկալ մը ձեզ կը սպասէ: Նիւթական շահ մը պիտի յաջողիք ապահովել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր աշխատանքին մէջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: Ինքնավստահ եղէք ու ձեր սկզբունքներուն վրայ հաստատ մնացէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր սիրելիին հետ ու պիտի ճշդէք ճակատագրական հարցեր: Նախանձոտ անձնաւորութիւններէ պիտի նեղանաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի հանդիպիք ձեզմէ երկար բացակայած անձի մը հետ: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ պիտի ծանօթանաք նոր անձնաւորութիւններու:
