ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մայիսի վերջաւորութեան շրջան կատարելիք իրենց այցելութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն պիտի ներկայացնեն գերիներու վերաբերեալ առաջարկները: Այս մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ` պատասխանելով արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` «բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքով գերիներու փոխանակման, այդպիսով տագնապի գօտիներուն մէջ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման եւ այդ գաղափարը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ծիրին մէջ կիրարկելու» վերաբերեալ յայտարարութեան մասին հարցումին:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները այս հարցով նախապատրաստած են համապատասխան առաջարկներ, զորս մտադիր են ընթացիկ տարուան մայիսի վերջաւորութեան շրջան կատարելիք այցելութեան ծիրին մէջ ներկայացնել կողմերուն», յայտնած են աղբիւրները:
Անոնք յիշեցուցած են, որ հոկտեմբեր 2010-ին Ասթրախանի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին ընթացքին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ զինուորական ոլորտին մէջ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու հարցը քննարկուած է:
«Այս նպատակով համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն աջակցութեամբ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ: Պաքու եւ Երեւան բացառապէս մեկնելով այդպիսի հարցերու մարդասիրական բնոյթէն, համաձայնած են ապագային առաջնորդուիլ այդ մօտեցումով: Կ՛ենթադրենք, որ այս համաձայնութիւնը կը պահպանէ իր արդիականութիւնը: Գերիներու փոխանակման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին», յայտնած են աղբիւրները:
Անոնք նաեւ մանրամասնած են, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած են փոխադարձ հիմքով քայլերու ձեռնարկելու` հարազատներու գերիներուն այցելել արտօնելու համար:



