15 մայիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբը սկսած է իր աշխատանքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Ազգային ժողովի լրատուական ծառայութիւնը:
Նիստին բացումը կատարելով` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան խօսած է նախորդ ամիսներուն երկու հայկական խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ հաստատուած կապերուն մասին: Ողջունելով միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի միացեալ նիստի աշխատանքներու մեկնարկը Երեւանի մէջ` ան ընդգծած է համազգային կարեւորութեան հարցերու քննարկման անհրաժեշտութիւնը: Ներկայացնելով նիստին օրակարգը` Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ, մասնաւորապէս Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն հակասող բանաձեւերու ընդունման դիմակայելու առումով:
Աշոտ Ղուլեան իր կարգին առանցքային նկատած է միջխորհրդարանական այս ձեւաչափին կարեւորութիւնը Արցախի համար` թէ՛ միջազգային հանրութեան Արցախի ձայնը լսելի դարձնելու, եւ թէ՛ օրէնսդրական փորձառութեան փոխանակման առումով: Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը առանձնացուցած է միջխորհրդարանական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները` պատգամաւորական ներուժի կիրարկումը խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման նպատակով, այլ երկիրներու խորհրդարաններէն ու միջազգային կազմակերպութիւններէն Հայաստան եկող պատուիրակութիւններուն այցելութիւնները Արցախ, ղարաբաղեան տագնապին էութիւնը խեղաթիւրող եւ կողմնակալ ձեւակերպումներով նախաձեռնութիւնները ընդհանուր ուժերով դիմագրաւելու քայլերու ձեռնարկումը: Աշոտ Ղուլեան նաեւ առաջարկած է նիստի օրակարգային` այլ հարցերու բաժինի մէջ միացեալ քննարկումներու դաշտ բանալ այս պահուն արդիական` Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգրքի պատրաստութեան, հարկային օրէնսդրութեան նախատեսուող փոփոխութիւններու, կրթութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներուն վերաբերող հարցերու քննարկման համար:
Այնուհետեւ նիստը շարունակուած է դռնփակ ձեւաչափով` «Խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման հեռանկարները» եւ «Խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ» օրակարգային հարցերով: