Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամետեարով. «Ազրպէյճան Սկզբունքով Դէմ Է, Որ Արցախ Մասնակցի Բանակցութիւններուն»

May 16, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազրպէյճան սկզբունքով դէմ է, որ Արցախ մասնակցի բանակցութիւններուն»: 14 մայիսին Պրիւքսելի մէջ այս յայտարարութիւնը կատարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով` պատասխանելով այս մասին «Ազատութիւն» կայանի հայկական սպասարկութեան լրագրողի հարցումին:

Փորձելով արդարացնել Պաքուի ընդդիմութիւնը Երեւանի այն պնդումին, որ եթէ բանակցային գործընթացին Ստեփանակերտի մասնակցութիւն չըլլայ, կարելի պիտի չըլլայ գտնել տագնապի իսկական լուծում` Մամետեարով ըսած է. «Ես կը կարծեմ, թէ այդ մօտեցումը այդքան ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ այս բոլոր տարիներուն ընթացքին, երբ բանակցութիւններ կը վարէինք, համանախագահները շրջան այցելելու ընթացքին կ՛երթային նաեւ Արցախ եւ կը խորհրդակցէին Արցախի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ. բացի ատկէ, թէ՛ նախկին, եւ թէ գործող վարչակազմը, յոյս ունիմ, կը տեղեկացնեն Արցախի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն: Այնպէս որ, արդէն անոնք որոշ չափով ներգրաւուած են բանակցութիւններուն մէջ, եւ ձեր ղեկավարութիւնը այս մասին խօսած է: Ես կը կարծեմ, թէ հարցին բանալին մասնակցիլ-չմասնակցիլը չէ. հարցը այն է, որ մենք պէտք է լուրջ քաղաքական մօտեցում ցուցաբերենք, պէտք է նստինք եւ աւարտենք այն, ինչ որ ես կ՛անուանեմ առարկայական բանակցութիւններ, որովհետեւ բոլորը ամէն ինչ շատ լաւ գիտեն, գիտեն, որ սեղանին ինչ փաստաթուղթ դրուած է. ինչո՞ւ մենք մեզ պէտք է խաբենք»:

Մամետեարով չէ կրցած պատասխան տալ «Ազատութիւն» կայանի լրագրողին այն հարցումին, թէ Նիկոլ Փաշինեան ինչպէ՞ս կրնայ Արցախի ժողովուրդը ներկայացնել, երբ ինք չէ ընտրուած այդ ժողովուրդին կողմէ:

Մամտեարով նաեւ յայտնած է, թէ ներկայիս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու նոր հանդիպման յստակ ծրագիր չկայ:

Նախորդը

Սֆէյր Պատրիարքը Այսօր Պքերքէի Մէջ Կը Գտնէ Իր Յաւիտենական Հանգիստը

Յաջորդը

Աշոտ Ղուլեան. «Բարձր Կը Գնահատեմ Միջխորհրդարանական Այս Ձեւաչափի Կարեւորութիւնը»

RelatedPosts

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է`  Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան  Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

January 13, 2026
Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն  Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ
Հայկական

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.