Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան Շուշի այցելութեան եւ այդ առիթով կատարուած յայտարարութիւններուն:
«Արցախի ազատութեան պաշտպանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ մեր պարտաւորութեան հիմքն է», եւ այսպիսի խօսքերը սխալ ուղերձ են բանակցութիւններուն համար եւ կտրուկ կերպով կը հակասեն վերջին հանդիպումներու ժամանակ կատարուած յայտարարութիւններուն», կը նշուի նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ դէպքերու հետագայ զարգացման համար պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը: