Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Հայաստանի Կողքին Պայքար Մղել Յանուն Արդարութեան Եւ Ճշմարտութեան»

Մայիս 11, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նամակ մը յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին` յայտնելով, որ ինչպէս յանձն առած էր, այս տարուընէ սկսեալ 24 ապրիլը Ֆրանսայի մէջ պաշտօնապէս կը նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ Հայաստանի կողքին պայքար մղել յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան: «Ատիկա մեր պարտքն է հանդէպ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այն փրկուածներուն եւ տեղահանուածներուն, որոնց Ֆրանսան գրկաբաց ընդունեց եւ որոնց ժառանգորդները կերտեցին մեր երկրին պատմութիւնը:

«Միացեալ ճակատագիր կերտելու կարելիութիւն ունենալու համար պէտք է կարողանալ ուղիղ նայիլ անցեալին` գլուխ խոնարհելով մեռեալներու յիշատակին առջեւ եւ յարգելով ողջերու յիշողութիւնը: Ատիկա իմ համոզումս է, եւ գիտեմ, որ Հայաստանը եւս զայն կը կիսէ: Մենք ձեր կողքին ենք յիշողութեան պահուն, ձեր կողքին ենք նաեւ յանուն Հայաստանի ապագային` հիմա, երբ կը կերտուի անոր պատմութեան նոր էջը, որ պէտք է ըլլայ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման էջ», կ՛ըսուի Ֆրանսայի նախագահի նամակին մէջ:

Էմանուէլ Մաքրոն աւելցուցած է, որ Ֆրանսան եւ Հայաստանը ձեռք-ձեռքի տուած հպարտ են իրենց բարեկամութեամբ եւ վստահ` ապագային նկատմամբ:

Նախորդը

Պաքու. «Դէպքերու Հետագայ Զարգացման Համար Պատասխանատուութիւնը Կը Կրէ Հայաստանի Ղեկավարութիւնը»

Յաջորդը

Դաշնակցական Երիտասարդները Կրում Են Հայաստանում Ընկերվարական Եւ Ժողովրդավարական Արժէքների Կայացման Եւ Ամրապնդման Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ  Կորսուածներու Հարցով»  Համաժողովին  Մասնակցողները  Բռնագրաւեալ Արցախ  Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?