Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ շարունակեց իր աշխատանքները, այլ խօսքով` 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման ու վաւերացման նիստերը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդը որոշեց, թէ կը միտին ուրբաթ օր իր աւարտին հասցնել ամավարկի ուսումնասիրութիւնը` աւելցնելով, որ քննարկումները պիտի շարունակուին վաղը, եւ որ աւելի մանրամասն պիտի սերտուին նախարարութիւններուն ամավարկերը: Ան զարմանք յայտնեց ծովային սեփականութիւններու հարցի ներկայացման ձեւին գծով` յայտնելով, որ այս հարցը սերտուած է խորհրդարանին կողմէ, եւ արդէն իսկ լուծման միտումով աշխատանքները բնականոն կ՛ընթանան:
Ժամալ Ժարրահ նշեց, որ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնները ուսումնասիրութիւն մը պիտի ներկայացնեն ապահովական բոլոր կառոյցներու հարցերու լուծման վերաբերող` աւելցնելով, որ այս ծիրին մէջ պիտի վաւերացուին նաեւ ապահովական համակարգին առնչուող այս խնդիրները եւս:
Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան առնչութեամբ նախարարը յայտնեց, որ անոր պաշտօնեաները ունին իրենց անձնական օրէնքները, իսկ դրամատունը կառավարութեան հետ գործակցելու եւ ամսականները նուազեցնելու պատրաստակամ հիմնական հաստատութիւններէն մէկն է: