Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնրէալի Քաղաքապետութիւնը 24 Ապրիլ 2019-ը Հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր

Ապրիլ 17, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 ապրիլ 2019-ին Մոնրէալի քաղաքապետարանը յատուկ նիստի մը ընթացքին հրապարակեց յայտարարութիւն մը Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի յիշատակման օրուան առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդին երկու երրորդը: Վերոնշեալ նիստին ներկայ էին Մոնրէալի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւ Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արա Մկրտչեան:

Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ 1997 թուականէն սկսեալ Մոնրէալի քաղաքապետարանը ամէն տարի վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որուն մէջ դատապարտած է մէկուկէս միլիոն հայերու տեղահանութիւնը, ջարդը եւ վերապրողներու խզումը իրենց պապենական հողերէն: Մինչ 28 նոյեմբեր 2003-ին Քեպեքի քաղաքապետարանը Ապրիլ 24-ը այնուհետեւ յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր:

Նշեալ յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ, թէ Մոնրէալի մէջ կը բնակին 50.000 հայեր, որոնք, իբրեւ հայ համայնք, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքի մշակութային, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին:

Ահունցիք-Քարթիերվիլ շրջանի քաղաքապետ Էմիլի Թուիէի առաջարկով եւ Մոնրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթի վաւերացումով 24 ապրիլ 2019-ը կը յայտարարուի իբրեւ Մոնրէալի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր եւ կոչ կ՛ուղղուի մոնրէալցիներուն` յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերուն` հաստատելու համար մոնրէալցիներուն համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին հետ:

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Ուրուկուէյ

Յաջորդը

«Պէտք Է Կանխարգիլել Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Բանաձեւերու Որդեգրումը» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխանը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?