Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր . Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Ապրիլ 17, 2019
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուսական Բանակը` Պոլսոյ Դուռերուն Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը Եւ Պատրաստութիւն Պերլինի Վեհաժողովին
– Խրիմեան Հայրիկ` Ժողովուրդի Ներկայացուցիչ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսական բանակի յաղթական յառաջխաղացքը

Ռուսական բանակը, 23 դեկտեմբեր 1877 (4 յունուար 1878)-ին Սոֆիան գրաւելէն ետք արագօրէն սկսաւ յառաջանալ գրեթէ առանց դիմադրութեան հանդիպելու: Օսմանեան զօրքերը ցիրուցան եղած փախուստի կը դիմէին. անոնց հետ խուճապահար կը փախչէին Պալքաններու թուրք բնակիչները:

Ռուսական բանակին մէկ թեւը հասաւ Փլովտիւ, միւս թեւը` Էտիրնէ:

Ռուսական բանակը 13 յունուար 1878-ին յաղթական գնացքով մուտք գործեց Էտիրնէ: Էտիրնէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Ռուսճուքլեան Ներսէս պատրիարքէն գաղտնի հրահանգ ստացած էր կապի եւ բանակցութեան մէջ մտնելու ռուսերուն հետ:

Խրիմեան Հայրիկ եւ Գրիգոր Օտեան, թեւ ու թիկունք կանգնած պատրիարքին, ուղղութիւն կու տային եւ կորով կը ներշնչէին:

Յաղթական զօրքի մուտքէն ետք Էտիրնէ հասան ռուսական բանակի վերին հրամանատար մեծ դուքս Նիկոլայ Նիկոլայեւիչ եւ Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան կոմս Նիկոլայ Իգնատիեւ: Հասան նաեւ Բարձրագոյն դրան կողմէ առաջարկուած խաղաղութեան դաշինքի լիազօր դեսպան Սաւֆէթ փաշա եւ արտաքին գործոց նախարար Սերվէթ փաշա:

Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ, գետին պատրաստելու նպատակով, առանց ժամանակ կորսնցնելու ներկայացաւ մեծ դուքս Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի եւ կոմս Իգնատիեւի, եւ իր ջերմագին շնորհակալութիւնները մատուցելէ եւ բարի գալուստ յայտնելէ ետք բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ռուսաց մեծազօր Ալեքսանդր Բ. կայսեր արեւշատութեան համար: Ան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիոյ յաղթանակը երջանկաբեր կ՛ըլլայ ինչպէս պուլկարներուն, նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդին համար, որ ոչ նուազ հալածուած եւ հարստահարուած է:

Կոմս Իգնատիեւ պատասխան խօսքին մէջ ըսաւ, որ ինք երեք տարիէ ի վեր կ՛աշխատի ի նպաստ Հայոց դատին եւ սակայն անտարբերութիւն միայն ցոյց տուած են հայերը` սկսեալ Պոլսոյ ողջախոհ եւ գործօն տարրէն մինչեւ Նուպար փաշա:

Այնուհետեւ կոմսը շեշտեց ըսելով.

– Բայց մի՛ վհատիք. կը յուսադրեմ զձեզ, քանի որ Թուրքիոյ հպատակ էք, ապագային յոյսով. այս վայրկեանէն սկսեցէք պատրաստ ըլլալ, պատրաստ` դաստիարակութեամբ, ուսմամբ եւ քաղաքագիտութեամբ, պատրաստ` միութեամբ եւ գաղտնապահութեամբ, պատրաստ` ներքին կազմակերպութեամբ, պատրաստ եղէք այն օրուան համար, յորում քաղաքականութիւնը պիտի առաջնորդէ զձեզ յազատութեան: Ես պատրաստ եմ օգնելու ձեզի: Ձեր պատրիարքարանը ժամավաճառ թող չըլլայ, թող սկսի. ժամ է գործելու:

Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ իր տեսակցութեան մասին տեղեկագրելով յունուար 20-ին Պոլիս` Ներսէս պատրիարքին ղրկեց:

* * *

Ռուսական բանակը կը շարունակէր իր յաղթական յառաջխաղացքը եւ կը մօտենար Պոլսոյ դուռերուն, իսկ նաւատորմը կը հասնէր մայրաքաղաքի հանդիպակաց ջուրերը: Թնդանօթներու որոտումները խուճապային վիճակ ստեղծած էին եւ կ՛ահաբեկէին Եըլտըզ պալատն ու Բարձրագոյն դուռը:

Անգլիա, մտահոգ` Թուրքիոյ վտանգուած վիճակով, ջանաց պահպանել անոր ամբողջականութիւնը եւ հեռացնել ռուսական վտանգը, ապահով պահելու համար Հնդկաստանի ճանապարհը:

Անգլիական նաւատորմը ճամբայ հանուեցաւ, Պոլսոյ ջուրերուն մէջ խարսխելու եւ պաշտպանելու Թուրքիոյ շահերը:

* * *

Ներսէս պատրիարք Ազգային ժողովին ներկայացուց տեղեկագիր մը, ուր շարադրուած էր Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը` Լիբանանի օրինակով:

Ծրագիրը պատրաստած էր Գրիգոր Օտեան, հիմ ունենալով Լիբանանի կանոնադրութիւնը: Տիւրզի-մարոնի 1860-ի կռիւներէն եւ ջարդերէն ետք (20 հազար քրիստոնեաներ ջարդուած, քրիստոնեայ 380 գիւղեր եւ 560 եկեղեցիներ աւերուած էին) Լեռնալիբանան 1861-ին մութասարիֆութիւն հռչակուած էր եւ օսմանցի քրիստոնեայ մութասարիֆով կը կառավարուէր:

* * *

Էտիրնէ

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետներ Ստեփան փաշա Ասլանեան եւ Յովհաննէս էֆենտի Նուրեան Բարձրագոյն դուռէն պաշտօն ստացան Էտիրնէ մեկնելու եւ Սաւֆէթ ու Սերվէթ փաշաներուն աջակցելու, հիւանդ պառկած թուրք զինուորները Պոլիս փոխադրելու համար:

Ներսէս պատրիարք 31 յունուար 1878 թուակիր գրութեամբ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետին թելադրեց արժանաւորապէս ընդունիլ Ազգային ժողովի ատենապետները եւ անոնց խորհուրդով վարուիլ ըստ ամենայնի:

Ստեփան փաշա Ասլանեանի եւ Յովհաննէս էֆենտի Նուրեանի թելադրութեամբ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ հանդիպում ունեցաւ մեծ դուքս Նիկոլայի հետ եւ հայցեց ռուսաց կայսեր գթութիւնը, որուն շնորհիւ միայն հայերը, իբրեւ քրիստոնեայ ազգ, պիտի կարենային ազատութիւն ձեռք բերել պուլկարներուն նման:

Ազգային ժողովի ատենապետներն ալ գաղտնի հանդիպում ունեցան կոմս Իգնատիեւի հետ, անոր պարզեցին Հայաստանի ժողովուրդին ողբալի վիճակը եւ խնդրեցին զայն ներկայացնել կայսեր նկատառման եւ գթութեան:

Էտիրնէի հայոց Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ մէջ փետրուար 8-ին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ռուս զոհուած զինուորներու յիշատակին, որմէ ետք Ազգային ժողովի ատենապետները առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցան մեծ դուքսին հետ:

Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Ռուսճուքլեան, Ստեփան փաշա Ասլանեան եւ Յովհաննէս էֆենտի Նուրեան, ազգին առջեւ ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնելով, հայկական գաւառներուն համար ինքնօրինութեան խնդրագիր մը պատրաստեցին եւ մատուցեցին մեծ դուքս Նիկոլայի:

Քանի մը օր ետք Իգնատիեւ իր մօտ հրաւիրեց Գէորգ ծայրագոյն վարդապետը եւ անոր աւետեց ըսելով, որ դաշնագիրի նախագիծին 16-րդ յօդուածը «հայկական խնդիրը կը նախատեսէ եւ հայուն ապագան կը պարունակէ»:

Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ լուրը փութով Ներսէս պատրիարքին հաղորդեց:

Ներսէս պատրիարք, Խրիմեան Հայրիկ եւ Պոլսոյ եպիսկոպոսական դասը խնդրագիր մը ստորագրեցին եւ ուղարկեցին Ալեքսանդր Բ. ցարին, որպէսզի պաշտպանէ քրիստոնեայ հայերուն իրաւունքները:

Ռուսական բանակը, որ շրջապատած էր Էրզրումը, առանց դիմադրութեան գրաւեց զայն:

* * *

Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրին ստորագրութիւնը

Ռուսիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան լիազօր պատուիրակները 19 փետրուար (3 մարտ) 1878-ին Սան Սթեֆանոյի (Պոլսոյ արեւմտեան կողմը, Մարմարայի ափին, այժմ` Եշիլքէօյ) գիւղի Սիմէոնօղլու ընտանիքի ապարանքին մէջ դաշինք ստորագրեցին: Ռուս լիազօրներն էին կոմս Իգնատիեւ եւ Ալեքսանդր Նելիտով. թուրք լիազօրները` Սաւֆէթ փաշա եւ Սաատուլլահ բէկ:

Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով Մոնթենեկրօ, Սերպիա եւ Ռումանիա կը ճանչցուէին իբրեւ անկախ պետութիւններ: Պոսնիա եւ Հերցեկովինա ինքնավարութիւն կը ստանային Օսմանեան կայսրութեան կազմէն ներս: Պուլկարիա կը հռչակուէր ինքնավար իշխանութիւն` մեծ պետութիւններու համաձայնութեամբ եւ Բարձրագոյն դրան կողմէ հաստատուող իշխանութեամբ:

Թուրքիա կը պարտաւորուէր Ռուսիոյ վճարել 1410 միլիոն ռուբլի ռազմատուգանք, որուն մեծ մասը` 1100 միլիոն ռուբլին կը փոխարինուէր տարածքային զիջումներով: Եւրոպական մասին մէջ Թուլչայի  սանճաքին դիմաց Ռուսիա կը ստանար հարաւային Պեսարպիան, ասիական մասին մէջ` Կարսը, Արտահանը, Օլթին, Արտանուշը, Արդուինը, Պաթումը, Պայազիտը, Ալաշկերտը եւ Կաղզուանը:

Դաշնագիրին 16-րդ յօդուածը կ՛ըսէր. «Նկատի ունենալով որ երբ ռուսական բանակները քաշուին իրենց կողմէ գրաւուած Հայաստանի` Թուրքիոյ վերադարձուելիք վայրերէն, ուր կրնան կռիւներ եւ խռովութիւններ յառաջ գալ եւ խանգարել երկու պետութիւններու լաւ յարաբերութիւնները, Բարձրագոյն դուռը յանձն կ՛առնէ անյապաղ իրականացնել այն բարւոքումներն ու բարենորոգումները, զորս կը պահանջեն տեղական պէտքերը, հայերէ բնակուած նահանգներուն մէջ եւ երաշխաւորել հայերու ապահովութիւնը քիւրտերու եւ չէրքէզներու բռնութիւններու եւ հարստահարութեանց դէմ»:

* * *

Սան Սթեֆանոյի Սիմէոնօղլու ընտանիքին ապարանքը, ուր ստորագրուեցաւ դաշնագիրը

Դաշնագիրի ստորագրութենէն ետք Ներսէս պատրիարք Ազգային ժողովի մէջ յայտարարեց.

– Ազգին յայտնի էր այն ամէն ինչ որ ուզեցինք. այն է` հայոց յիշատակութիւն դաշնագրութեան մէջ. եւ յայտնի է այսօր թէ այս յիշատակութիւնն եղաւ մասնաւոր յօդուածով: Արդեօք ճիշդ մեր ուզածին պէս եղա՞ւ յիշատակութիւնը – ոչ: Այլ քաղաքականութեան մէջ երբ չես կրնար ընել ինչ որ կ՛ուզես, պէտք է ընել ինչ որ կրնաս: Մեր գործը չէ լմնցած, այլ սկսած է:

* * *

Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը դժգոհ ձգեց եւրոպական պետութիւնները: Մեծն Բրիտանիա եւ Աւստրեւհունգարիա ամէն ջանք ի գործ դրին, որպէսզի դաշնագիրը վերատեսութեան ենթարկուի: Եւրոպական դիւանագիտութիւնը համաձայնութիւն գոյացուց Պերլինի մէջ վեհաժողով գումարելու:

Ներսէս պատրիարք եւ Ազգային ժողով գործի լծուեցան Հայկական հարցը Պերլինի վեհաժողովին ներկայացնելու համար: Պատրիարքարանը մանրակրկիտ եւ ընդարձակ տեղեկագիր մը պատրաստեց, ներկայացնելով Թուրքիոյ հայութեան ազգային եւ քաղաքական պահանջները:

Տեղեկագիրը, ամփոփելով հայոց պահանջները կ՛ըսէր. «Հեռի են նոքա (հայերը) քաղաքագիտական փառասիրութենէ. որ ինչ կը խնդրեն, այս է. Թուրքական Հայաստանի մէջ քրիստոնեայ ինքնօրէն կազմաւորութիւն մը ունենալ, նոյն երաշխեօք ամրացեալ որով Լիբանանն է, եւ այդ ձեւ վարչութեան տակ հայ պաշտօնաւորօք մատակարարուիլ, որք կարող են հաւասարակշիռ պահել զմահմետականս եւ զքրիստոնեայս, մնալով միշտ, ինչպէս էին միշտ հաւատարիմ հպատակ սուլթանին: Կը խնդրեն զայն յանուն իւրեանց կրած վշտաց, յանուն կենսականագոյն շահուց Թուրքիոյ, կը խնդրեն նաեւ յանուն խաղաղութեան արեւելից եւ յանուն շահուց զոր ունի Եւրոպա վերջնական լուծմամբ Արեւելեան խնդրոյն»:

Պատրաստուեցաւ եւ տեղեկագիրին կցուեցաւ նաեւ «Օսմանեան Հայաստան»-ի` Էրզրումի, Վանի եւ Տիարպեքիրի վիլայէթներուն մէջ ապրող հայութեան ընդհանուր վիճակագրութիւնը:

Պատրիարքարանի տուեալներուն համաձայն «Օսմանեան Հայաստան» ունէր 2 միլիոն 62 հազար 300 բնակիչ, որուն մէկ միլիոն 330 հազարը հայ, 530 հազարը թուրք, 120 հազարը քիւրտ եւ 82 հազար 300-ը զանազան ցեղեր:

Հայկական հարցը վեհաժողովին ներկայացնելու համար, Ներսէս պատրիարքի որոշումով եւ Ազգային ժողովի համաձայնութեամբ ընտրուեցաւ հայկական պատուիրակութիւնը. Խրիմեան Հայրիկ` նախագահ, խորհրդականներ` Խորէն արքեպիսկոպոս Նարպէյ եւ Ստեփան Փափազեան. թարգման եւ քարտուղար` Մինաս Չերազ:

Խրիմեան Հայրիկ, իբրեւ կենդանի պատկեր Հայաստանի, պիտի ներկայացնէր հայոց ժողովուրդը:

Հայրիկ օտար լեզու չէր գիտեր. երբ իրեն հարցուցին թէ ի՞նչ լեզուով պիտի խօսի եւրոպացի քաղաքագէտներուն հետ, ան ըսաւ. «Պիտի խօսիմ լեզու մը, զոր ամբողջ աշխարհ կը հասկնայ. պիտի լամ»:

Խրիմեան Հայրիկ եւ Մինաս Չերազ 8 մարտ 1878-ին Պոլիսէն ճամբայ ելան դէպի Հռոմ: Իսկ Խորէն արքեպիսկոպոս եւ Ստեփան Փափազեան ճամբայ ելան դէպի Փեթերսպուրկ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Ապրիլ 1969)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?