Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 17, 2019
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայրենիքի Համար Մարտնչիլը Ճակատագրի Պարգեւ Է». Էռնեսթ Շէկեան

Քանի մը օր առաջ մահացաւ ազատամարտիկ, Արցախի Հանրապետութեան մարտական  երկրորդ աստիճանի խաչի ասպետ, ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի հրաձգային գումարտակի կրակային դասակի հրամանատար Էռնեստ Շէկեանը` 58 տարեկանին:

Ազատամարտին իր մասնակցութիւնը սկսած է 89-90 թուականներուն` զէնքի եւ զինամթերքի տեղափոխումէն Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններ: Անդամակցելով Դաշնակցութեան`  ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի գումարտակին մէջ կը ստանձնէ կրակային դասակի հրամանատարութիւնը: Զօրամիաւորման կազմին մէջ կը մասնակցի արցախեան գրեթէ բոլոր թէժ ճակատամարտերուն: 1992-1994 թուականներուն մասնակցած է Մարտակերտի, Հադրութի, Ասկերանի, Աղդամի, Քարվաճառի եւ այլ շրջաններու ազատագրական եւ պաշտպանական մարտերուն:

Զինադադարէն ետք ալ կը դառնայ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի սպայ` մինչեւ առողջական խնդիրներու պատճառով զօրացրւումը: Բայց սիրտը արդէն մնացած էր Արցախ: Այդտեղ ալ կը հաստատուի բնակութեան: Անոր համոզումով, հայրենիքի համար մարտնչելու հնարաւորութիւնը ճակատագրի պարգեւ է: Կ՛ըսէր` «Դեռ հայրենիք ձեռք չեմ բերած», ակնարկելով միացեալ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին:

Էռնեստ Շէկեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մալաթիայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, երկուշաբթի, ժամը 18:00-ին, յուղարկաւորութիւնը` երեքշաբթի, ժամը 13:00-ին, Եռաբլուր:

Բարեկարգուած Ու Մաքրուած Է «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Յուշահամալիրին Տարածքը

Արցախի խորհրդանիշ հանդիսացող «Մենք ենք մեր սարերը» յուշահամալիրի տարածքին ապրիլ 13-ին կազմակերպուած է շաբաթօրեակ:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Քաղաքացիական միացեալ դաշինք կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեանը ըսած է, որ յուշահամալիրին նկատմամբ վերջին շրջանին նկատելի է քաղաքացիներու կողմէ ոչ պատշաճ վերաբերմունք:

«Շաբաթօրեակը կազմակերպուած է` Քաղաքացիական միացեալ դաշինք կուսակցութեան եւ Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի նախաձեռնութեամբ: «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողը կարեւոր նշանակութիւն ունի իւրաքանչիւր արցախցիի համար, եւ մենք պէտք է խնամքով պահպանենք զայն», աւելցուցած է Ա. Յարութիւնեանը:

Ի դէպ, վերջին շրջանին ընկերային ցանցերու մէջ տարբեր քաղաքացիներու կողմէ տեղադրուած են լուսանկարներ, ուր յուշակոթողին հանդէպ անփոյթ վերաբերմունքի դրսեւորումներ կան:

Արցախցի արուեստագետ, «ԳԱՄ-արտ» Արցախի նկարիչներու միջազգային միութեան նախագահ Ռոպերթ Ասկարեանը խնդրին արձագանգած է ոչ միայն ընկերային ցանցի վրայ, այլ նաեւ անձամբ նախաձեռնած է յղկել կոթողն ու վերցնել հետքերը (Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ):

Զրոյցին ընթացքին Ռ. Ասկարեանը ըսած է, որ եօթը տարի առաջ նմանատիպ դէպք տեղի ունեցած էր յուշահամալիրի տարածքին, որ ինք ամբողջութեամբ մաքրած էր:

«Արդէն ութ օր է` կը մաքրենք յուշակոթողի վրայ առկայ բոլոր գրուածքները: Հաճելի է տեսնել, որ մեր քաղաքացիներուն մէջ եւս կան մտահոգ մարդիկ, որոնք կ՛օգնեն այդ գործընթացին:  Տարածք այցելած են` Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը, ոստիկանապետ Իգոր Գրիգորեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք: Հարցը քննարկուած է նաեւ անոնց հետ, որպէսզի յառաջիկային տարածքին տեղադրուին տեսախցիկներ: Կը Կարծեմ` ասիկա ոչ միայն զբօսաշրջիկներուն Արցախը ճանաչելի դարձնելու վայրերէն մէկն է, այլ նաեւ` մեր խորհրդանիշը, որուն հետ այսպէս վարուելու իրաւունք պարզապէս չունինք», նշած է Ռ. Ասկարեանը:

 ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդներն Ու Պատանիները Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Տօնին Առիթով Այցելեցին Ապրիլեան Պատերազմի Նահատակներու Ընտանիքներուն

Ապրիլ 7-ին` կիներու միամսեակին առիթով, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները այցելեցին հայրենիքի պաշտպանութեան, ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն: Միութեան անդամները շնորհաւորեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած մարտիկներուն կիներն ու մայրերը` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով անոնց:

Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով Արցախի պատանեկան միութեան անդամները շրջած են Ստեփանակերտ եւ Մարտունի քաղաքներու փողոցներուն մէջ եւ անցորդ կիներուն նուիրած են ծաղիկներ եւ իրենց ձեռքով պատրաստուած շնորհաւորական բացիկներ:

Փաթրիք Ֆիորին, Հելեն Սեկարան Եւ Այլ Երգիչներ Երեւանի Մէջ Հանդէս Պիտի Գան Ազնաւուրի 95-Ամեակին Նուիրուած Համերգով

Նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 95-ամեակին առիթով մայիս 26-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ մեծ համերգ մը պիտի իրականացուի:

«Քեզ համար, Հայաստա՛ն» խորագիրը կրող երեկոյի ընթացքին հանդէս պիտի գան համաշխարհային ճանաչում վայելող սիրուած ֆրանսացի երգիչներ` Փաթրիք Ֆիորին, Հելեն Սեկարան, Լէա Կաստելը, Սլիմանին, Քէյթ Ռայանը, Րաֆֆի Արտոն եւ ուրիշներ: Ֆրանսացի արուեստագէտներուն պիտի նուագակցի Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր երգահան Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ:

Երգիչները պիտի մեկնաբանեն ո՛չ միայն Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները, այլեւ` իրենց սեփական երգացանկէն: Պարային կամ այլ բեմադրութիւն պիտի չըլլայ: Բեմին վրայ պիտի տիրէ ազնաւուրեան ինքնատիպ մթնոլորտ: Երեկոյի ընթացքին կը նախատեսուին նաեւ այլ անակնկալներ:

Նշենք, որ այս մեծածաւալ նախաձեռնութիւնը պիտի իրականացնեն` «ArmCenter» ընկերութիւնը, Աննա Քարոլինա փրոտաքշընը եւ Ֆրանսայի «Շահպազեան» արտադրական կեդրոնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Գիւմրիի Մէջ` Հաշմանդամութիւն Ունեցողներու Աչքերով

«Ունիսոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը հաշմանդամութիւն ունեցողներու աչքերով» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուեցաւ  Գիւմրիի Հայորդաց տան մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան հաշմանդամութիւն ունեցողներու անհատական ստեղծագործութիւնները` գեղանկարներ, քանդակներ եւ այլն:

«Ունիսոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արմէն Ալավերդեանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ այս նախագիծի շրջանակներուն մէջ նմանատիպ ցուցահանդէս մը պիտի կայանայ նաեւ Երեւանի` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ` ապրիլ 16-20-ին: «Ներկայացուած աշխատանքները պիտի գնահատուին դատական կազմին կողմէ, իսկ լաւագոյն գործերուն, հեղինակները պիտի պարգեւատրուին: Հաղորդենք նաեւ, որ, չսահմանափակուելով Ցեղասպանութեան նիւթով եւ նպատակադրելով բացայայտել ապագայի մեր տեսլականը, կազմակերպուած է այլ մրցում մը, որուն մէջ նկատի առնուած են երեք բաժիններ` «Ցեղասպանութիւնը իմ աչքերով», «Մենք հաւասար ենք» եւ «Մատչելի Հայաստան» խորագիրներով, նշած է Արմէն Ալավերդեան:

Տեղեկացնենք, որ մրցոյթ-ցուցահանդէսին ներկայացուած է 15 արուեստագէտի 30-է աւելի ստեղծագործութիւն: Անոնք պիտի ներառուին նաեւ գրքոյկին մէջ, իսկ նախագիծը իրականութիւն դարձած է «Փարոս» հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Արամ Խաչատուրեանին Նուիրուած 15-րդ Միջազգային Մրցումին Պիտի Մասնակցին 12 Երկիրներէ 30 Դաշնակահարներ

Անուանի յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան օրը` 6 յունիսին, Երեւանի մէջ սկիզբ պիտի առնէ Արամ Խաչատուրեանին նուիրուած 15-րդ միջազգային մրցումը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի 12 երկիրներէ 30 երաժիշտներ: Այս մասին տեղեկացուցին «Արամ Խաչատուրեան-մրցոյթ» մշակութային հիմնարկէն:

Մասնակցողները պիտի ներկայացնեն` Հայաստանը, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Ֆրանսան, Իտալիան, Ճափոնը, Չինաստանը, Հարաւային Քորէան, Թայլանտը, Ռուսիան, Ղազախստանը եւ Ուքրանիան:

Արամ Խաչատուրեանի 15-րդ միջազգային մրցումի դատական կազմը պիտի նախագահէ աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ խմբավար Վահագն Պապեանը:

Նշենք, որ «Արամ Խաչատուրեանի միջազգային մրցոյթ» հիմնարկը Միջազգային երաժշտական մրցումներու համաշխարհային դաշնակցութեան (World Federation of International Music Competitions) անդամ է: Մրցումը պիտի իրականացուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, «Արամ Խաչատուրեան-մրցոյթ» մշակութային հիմնարկին միացեալ ջանքերով, իսկ ծրագիրին գործընկերներէն է նաեւ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան Մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնարկը:

«Մատենադարան-Գանձասար» Գիտական Մշակութային Կեդրոնը Պետական Պահպանութեան Տակ Առնուեցաւ

«Արցախփրէս»-ը կը հաղորդէ, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի կարգադրութեամբ, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի մասնաճիւղ «Մատենադարան-Գանձասար» գիտական մշակութային կեդրոնը պետական պահպանութեան տակ առնուեցաւ:

«Մատենադարան-Գանձասար» գիտական մշակութային կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Արամ Թորոսեանը յայտնեց, որ 8 ապրիլէն սկսեալ մասնաճիւղին հերթապահութիւնը Արցախի  ոստիկանութեան պետական պահպանութեան վարչութեան աշխատակիցները պիտի կատարեն:

«Մինչ այդ հսկողութիւնը տեսահսկումի միջոցով կը կատարուէր: Նախաձեռնութիւնը Մատենադարանի տնօրէնութեանն էր, որ նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ քննարկուած է: Արցախի ոստիկանութիւնը, գործակցելով Մարտակերտի շրջանային վարչակազմին հետ, բարձր մակարդակով հաստատած է հերթապահութիւնը», նշեց Ա. Թորոսեանը:

 

 

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր . Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ` «Սետր»-ի Խորհրդաժողովի Մասին Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?