Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան Մասնակցեցաւ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան 25-րդ Տարելիցին Նուիրուած Արարողութեան

April 9, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան մասնակցեցաւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան, այս մասին կը տեղեկացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:

Ձեռնարկին, որուն կը մասնակցէին քանի մը տասնեակ երկիրներու  ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, բացման խօսքով հանդէս եկան Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէն, Ափրիկեան միութեան յանձնաժողովի նախագահ Մուսա Ֆաքի Մահամատը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերը եւ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելը:

5 ապրիլին արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ներկայ գտնուեցաւ «Քուիպուքա 25» միջազգային համաժողովին` նուիրուած Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25-րդ տարելիցին: Համաժողովին յատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տիենկ, որ իր խօսքին սկիզբը ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար եւ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի նախագահող երկրի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը, կարեւոր նկատեց Երեւանի մէջ անցեալ տարուան դեկտեմբերին «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային հաւաքի կայացումը, որուն ընթացքին շեշտադրուեցաւ  կրթութեան դերը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հոլովոյթին մէջ:

Համաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի զրոյցը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տիենկի հետ:

Կողմերը ընդգծեցին ՄԱԿ-ի մէջ ցեղասպանութեան կանխարգիլման իրաւական ձեւաչափերու եւ մեքանիզմներու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ կրթութեան եւ յիշողութեան դերը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ:

Նշենք, որ 5 ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան այցելեց Ռուանտայի ցեղասպանութեան թանգարան եւ յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու յիշատակին:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Ծրագիրը

Յաջորդը

Հայաստան Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Իրան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.