Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 148. Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան Ներկայացուց «Ցեղային Քաղաքականութիւն, Միացեալ Նահանգները Եւ Հայերը» Նիւթը

Ապրիլ 5, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ թիւ 148-րդ լսարանը` «Ցեղային քաղաքականութիւնը, Միացեալ Նահանգները եւ հայերը» նիւթով, զոր ներկայացուց Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդի վարիչ տնօրէն` դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սիլվի Աբէլեանը, որ ծանօթացնելէ ետք դասախօսը, հրաւիրեց զայն նիւթը ներկայացնելու:

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը դասախօսութեան սկիզբը ըսաւ, որ նիւթը ունի պատմական հետաքրքրութիւն եւ արդիական հնչեղութիւն, իսկ նիւթի ընթացքին տրուած տեղեկութիւնները կարելի է այսօրուան քաղաքականութեան կամ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ տեսնել, միւս կողմէ հետաքրքրական է, որ այն, որ ինչ երէկ հայերուն պատահած է, այսօր մոռցուած է արդէն եւ նոյնութեամբ կը պատահի ուրիշ ժողովուրդներու` Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ապա դասախօսը սահիկներու միջոցով ցոյց տուաւ եւ օրինակներով բացատրեց, թէ ցեղի հարցը ի՛նչ հիմքեր ունի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Ան ըսաւ, որ հին, դասական աշխարհին մէջ ցեղի գաղափարը հիմնած էին ընտանիքի կամ ցեղախումբի գաղափարին վրայ: Տարբեր գոյներով ցեղերը երեւան եկած են առաջին անգամ 18-րդ դարու վերջաւորութեան գերմանացի  մարդաբան Պլումնպախի գործի մէջ: Ան առաջին անգամ կատարած է մարդկային ցեղի բաժանումը հինգ գոյներու: Ան ըսաւ, որ ցեղի հարցը սերտօրէն կապուած է լեզուի հարցին հետ: Սպիտակ ցեղը հիմնականին մէջ կը խօսի հնդեւրոպական լեզուն, որուն մէկ մեկուսացած ճիւղն է հայերէնը:

Վ. Մատթէոսեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հնդեւրոպական հայրենիքի գաղափարը ենթադրութիւն է, ոչ մէկ փաստ գոյութիւն ունի, որ հնդեւրոպական լեզուները խօսուած են այսինչ տեղը, ինչպէս որ շօշափելի փաստ գոյութիւն չունի, որ հնդեւրոպական լեզուն այսինչ ձեւով խօսուած է: Հնդեւրոպական հասկացողութիւնը զուտ լեզուաբանական հասկացողութիւն մըն է, գոյութիւն ունեցած չէ հնդեւրոպացիներու ժողովուրդ մը, այլ գոյութիւն ունեցած են հնդեւրոպական լեզու խօսող ժողովուրդներ:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներուն` դասախօսը ըսաւ, որ Ամերիկայի ժողովրդական հանրապետութիւնը չափուած եւ ձեւուած է առաջին հանրապետութեան ձեւին վրայ, որ Աթէնքն էր. ապա ան անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութեան առաջին օրէնքներու` տալով օրինակներ: Ան բացատրեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնիկապաշտութեան երեւոյթին մասին, որոնց թիրախները եղած են դեղինները եւ թուխ ճերմակները:

Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու որդեգրած օրէնքներուն` գաղթականներուն դէմ, մասնաւորաբար հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ապա խօսեցաւ խտրականութեան եւ հակահայ մոլեռանդութեան դէպքերու մասին` օրինակ տալով, թէ ինչպէ՛ս տարիներու ընթացքին հայերը դուրս մնացած են Ֆրեզնոյի մասնաւոր կազմակերպութիւններէ ու պետական պաշտօններէ:

Դոկտ. Մատթէոսեան յայտնեց, թէ ըստ, 1930-ին Ռիչըրտ Լափիէրի կատարած հարցախոյզի մեծամասնութեան, հայերը ժառանգականօրէն անպարկեշտ էին: Ան մէջբերեց նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի կատարած գրական անդրադարձները Ֆրեզնոյի հակահայ երեւոյթներուն մասին: Ապա  նշեց, թէ ինչպէս 1950-ական թուականներուն կը սկսի մաքրուիլ Ֆրեզնոյի հակահայ մթնոլորտը, եւ թէ ինչպէս Ֆրեզնոյի հայերը կը բարգաւաճին, կը տարածուին քաղաքին մէջ եւ առեւտրական ու երկրագործական գործունէութիւն կը ծաւալեն:

Դասախօսը յայտնեց, թէ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերը առաջին կարգի քաղաքացի են, եւ  նման հակահայ դէպքեր չեն յիշուիր հայերուն կողմէ:

Որպէս եզրակացութիւն ան  ըսաւ. «Նիւթը որոշ իմաստով ցոյց կու տայ, որ կարեւոր է պատմութիւնը ազգի մը համար. մեր այսօրուան քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային կեցուածքները պայմանաւորուած են մեր երէկուան ապրած կեանքով: Կարեւոր է, որ մարդ յիշէ իր անցեալը այն երկիրներուն մէջ, ուր ապրած է եւ կ՛ապրի: Եթէ անցեալին որպէս ազգ մեր կեանքին մէջ եղած են հակահայ երեւոյթներ, ատիկա չի նշանակեր, որ  մենք պէտք է թոյլ տանք, որ ուրիշներ կրեն այն նոյն վնասները, նոյն հալածանքները, զորս ժամանակ մը մենք կրած ենք»:

Ձեռնարկի աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Գերմանական Քաղաքներէ Մասնագէտներու Պատուիրակութեան Երկարատեւ Շրջագայութիւնը` Պուրճ Համուտի Մէջ

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?