Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Նիկոլ Աղբալեանի Դասախօսութիւնը

Նոյեմբեր 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային, հասարակական եւ մտաւորական կեանքը աշխուժ էր: Թատրոն, դասախօսութիւններ, կուսակցական եւ  աշխատաւորական ընկերակցութիւններու ժողովներ եւ այլն: Ստորեւ տրուածը նախարար Նիկոլ Աղբալեանի դասախօսութեան թղթակցութիւնն է Ռ. ստորագրութեամբ, «Յառաջ»-ի 16 դեկտեմբեր 1919-ի թիւին մէջ:

«Շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 1919-ին Հայաստանի խորհրդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրական ընկերութեան ութերորդ գրական երեկոն, ուր բանախօսն էր հանրային կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանը` նիւթ ունենալով «Դեմոկրատիկ (ժողովրդավարական, ՅՉ) դաստիարակութիւնը» (1):

Նիկոլ Աղբալեան եւ իր հիմնած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին համալսարանը

«Հասարակութեան մէջ,- սկսաւ դասախօսը, – մոլորութիւն մը կայ. կրթութիւն ըսելով` իսկոյն դպրոց կը հասկնան: Ներկայիս Հայաստանը ունի 1 միլիոն 100 հազար հայ ազգաբնակչութիւն, որուն 7 տոկոսը (շուրջ 77 հազար) ծծկան է, 126 հազարը դպրոցական տարիք ունի, 50 հազար դպրոցական կայ եւ 100 հազարը բոլորովին դպրոց չի յաճախեր: Ինչպէս ըսի, մոլորութիւն է կրթութիւն ըսելով` միայն դպրոց հասկնալ: Հին դարերուն դպրոց չկար, բայց մարդիկ սորված են. գրականութիւն, պատմութիւն եւ արհեստներ ստեղծած են, ինչպէս, օրինակ, հող մշակել, պարել, երգել եւ այլն:

«Մեր գիտցածին մէկ մասը բնատուր է, կը կրթուի, կը յղկուի դպրոցէն դուրս, միւսը` դուրսէն ձեռք կը բերուի, կեանքէն, համայնքէն: Դպրոցէն մեզի կը մնայ գրել-կարդալ եւ թուաբանական չորս գործողութիւն, այնուհետեւ այնտեղէն մենք ինչ-ինչ ցաք ու ցրիւ տեղեկութիւններ կը յիշենք, անհամակարգ ու ոչ ամբողջական: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը մտածէ, որ աւելին գիտէ, այդ ոչ թէ արդիւնք է դպրոցին, այլ` ընթերցանութեան:

«Դպրոցը միայն նոյնինքը կեանքն է: Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ըսելով` կը հասկնան դպրոցին մէջ. այս հասկացողութիւնը հիմնովին սխալ է. դպրոցին մէջ կը սորվին լեզուներ, որ բոլորովին ժամավաճառութիւն է, ինչպէս նաեւ` ուսողական գիտութիւններ, օրինակ` բնագիտութիւն, երկրաչափութիւն, քիմիագիտութիւն եւ այլն: Եթէ իրարու մօտ դնենք պարտիզպան մը, որսորդ մը, ձկնորս մը եւ աշակերտ մը, կը տեսնենք, որ առաջինները լաւ գիտեն իրենց գործը, իսկ աշակերտը ոչինչ գիտէ:

«Դասախօսը իւրայատուկ, ինքնատիպ վերլուծումով մանրամասն եւ փաստացի կերպով ապացուցեց ներկայ միջնակարգ դպրոցներու հակամանկավարժական, հակահոգեբանական դրութիւնը եւ ըսաւ, որ հիմնովին պիտի փոխէ` ժողովրդավար հիմունքներու վրայ դնելով զայն:

«Իսկ գալով բարձրագոյն կրթութեան կամ կրթական բարձր հիմնարկութիւններուն` ըսաւ, որ համալսարան ըսելով` կը հասկցուի վայր մը, ուր պէտք է գիտնականներ պատրաստուին: Դուրս կու գան բժիշկներ, փաստաբաններ, բայց ի՞նչ գիտեն անոնք, գրեթէ ոչինչ, մինչեւ որ փաստաբանը նոյնքան տարի չանցընէ կեանքի մէջ, որքան` դպրոցական կեանքին, ան բնաւ օգտակար չի կրնար ըլլալ. նոյնպէս` բժիշկը, որ մինչեւ հարիւրաւորներ չմեռցնէ, անկարող է հանրութեան օգտակար դառնալ: Համալսարան մտնող երիտասարդները առնուազն 20 տարեկանը անց են, անոնք երբեք չեն կրնար 40 վայրկեան անդադար (կեդրոնանալ) մտիկ ընել, իսկ միջնակարգ դպրոցներուն մէջ աշակերտին կը բանտարկեն 6 ժամ եւ կը ստիպեն, որ ան մտիկ ընէ, բան սորվի: Ասոր համար է, որ երեխային ինքնապաշտպանութեան բնազդը կը ստիպէ, որ մտիկ չընէ եւ կամ ձեւացնէ, որ մտիկ կ՛ընէ:

«Սերտողութիւնը նոյնպէս հակամանկավարժական է, աշակերտին կը ստիպեն այս կամ այն դասը սորվիլ, այս կամ այն օրուան համար. անոնք ստիպուած են գոց սորվիլ, ի հարկէ, ուսուցիչն ալ մարդ է, ան կ՛ուրախանայ, երբ աշակերտը դասը գոց կ՛արտասանէ: Քանի որ այդ բոլոր մեթոտները ոչ մէկ տրամաբանական եւ հոգեբանական կապ ունին, անոր համար աշակերտին հոգիին հարազատ չեն:

«Դպրոցը չ՛ընթանար կեանքին հետ` այլ անոր դէմ. որովհետեւ դպրոցի դրութիւնը, կամ անոր կանոնները ստեղծողները իմաստակութեամբ կը կարծեն, որ իրենք աւելի խելացի են, քան` բնութիւնը, կեանքը: Դասախօսը բացարձակապէս դէմ արտայայտուեցաւ նաեւ թուանշանի (նիշերու) դրութեան, որ բացի վնասէն` մազաչափ մը օգտակարութիւն չի ներկայացներ:

«Սակայն այս դրութեան արդիւնքը այն է, որ 7-17 տարի եւ մինչեւ համալսարան մտնելն ու աւարտելը, զաւակները միայն կը սպառեն իրենց ծնողներուն հարստութիւնը` առանց մասնակցելու անոնց աշխատանքին, եւ կը ներկայացնեն ձրիակերներու հսկայ բանակ մը:

«Դպրոցական երեխաները աշխատանքին կը խորթանան, չեն օգներ իրենց ծնողներուն առտնին կեանքին մէջ` այդ համարելով ամօթ կամ ոչ վայել դպրոցականին համար, որուն պատճառով աշակերտներուն մէջ կը զարգանայ ազնուականութիւնը եւ դատարկապորտութիւնը:

Նիկոլ Աղբալեանի դասախօսութիւնը, «Յառաջ» օրաթերթ, 16 դեկտեմբեր 1919:

«Սխալ դրութեան պատճառով սերունդները այնպէս կրթուած ու դաստիարակուած են, որ աշխատանքի մէջ կեանք չեն տեսներ, այլ` անկէ դուրս:

«Բանախօսը այստեղ կարճ ակնարկով ներկայացուց միջին եւ վերածննդեան դարերու կրթութեան եւ դաստիարակութեան սխալ ըմբռնումը եւ զարգացնելով` հասաւ մինչեւ մեր օրերը ու եզրակացուց, որ ինչպէս առաջ, այնպէս ալ ներկայիս կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը տրուի սերունդներուն միայն ներդաշնակութեան համար, մինչ նպատակը պէտք է ըլլայ ազնուացնել (հասարակութիւնը), դիւրացնել (խթանել) հանրօգուտ բարիքները. անհրաժեշտ է փոխել ներկայ տիրող կրթութեան դրութիւնները եւ կցել (զանոնք) արհեստանոցներուն ու ագարակներուն, դպրոցներուն մէջ մտցնել երգ, պար եւ մարմնակրթութիւն, բայց` ոչ տիրող դրութիւններով: Գալով բարոյականին` աշակերտին պէտք է սորվեցնել բարեւելու, վարուելու եւ դէպի ուրիշը յարգելու կերպը:

«Օտար լեզուներու փոխարէն` պէտք է զարգացնել եւ աւանդել մեր գրականութիւնը, իսկ ինչ կը վերաբերի միւս գիտութիւններուն, անոնք պէտք է աւանդուին ընթերցանութեան միջոցով, զրոյցով (ոչ գոց սորվելով, ՅՉ): Այսպիսով, միտքը աւելի կը զարգանայ: Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ զարգացած միտքը. այդ կը նշանակէ կեանքի խնդիրները դնել եւ լուծել. Կան համալսարանականներ, որոնք զարգացած չեն, բայց կան (անուս) գիւղացիներ, որ շատ զարգացած են, որովհետեւ անոնք աշխատանքին կը միացնեն մտաւորը, անոնք զիրար չեն հակասեր, այլ կը զարգանան զուգընթացաբար: Եթէ այսպէս ըլլայ, այն ժամանակ դպրոցական ծրագիրներն ու դասագիրքերը կը փոխուին:

«Դպրոցին կից պէտք է ըլլան բաղնիք, պահեստ, պարտէզ, արհեստանոցներ եւ այլն:

«Ամփոփելով իր դասախօսութիւնը` բանախօսը ըսաւ, որ կրթութեան նպատակը պէտք է ըլլայ արդիւնաբերական հնարաւորութիւնը զարգացնել: Ուսումը պէտք է ստորադասուի տնտեսութեան:

«Բանախօսութենէն ետք հերթապահ անդամ ընկ. Ա. Արեզեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում»:

Ռ.»

Աղբալեանի հիմնական մտահոգութիւնը ուսանելի է այժմու Հայաստանի մէջ: Կրթութիւնը, գիտութեան եւ մշակութայինին կողքին, ուղղուած պէտք է ըլլայ աշակերտութիւնը դէպի կեանքի գործնական աշխատանքի ասպարէզ մղող, յատկապէս` հողագործութիւն եւ արհեստներ, ըստ պահանջի, որպէսզի անոնք կառչած մնան հողին`իբրեւ աշխատիլ սիրող եւ հայրենիքը զարգացնող ու ինքնաբաւ դարձնող քաղաքացիներ, եւ ոչ թէ` ուսման սիրոյն ուսանածներ:

24 հոկտեմբեր 2018

——————

(1) Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 69, 16 Դեկտեմբեր 1919, էջ 4:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի 2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտը

Յաջորդը

Երկինքին Մէջ Կրակ Կայ, Քրիստափո՛ր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?