Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միակ Ամբաստանեալը, Որ Անպարտ Էր

Մարտ 22, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Լիբանանի մէջ յայտարարուած ու սկզբունքով մեկնարկ առած փտածութեան դէմ պայքարը կը զբաղեցնէ երկրին քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական բոլոր շրջանակները:

Լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ յայտարարեց իր մօտեցումն ու կեցուածքը, ինչպէս նաեւ` այդ ուղղութեամբ որդեգրելիք քայլերը:

Այս շրջագիծին մէջ տեղական շրջանակներուն, մամուլին եւ յատկապէս լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ լուսարձակի տակ կ՛առնուի նախկին նախարար Շահէ Պարսումեանի պարագան, հաւանաբար` փտածութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ հետապնդումի ենթարկուած իբրեւ միակ օրինակը, որ սակայն իբրեւ այդպիսին` ձախող օրինակ է` նկատի ունենալով անոր անպարտ հռչակումը:

Մեկնելով «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու խմբագրութեան պատասխանատուութենէս, բնական էր, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններով ուսումնասիրէի այս հարցը` իմանալու համար անոր կապուած բոլոր իրողութիւնները, նոյնիսկ եթէ այդ աշխատանքը պիտի կատարուէր այդ դէպքէն 20 տարի ետք:

Պէտք է սակայն անկեղծ ըլլալ եւ ըսել, թէ միայն խմբագիրի պատասխանատուութիւնս չէ, որ զիս մղեց Շահէ Պարսումեանին թղթածրարը ուսումնասիրելու, այլ այդ բոլորը զիս կը հետաքրքրէին նաեւ այլ պատճառով:

Պատճառը այն էր, որ մեր տան մէջ Շահէ Պարսումեանի անձին նկատմամբ միշտ սէր եւ յարգանք եղած է: Թէեւ ազգականական կապեր չունինք, սակայն մեր տան մէջ բնակած է Թաթան` Շահէ Պարսումեանի ընտանիքին օգնականը, որ զայն զաւկի մը պէս սիրած է ու խնամած` անոր փոքր հասակէն:

Շահէ Պարսումեանի նախարարական տարիներուն, երբ տան մէջ հայրս տեղական լուրերուն կը հետեւէր, Թաթան միշտ կը համբուրէր պատկերասփիւռին պաստառը, երբ անոր վերաբերող լուր մը սփռուէր:

Իր կարգին, Պարսումեան կը գուրգուրար Թաթային եւ մնայուն կերպով կը հարցնէր անոր որպիսութիւնն ու կը հոգար անոր բժշկական կարիքները:

4 մարտ 1999-ի տխրահռչակ այդ օրը, երբ նախկին նախարար Շահէ Պարսումեան ձերբակալուեցաւ, իսկական ցնցում մը ապրեցաւ նաեւ Թաթան, որ օր մը իսկ չկասկածեցաւ անոր անպարտ ըլլալու իրականութեան եւ այն իրականութեան, թէ իր սիրելիին դէմ ամբաստանութիւնները անճիշդ են:

Շահէ Պարսումեանի մասին Թաթային վճիռը անփոփոխ էր. «Շահէն այնքան բարի է, որ մրջիւնի վրայ իսկ չի կրնար կոխել»:

Այս յիշատակները իրենց կարգին յաւելեալ մղում տուին ուսումնասիրելու եւ սերտելու օրին պատահած իրադարձութիւնները, որոնց մանրամասնութիւններուն ծանօթ չէի եւ տարիքի բերումով նաեւ չէի հասկցած զանոնք:

Առաջին քայլը որ առի, «Ազդակ»-ի արխիւն էր: 5 մարտ 1999-էն սկսեալ օրական դրութեամբ նախկին նախարար Շահէ Պարսումեանին լուրերը տեղ գտած են օրաթերթին մէջ` սկսելով անոր ձերբակալութենէն, հասնելով հարցաքննութեան հոլովոյթին ու արգելափակման վճիռին, ազատ արձակումին եւ հասնելով մինչեւ անոր անպարտ հռչակումը:

«Ազդակ»-ի անդրադարձը իր չափին մէջ բաւարարող էր, սակայն տեղեկութիւնները ճիշդ աղբիւրէն քաղելու հետաքրքրութիւնը կը մնար տիրական, հետեւաբար ուղղակի դիմեցի Շահէ Պարսումեանին` անկէ խնդրելով զրուցել իր պարագային մասին:

Շ. Պարսումեան ընդառաջեց, եւ հանդիպումը եղաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:

Զինք տեսած վայրկեանէս արդէն իսկ յստակ էր ինծի համար, որ ինք մտքէն իսկ չ՛անցըներ, թէ ես ո՛վ եմ: Այս մէկը շատ լաւ էր` առանց զգացական յաւելեալ ապրումներու` առարկայական կերպով զրուցելու իր պարագային, դիմագրաւած անարդարութեան եւ իր պարզած ներկայ վիճակին մասին:

Շատ ազնիւ, սրտբաց, բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին քաջաբար արտայայտուող անձնաւորութեան մը դիմաց կը գտնուէի:

Մեր զրոյցին ընթացքին Շ. Պարսումեան հաստատեց, որ իր ձերբակալութիւնը եւ արգելափակումը` 4 մարտ 1999-ին, քաղաքական որոշումով կատարուած է, եւ այդ մասին ներկայացուց հիմնաւորումներ, որոնց մանրամասնութիւններուն մէջ նուազագոյնը այս փուլին կարելի է չխորանալ: «Անշուշտ քաղաքական այս որոշումը գործադրելու համար օրին պատրուակ մը կը փնտռէին: Իսկ ինծի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնը այն էր, որ ես քարիւղի մնացուկ վաճառելու անուան տակ նաւթ վաճառած եմ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ մասին ցարդ ոչ մէկ փաստ ներկայացուած է, պարզապէս որովհետեւ նման բան չէ կատարուած:

Երբ ան իր անձին նկատմամբ գործուած անարդարութեան մասին կը խօսի, նաեւ ցաւով կը խօսի լիբանանահայութեան դիմագրաւած լուրջ հարցերուն, տագնապներուն եւ համայնքին արձանագրած վայրէջքին մասին` հաստատելով, որ փտածութեան պայքարի շրջագիծին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր փորձառութենէն մեկնելով` պէտք է մղուի փտածութեան դէմ պայքարին մէջ եւ հսկէ, որ այդ պայքարը զրպարտութիւններու հունին մէջ չկատարուի:

Այս մասին խօսելու ընթացքին ան կը շեշտէ, որ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին միշտ ենթակայ եղած է կուսակցութեան կեցուածքներուն եւ այդ տեսակէտներէն ոչ մէկ շեղում կատարած է: «Հետեւաբար նախարարութեան աշխատանքները կատարելու կողքին, իմ նպատակս եղած է իմ պատկանած կազմակերպութեանս շահերը ապահովել եւ պետական մարզին, սենտիքաներուն ու ֆետերասիոններուն մէջ ատակ հայերու նշանակում ապահովել:

«Ես միշտ անկեղծօրէն կ՛արտայայտուիմ եւ համոզուած եմ, որ լիբանանահայութիւնը հզօր համայնք է եւ անոր իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին: Իմ համոզումս այն էր, որ այս համայնքը միայն 4 տարին անգամ մը քուէարկութեան մասնակցող համայնք չէ, այլ մնայուն ներկայացուցչութիւն պէտք է ունենայ երկրին բոլոր մարզերուն մէջ, որպէսզի ապահովէ ե՛ւ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան զարգացումն ու բարգաւաճումը», շեշտեց ան:

Լիբանանեան շրջանակին մէջ համարկուած ըլլալով հանդերձ, հայկական իր ինքնութիւնը ամուր պահած ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շահէ Պարսումեան շեշտեց, որ շատ բնական էր իրեն համար այդպէս ըլլալ, որովհետեւ երկու հայկական վարժարան յաճախելէ ետք, աւարտած է «Ֆրանսական լիսէ»-ն, ուր անշուշտ պիտի ունենար լիբանանեան իր շրջանակը, եւ ապա, համալսարանին մէջ իրաւաբանութեան ճիւղը ուսանելու ընթացքին, այդ շրջանակը պիտի մեծնար:

Ան կը հաստատէ, որ իր ծնողքը միշտ հետեւած են իր ընթացքին եւ բնաւ չեն ուզած, որ իր կեանքի ընթացքը պատճառ դառնայ հայկական իր արմատներէն հեռանալու, հետեւաբար քաջալերած են զինք` անդամակցելու Զաւարեան աշակերտական միութեան եւ ապա մաս կազմելու ուսանողական միութեան, եւ այդպէս ալ ան յանձնառու մնացած է Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին եւ բոլոր որոշումներուն:

345 օր եւ 15 ժամ առանց ամբաստանագիրի արգելափակուած մնալէ ետք, Շահէ Պարսումեան ազատ արձակուած է 12 փետրուար 2000-ին:

Ան կը շեշտէ, որ 1999-ին իրեն պատահած այս տխուր դէպքը վնաս հասցուցած է իր իրաւաբանի ասպարէզին:

«Բայց եւ այնպէս, ինծի համար կարեւորն ու առաջնահերթը կը մնան արժանապատուութիւնս ու  լիբանանահայութեան վարքի պահպանումը, այլ խօսքով` լիբանանահայութեան արժանապատուութեան վերականգնումը», շեշտեց ան:

Լիբանանահայ գաղութին մասին, անոր դէմքին վրայ մտահոգութեան ու տագնապի գիծեր նկատելով, երբ հարցումով մը անդրադարձայ ներկայիս անոր ակնկալութիւններուն մասին, պատասխանը եղաւ յստակ ու վճռական. «Պաշտօնի ոչ մէկ ակնկալութիւն ունիմ: Ինծի համար միակ կարեւոր իմ եւ լիբանանահայութեան արժանապատուութեան վերականգնումն է, ինչպէս նաեւ` լիբանանահայութեան տրուած բոլոր իրաւունքներու վերագտնումն ու անոնց տէր կանգնիլը: Լիբանանահայութիւնը պէտք է հզօր մնայ»:

Շահէ Պարսումեանի անպարտ հռչակման լրատուութիւնը 2005-ի «Ազդակ»-ի թիւին մէջ

Մեր զրոյցը վերջ գտաւ այն եզրակացութեամբ, որ 16 օգոստոս 2005-ին, խորհրդարանը քուէարկեց ի նպաստ անոր անպարտ հռչակումին:

Նախքան իրարու հրաժեշտ տալը` ես բացայայտեցի իմ մասիս վերոնշեալ ճշմարտութիւնը եւ ըսի. «Իսկապէս կը ցաւիմ, որ արգելափակուած ժամանակաշրջանիդ կորսնցուցիր մայրդ, սակայն քեզ փոքր տարիքէս ճանչնալուս համար կրնամ հաստատել, որ դուն կորսնցուցիր նաեւ այլ հարազատ մը` անձ մը, որ քեզ իր զաւկին նման սիրած է ու խնամած»:

Ան անմիջապէս գիտցաւ, որ ես Թաթային մասին կը խօսիմ եւ իմացաւ մեր ունեցած անուղղակի, բայց սերտ ծանօթութեան մասին. հոն սկսաւ այլ տեսակի զրոյց մը`  թաց աչքերու ընդմէջէն արցունքներով արտասանուող զրոյց մը:

 

 

Նախորդը

Կը Վերանորոգուի Տիգրանակերտի Պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

Յաջորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?