Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Իրլանտայի պաշտպանութեան նախարար Փոլ Քիուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն 1982-էն ի վեր մաս կազմող իրլանտական զօրամասին գործունէութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը` ընդգծելով անոնց տունդարձի անհրաժեշտութիւնը:
Պու Սաապ հաստատեց, որ տեղահանուածներու տունդարձին առումով պէտք է միշտ շեշտուի ապահով եզրը` աւելցնելով, որ Լիբանան այլեւս տեղահանուածներուն բեռը կրելու եւ անոր հետեւանքները հանդուրժելու ի վիճակի չէ, ինչպէս նաեւ չի կրնար Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման սպասել:
Քիու Պու Սաապէն խնդրեց, որ Լիբանան քուէարկէ ի նպաստ Իրլանտային, որպէսզի ան 2021-2022 նստաշրջանին համար մաս կազմէ Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ երկիրներուն:
Այս մասին Պու Սաապ շեշտեց, թէ իր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ պահանջին դրականօրէն հակազդած է եւ արդէն իսկ Իրլանտան տեղեակ պահած է` այդ պահանջին ընդառաջելու իր որոշումին մասին:



