Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրավիճակը յուզող հարցերն ու նախարարութեան վերաբերող խնդիրներ:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Զբօսաշրջութեան Եւ Ճամբորդութեան Միջազգային Ցուցահանդէսին
Նախարար Կիտանեան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը կատարեց Զբօսաշրջութեան եւ ճամբորդութեան միջազգային ցուցահանդէսին` «Այ. Թի. ԷՄ. Պէյրութ»-ին, որ տեղի պիտի ունենայ 19-21 փետրուար 2020-ին` «Սիսայտ Արենա»-ի մէջ, կազմակերպութեամբ «Մէյս» ընկերութեան:
Իր խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ զբօսաշրջութեան մարզին` հաստատելով, որ այդ մարզը հոյակապ աշխատանք կը տանի եւ յեղափոխութիւն կը կատարէ` նկատի ունենալով անոր ապրած զարգացումներն ու անոր քաղած դրական արդիւնքները:
Նկատի ունենալով Ծոցի երկիրներուն կողմէ իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան գծով արգելքներու վերացումն ու եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան ուղղուելու թափը` նախարար Կիտանեան ակնկալեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին պարագային 2019-ն գերազանցէ 2010-ի արդիւնքները, որոնք Լիբանանի պատմութեան մէջ կը մնան տիրական:
Ան շեշտեց, որ իրեն համար աւելի լաւ արդիւնք արձանագրելը կը մնայ մարտահրաւէր:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ յառաջիկայ ապրիլին ինք պիտի յայտարարէ նախարարութեան ծրագիրը, որուն մէջ պիտի ներկայացուին արաբական, եւրոպական, ռուսական ու չինական շուկաներուն հետ գործակցելու եղանակը եւ պիտի ընդգծուին ներքին զբօաշրջութիւնը աշխուժացնելու մեթոտները:
«Այս բոլորին կողքին անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Զբօսաշրջութեան մարզի աշխուժացման խորհուրդի շուկայադրումին, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ուշադրութեան ապահովումին: Այս քայլերը պիտի առաջնորդեն դէպի զբօսաշրջական իւրայատուկ եղանակ», հաստատեց նախարար Կիտանեան:
Նախարարը շեշտեց, որ Զբօսաշրջութեան եւ ճամբորդութեան միջազգային ցուցահանդէսը Էլի եւ Ճէյսըն Ռըզքներու կողմէ անձնական նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը հովանաւորէ այդ ցուցահանդէսը, որովհետեւ կը հաւատայ, որ անիկա առիթ մը պիտի ըլլայ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը դէպի Լիբանան հրաւիրելու:




