Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու հարցը:
Հանդիպումէն ետք Քուպիչ շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումը եղած է շինիչ` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի աւելի յաճախակի հանդիպումներ ունենալ վարչապետին հետ:
Քուպիչ նշեց, որ Հարիրիի հետ իր հանդիպումը կը կատարուի Նիւ Եորքի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի գումարելիք նիստին նախօրեակին:
Ան նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են նաեւ այն ծրագիրները, որոնք կառավարութիւնը կը միտի գործադրել` իրականացնելու համար բարեկարգումները:
Քուպիչ յայտնեց նաեւ, որ քննարկած են «Պրիւքսել 3» խորհրդաժողովին արդիւնքները` ընդգծելով, որ պէտք է սուրիացի տեղահանուածներուն համար ապահովել կամովին կատարուող ապահով տունդարձ մը:
Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ զօրակցիլ տեղահանուածներու տունդարձին` միաժամանակ շարունակելով զանոնք հիւրընկալող ընկերութիւններուն օժանդակութիւն տրամադրել:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Հարիրի ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:



