Հայաստանի ներկայացուցիչ Անուշ Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի կռփամարտի 18-22 տարեկան դասակարգի ախոյեան, Վլատիքաքազի մէջ (Ռուսիա) իր աւարտին մօտեցող ախոյեանութեան ընթացքին:
51 քկ դասակարգին մէջ, ան իր մղած 3 ռաունտնոց պայքարին մէջ յաղթեց ռուս Կելուսիա Կալիեւային:
Գրիգորեան 2014-ին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ հանդիսացած էր աշխարհի երիտասարդական ախոյեան:
Իսկ 64 քկ դասակարգին մէջ, Անի Յովսէփեան տիրացաւ արծաթ մետալին` աւարտականին պարտութիւն մը կրելով ռուս Էքաթերինա Տիննիքէն:
Նախապէս, պրոնզ մետալի տիրացած էին Հրայր Շահվերդեան (60 քկ), Վախթանգ Յարութիւնեան (75 քկ) եւ Գէորգ Յովհաննիսեան (գերծանր կշիռք), որոնք պարտուած էին կիսաւարտականին:
Հայրենի կազմը Վլատիքաքազ մեկնած էր 10 կռփամարտիկներով:



