Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները փոփոխութիւն բերին պարագլուխի դիրքին մակարդակով:
Արարատ – Արմենիա 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ալաշկերտի դաշտէն, անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը (38 կէտով): Այսպիսով Վարդան Մինասեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` ձմեռնային արձակուրդէն ետք:
Մրցում մը նուազ կատարած Ալաշկերտ, որ նահանջեց երկրորդ, ունեցաւ 36 կէտ:
Նոյնքան կէտ ունեցաւ Փիւնիկ (3-րդ), որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Արցախին:
Բանանց, որ յաղթեց Արարատին (3-1), 34 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը:
Իսկ վերջին մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով` Գանձասար Կապանի եւ Շիրակի միջեւ:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ ախոյեանութիւնը 2 շաբթուան դադար մը կ՛առնէ` ազգային հաւաքականներու մրցումներուն պատճառով:



